ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Բ.)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաջողութիւնը արտաքինէն աւելի ներքին բան մըն է. մարդ նախ պէտք է ինքն իր անձին հետ հաշտ ու խաղաղ պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի յաջողի յստակ տեսնել իր դէմը. հետեւաբար, յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը ներքին պատրաստուածութիւնն է. օրինակի համար, մեր օրերուն կը տեսնենք, թէ երիտասարդներ իրենց զիրենք «յաջող» կամ «անյաջող» նկատելու համար իրենց ստացած աշխատավարձերը որպէս չափանիշ կ՚ընդունին. հաւատացէ՛ք, որ 200 ստացողը 100 ստացողէն աւելի յաջող անձ մը չէ, որովհետեւ աշխատանքի մէջ կարեւոր է կեդրոնացումը եւ հաստատակամութիւնը. օրինակի համար, 200 ստացողը կրնայ անտարբեր վերաբերմունք մը ունենալ աշխատանքի նկատմամբ, սակայն 100 ստացողը բողոքելու փոխարէն կրնայ սորվիլ կեդրոնացումը տալ գործին, սորվիլ ու շատ աւելի յառաջանալ՝ քան երկրորդը: