Թրքահայ կեանք

ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ. ՎԱՂԸ՝ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

​Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վրայ, որու հիմնադրութեան 250-ամեայ յոբելեանը կը նշուի: Յոբելենական այս շրջանին, Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած, ամբողջութեամբ բարեզարդուած է՝ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ջանքերով:

Եկեղեցական

«ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆՆ Է ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀՈԳԵՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ»

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկուան միասնական աղօթքի ընթացքին հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ: 

Հոգեմտաւոր

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՊԻ ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստանի մէջ, 1964 թուականին, կը ստեղծուի «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէութիւն» մը, որուն նախագահութեան մաս կը կազմէին Սիլվա Կապուտիկեան, Վիկտոր Համբարձումեան, Վարդգէս Համազասպեան եւ այլ մտաւորականներ։