Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ պոլ­սա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան «Փե­լիթ» ծա­ղա­րա­նի սե­փա­կա­նա­տէր Սե­լա­հատ­տին Ա­յա­նի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Պոլիսէն եւ Ատըեամանէն 19 երախաներ երէկ մկրտուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն ու ծէսին համաձայն:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հաւաքական մկրտութեան հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ե­րե­ւան: Իր ա­նու­նը կրող կա­ռու­ցուող թա­ղա­մա­սի տան մէջ կամ ճա­շա­րա­նը յա­ճախ միա­սին ե­ղած էինք Վա­հագն Յով­նա­նեա­նի հետ: Ար­տա­կարգ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րուն հա­մար հայ­րե­նի­քը եւ ա­նոր կա­ռու­ցու­մը ո՛չ լու­սան­կար էին, ո՛չ ճառ, այլ՝ կեան­քի ա­րա­րում:

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Ներսէսեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը կը շարունակէ վառ պահել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կանթեղը:
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Մե­սե­չու­սե­ցի «Լես­լի» հա­մալ­սա­րա­նի «Լեն­տըր» ա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ վերջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նի ա­ւե­լի քան յի­սուն ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րու հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը: Ա­նոնց կար­գին էր ա­րուես­տա­գէտ Ա­րա Ա­զատ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Փա­րի­զի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ՝ Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն առ­ջեւ առ­կայ հիմ­նախն­դիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղով մը։ Ֆրան­սա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Սեպ­տեմ­բե­րի 8-ին նա­խա­տե­սուած խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն պի­տի շօ­շա­փուին Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ հար­ցե­րը պի­տի քննար­կուին այդ հա­մա­տես­քին մէջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս ձեռ­նար­կած է աշ­խա­տան­քի։ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր նո­րան­շա­նակ նա­խա­րա­րը ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ:
Երկու նախագահները կ՚ադրադառնան հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքին եւ հեռանկարներուն:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ե­մէ­նի Սա­ֆէր քա­ղա­քին մէջ, Ուր­բաթ օր, «Ան­սար Ալ­լահ»ի եւ Ա­լի Ապ­տալ­լա Սա­լէ­հի ու­ժե­րուն կող­մէ գրան­ցուած յար­ձա­կու­մը ծանր հա­րուած կը հաս­ցնէր շրջան հա­սած Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու եւ Պահ­րէյ­նի ու­ժե­րուն: Գրո­հին հե­տե­ւան­քով կը զոհուէին հա­րիւր­վեց զի­նուոր­ներ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

​Հաքքեարիի Տաղլըճա գաւառակէն երէկ երեկոյեան հասած լուրերը սուգի մատնեցին երկիրը:
ՓՔՔ-ի յարձակման պատճառով տասնհինգ նահատակ։ Թուրք զինեալ ուժերու ռազմաօդանաւերը դէպքէն անմիջապէս վերջ սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեցին ահաբեկչական լծակներուն դէմ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի խօսքով, տարբեր գործընթաց մը սկսած է։ Անգարայի մէջ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ անվտանգութեան գագաթաժողով։

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կրօն եւ բնու­թիւն՝ եր­կուքն ալ միեւ­նոյն ծնո­ղին զա­ւակ­ներն են, Հօր զա­ւակ­նե­րը, որ հա­ւա­տար­մու­թեամբ կը գոր­ծադ­րեն Ա­նոր կամ­քը եւ քա­նի որ նո՛յն Հօր որ­դի­ներն են, եր­բեք ի­րա­րու չեն հա­կա­ռա­կիր։ Ա­րուես­տա­կան կեր­պով, կրօ­նը եւ բնու­թիւ­նը հա­կադ­րել՝ նուա­զա­գոյն բա­ցատ­րու­թեամբ, ան­խո­հե­մու­թիւն է եւ սխա՛լ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րէն Յով­հան­նէս Սար­կա­ւագ Գալս­տեա­նը, որ Օ­գոս­տո­սի 11-ին գլու­խէն վի­րա­ւո­րուած էր սահ­մա­նին վրայ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուս մարմ­նա­կան - տկար աչ­քը ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը տես­նել կը կար­ծէ, բայց միա՛յն՝ կեղծ ու կար­ծե­ցեալ ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը։ Մարդ երբ ինքն իր­մով հպարտ է, այդ կը նշա­նա­կէ, որ ինք­զինք լաւ կամ բարձր վի­ճա­կի մէջ կը զգայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Ե­գիպ­տա­ցի մի­լիա­ռա­տէր Նա­կիպ Սա­վի­րիս դի­մած Է Ի­տա­լիոյ եւ Յու­նաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն այն ա­ռա­ջար­կով, թէ կ՚ու­զէ ա­նոնց­մէ գնել կղզի մը, որ­պէս­զի զայն յատ­կաց­նէ փախս­տա­կան­նե­րուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

«Պո­քօ Հա­րամ» զի­նեալ­նե­րու կա­տա­րած բռնու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով Նի­ժե­րիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նէն շուրջ 2 մի­լիոն հո­գի հար­կադ­րո­ւած է լքել ի­րենց տու­նե­րը: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, այս մա­սին յայ­տա­րա­րած են Գաղ­թա­կան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան բաժ­նի ղե­կա­վար Լե­ւոն Աւ­տո­յեան կը ներ­կա­յաց­նէ հայ գրքա­րուես­տի ա­ւան­դոյթ­նե­րը գրա­դա­րա­նի փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին: «Ար­մէնփ­րէս» կը տե­ղե­կանց­նէ վկա­յա­կո­չե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը, Աւ­տո­յեան «Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ» խո­րա­գրով դա­սա­խօ­սու­թիւ­ն մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, որ Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը, հա­մա­ձայն կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­նե­րուն, 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին պի­տի սկսին Սեպ­տեմ­բե­րի 15-ին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դը կը միա­նայ ա­նուա­նի ա­րուես­տա­գէտ ու Պեռ­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Շարլ Ազ­նա­ւու­րի այն կո­չին, որ կը վե­րա­բե­րէր Եւ­րո­պա ժա­մա­նող գաղ­թա­կան­նե­րը Ֆրան­սա­յի հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րուն եւ քա­ղաք­նե­րուն մէջ ըն­դու­նե­լու։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 24 Սեպ­տեմ­բե­րին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­մա­հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին փա­ռա­տօ­նի բա­ցու­մը։ Փա­ռա­տօ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 27-ը եւ նուի­րուած պի­տի ըլ­լայ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ. Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը 2-3 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Յու­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ա­թէն­քի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Քրիս­տո­նեայ-իս­լամ խա­ղաղ հա­մա­գո­յակ­ցու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէ ներս» խո­րագ­րեալ հա­մա­գու­մա­րի բաց­ման նիս­տին։ Այս առ­թիւ ան ար­տա­սա­նեց նաեւ իր խօս­քը։

Էջեր