ՄԱՄՈՆԱՅ ՄԸ ՇԱՄԱՆԴԱՂԻ ՄԷՋ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակ մը ետք սեփական փորձով սորվեցայ, որ ընկերութեան մէջ ինչ ըսելդ կարեւորութիւն մը չունի. կարեւորը ինչպէս ըսելդ է, որովհետեւ այդ «ինչպէս»ն է, որ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ եւ ո՛չ թէ «ինչ»ը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակ մը ետք սեփական փորձով սորվեցայ, որ ընկերութեան մէջ ինչ ըսելդ կարեւորութիւն մը չունի. կարեւորը ինչպէս ըսելդ է, որովհետեւ այդ «ինչպէս»ն է, որ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ եւ ո՛չ թէ «ինչ»ը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մա՛րդ ճշմարտութիւնը չտեսնելու չափ կոյր չի կրնար ըլլալ։ Արդարեւ, Յիսուս, բժշկուելու համար Իրեն դիմող կոյրերուն սապէս ըսաւ. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել։ Ըսին Անոր.- Այո՛ Տէր». (ՄԱՏԹ. Թ 28)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կար ժամանակ, մեր ազգին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլո՛ր կազմակերպութիւնները, մանաւանդ սփիւռքի տարածքին, լուրջ ձեւով կը հետաքրքրուէին հայերէն լեզուի դասաւանդութեամբ. եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք անցելի մամուլը, պիտի տեսնենք, թէ ամէ՛ն միութիւն, կազմակերպութիւն ու կուսակցութիւն ունէր մայրենի լեզուի դասընթացք մը, որովհետեւ առաջնահերթութիւն էր եւ լուրջ մտահոգութիւն ապագայ սերունդին հայերէն լեզուի գիտութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք «երբեք» մի՛ ըսեր. «Never say never»։
Կեանքը անակնկալներով լեցուն է եւ չենք գիտեր, որ քիչ յետոյ ի՛նչ պիտի պատահի։ Ուստի, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդ շատ բան կը ծրագրէ, շատ բաներ կ՚երեւակայէ, բայց անոնցմէ միայն մէկ մասը կ՚իրականանայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մօտաւորապէս կէս դար առաջ, խմբագիր-յօդուածագիր մը նեղանալով իր շրջապատի մարդոցմէ, իր սիւնակին մէջ գրի կ՚առնէ հետեւեալ տողը. «Հայը ի ծնէ խմբագիր է». իրականութեան մէջ հայը այսօր ամէ՛ն ինչ է: Իւրաքանչիւր հայ թէ՛ քաղաքագէտ, թէ՛ փիլիսոփայ է, թէ՛ խմբագիր եւ թէ քննադատ է. քիչ մը ամէ՛ն ինչ է հայը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւասարութեան բարձր գաղափարը կ՚ենթադրէ առիթներէ՝ բնութեան բարիքներէ օգտուիլ առանց խտրութեան, առանց թէականութեան եւ առանց յարաբերականութեան եւ համեմատականութեան։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ՝ ամէն անձ նոյն կերպով, նոյն չափով կրնայ օգտուիլ բնութեան շնորհներէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հասած է տեղ մը, որ այլեւս չե՛մ ուզեր լսել Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ, Սիամանթօ, Յովհաննէս Թումանեան, Գրիգոր Զօհրապ եւ այլ գրողներու անուններ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ հայ գրականութեան կաճառին մէջ շա՜տ շատ ուրիշ անուններ կան, արժանի յիշատակութեան, սակայն ճակատագրի բերած զաւեշտով հակառակ իրենց մտային հանճարին՝ շատերու համար կը մնան օտար ու անծանօթ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս զարգացման համար անհրաժե՛շտ է գործակցութիւնը ծնողներուն եւ դպրոցին։
Արդարեւ, կրթութիւնը կը սկսի մօր արգանդէն իսկ, կը զարգանայ ընտանիքին մէջ, կը կազմակերպուի դպրոցը՝ ուսուցիչներու առաջնորդութամբ եւ կը կատարելագործուի ընկերութեան մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ կան բառեր, որոնք նոյնը մնալով հանդերձ էապէս մեծ փոփոխութիւններ կը կրեն եւ այս փոփոխութիւնը կը կատարուի ժամանակի հաշուին. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, մեր ընկերութեան մէջ շատ օգտագործուող «նոր սերունդ» բառը, նկատի ունենալով որ իւրաքանչիւր նոր սերունդ դատապարտուած է հին սերունդ դառնալու՝ իր «նոր»ի տիտղոսը փոխանցելով զինք յաջորդողներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրտը կեդրո՛նն է այն թաքուն ուժին՝ որ կը կառավարէ մարդուս ամբողջ կեանքը, ամբողջ խորհուրդները, ամբողջ գաղափարները, ամբողջ զգացումները, ամբողջ կիրքը, ամբողջ կամքը։ Սիրտը՝ մարդուն գաղտնիքներով լեցուն աշխարհ մըն է՝ որուն մէջ պահուած ուժերը աւելի բուռն են քան մարդուս ծանօթ բնական աշխարհի ուժերը։