ՉԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ ապրած Ֆրանց Քաֆքա իր յետ մահու հրատարակուած «Դատավարութիւնը» (The Trial) գիրքին մէջ հետեւեալ միտքը կ՚արտայայտէ. «Դատարանը՝ որուն կը հաւատաք, ձեր դէմ է»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ ապրած Ֆրանց Քաֆքա իր յետ մահու հրատարակուած «Դատավարութիւնը» (The Trial) գիրքին մէջ հետեւեալ միտքը կ՚արտայայտէ. «Դատարանը՝ որուն կը հաւատաք, ձեր դէմ է»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գրիգոր Նազիանզանցի՝ Գրիգոր Աստուածաբան. (329/330-389/390 թթ.), կ՚ըսէ.
«Ուրիշները մաքրասրբելու համար՝ հա՛րկ է որ մարդ նախ ինքզինք մաքրասրբէ, ուրիշները ուսուցանելու համար հա՛րկ է նախ ինք ըլլայ ուսեալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս դարեր շարունակ ենթարկուած է «հալածանք»ի, որովհետեւ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին թշնամին լաւապէս հասկցած է, որ Եկեղեցին հոգեւոր կեդրոն ըլլալու կողքին եւ գուցէ տեղ մը աւելի հայապահպանման, մշակոյթի եւ ինքնութեան կենսունակութեան աղբիւր եղած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոս (1763-1780 թթ.), կաթողիկոս ընտրուեցաւ հինգերորդ ժողովին։ Շամախեցի Յակոբ Կաթողիկոսին (Յակոբ Ե. Շամախեցի. 1759-1763 թթ.) վախճանումէն յետոյ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները ժողով գումարեցին կաթողիկոս ընտրելու համար, սակայն չկարողացան մէկ անգամէն ընտրել, քանի որ առաջարկուողներ շատ կային

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կարգալոյծ հռչակեց Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին դէմ պայքարի դուրս եկած Տ. Արամ Քահանան, սակայն, քահանան յետյայտարարութեան յայտնեց, որ մտադիր չէ հեռանալ եկեղեցիէն եւ հակառակ կարգալուծութեան՝ պնդեց, թէ կիրակի օր ինք պիտի պատարագէ:

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սահակ Պարթեւէն յետոյ (Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ. 387-439) կաթողիկոս կը դառնայ, թէեւ ո՛չ ձեռնադրութեամբ, Մեսրոպ Մաշտոց, որ սակայն վեց ամիս միայն կը վարէ իշխանութիւնը եւ կը վախճանի 17 փետրուար 439 թուականին Վաղարշապատի մէջ եւ կը թաղուի Օշական գիւղը՝ ուր եւ գերեզմանը մինչեւ այսօր ալ կայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դիմացս ունիմ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանը, որուն մէջ միութիւն բառը կը բացատրուի որպէս «համաձայնութիւն», «միացում» եւ «ընկերակցութիւն», իսկ որպէս բայ՝ միացնելը բացատրուած է «իրարու կցել», քով քովի բերել», «համախմբել» եւ «միաւորել» բառերով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները՝ որոնք երէց կամ առաջին թարգմանիչ՝ նախնաբար «մեկնիչ» անունով յայտնի են, աշխատեցան հայ գրականութիւնը ճոխացնել թարգմանական՝ մեկնողական եւ ինքնագիր գործերով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ժողովուրդը տակաւին չկրցաւ հասկնալ, որ երկիրի մը եւ կամ գաղութի մը «տէր»ը ո՛չ թէ անոր գլուխը գտնուող ղեկավարներն ու պատասխանատուներն են՝ այլ իրե՛նք են եւ եկեղեցին, դպրոցը, միութիւններն ու մնացած բոլորը ազգապատկան ըլլալով՝ նախ եւ առաջ իրենց կը պատկանին եւ ապա միւսներուն:
