ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ 2026-Ի ՕՐԱԿԱՐԳԸ
Եւ դարձեալ նոր տարիի մը ընդառաջ… Երկրագունդը արեւին շուրջ կը դառնայ յստակ ուղեծիրով մը. տարիները, ի՜նչ խօսք, դարերը կը սահին ու կ՚երթան, նոյնիսկ հազարամեակները։ Երկրագունդի ուղեծիրը թէեւ գրեթէ յստակ է արեւին շուրջ, սակայն, այդ շուրջպտոյտը մարդկութեան կամ աշխարհի պետութիւններուն, ազգերուն, ժողովուրդներու եւ հաւաքականութիւններուն համար միշտ կ՚ենթադրէ մակընթացութիւն ու տեղատուութիւն
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 118-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը կը շարունակէ ալեկոծեալ ովկիանոսի մէջ թիավարել՝ սաստիկ փոթորիկի պայմաններու ներքեւ։ Հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող երիցագոյն օրաթերթն ու Թուրքիոյ՝ նոյնպէս անընդհատ հրատարակուող հնագոյն օրաթերթը նոր տարի մը կը դիմաւորէ՝ մտահոգիչ պայմաններով։
Պետութիւններու ընթացքը կը նմանի տեղատուութեան եւ մակընթացութեան. յարատեւութիւնը, անշուշտ, չ՚ենթադրեր ուղիղ գիծ մը։ Վերելքի շրջանին այնպէս մը պիտի կուտակես, որ անկման փուլերուն կարողանաս դիմադրելու համար ծախսել՝ մինչեւ, որ իրադրութիւնը փոխուի, դարձեալ գան բարենպաստ ժամանակներ ու հնարաւորութիւն ստեղծեն նոր կուտակումներու։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մատնուած առկայ անելին մէջ չափազանց նշանակութիւն ունի հաղորդակցութիւնը։ Պոլսահայ հաւաքական կեանքը որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը հունաւորուի ընկերային ցանցերու բամբասանքներով եւ ազդեցութեան պայքարներով։
Օրացոյցն ու ժամացոյցը, ըստ էութեան, կարգապահութեան երկու հիմնական խորհրդանշան կը համարուին։ Նոր տարուայ իմաստին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ՞ ժամանակի սահմանումը։
Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։