Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախապէս մի քանի յօդուածներու մէջ խօսած ենք ուսուցիչի կարեւորութեան մասին, յստակ տարբերութիւն դնելով դասատուին եւ ուսուցիչին միջեւ. ուսուցիչի մը ազդեցութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ փոխել աշակերտի մը կեանքը, հեռանկարն ու նպատակները, ունին ուժը փոխելու աշակերտի հայեացքն ու իմաստաւորելու իրենց ձգտումները, ձգելով տպաւորութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն թէ՛ անձը եւ թէ ապագան:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2024

«Էջ Միածինն ի հօրէ» շարականն ու Հայրապետական մաղթանքը արտասովոր հնչեցին մայրավանքի համալիրէն ներս՝ հազարաւոր ուխտաւորներու աղօթակցութեամբ:
Ինքնութեան անառիկ միջնաբերդ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս. «Տէրունահաստատ Սուրբ Էջմիածինը Յիսուս Քրիստոսի պարգեւն է մեր ազգին»:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2024

Համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններով վերահաստատուեցաւ՝ որպէս ոսկէ խարիսխ սրբավայր, որ ազգային անդաստանի պայծառ փարոսն է եւ կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութեան ճանապարհ՝ բարօր գալիքի հաստատակամութեամբ եւ հոգեւոր արթնութեամբ:
Յոյս եւ վերյառնում:
Քրիստոնեայ Հայաստանի հոյակերտ վկան:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ուղղորդաբեր կամարներուն ներքեւ հաւատակերտ ժամանակներ:
Միւռոնօրհնութեան եւ վերաօծման փառաշուք հանդիսութիւնները համախմբեցին աշխարհի չորս ծագերէն հայոց ներկայացուցիչները, որոնք Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան արժանացան ու հաղորդ դարձան անոր միասնականութեան պատգամին: Մայր Աթոռի հայրապետական Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւն բերին նաեւ պետական աւագանիէն դէմքեր՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի: Նորին Սրբութիւնը նորահաստատ բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեց նախագծի բարերարները:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան կը պատարագէ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ ու վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ, որ երէկ առաւօտ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հայրապետական Ս. Պատարագով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2024

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն։ Այս առթիւ տղաքը երէկ համախմբուեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ գլխաւորութեամբ վարիչ Հրանդ Չիզմէճեանի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

Եւրոմիութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախօրէի վերջին պնդումներուն ու քննադատութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոմիութեան առաքելութեան եւ երկրի «ռազմականացման» վերաբերեալ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ առկայ են խնդիրներ, որոնք պէտք է փորձել վերացնել։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին». (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Զգալի է, թէ ներկայ դարուս մարդկութիւնը տարուած է ապագայով եւ հասած իր գագաթնակէտին, անշուշտ, այս կէտին կան բազմաթիւ սերտելի հանգամանքներ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Յաճախ ըսած ենք ու կը կրկնենք, որ մեր ազգին մէջ կան անուններ, որոնք հակառակ իրենց անձնուէր գործունէութեան՝ մնացած են շուքի տակ եւ երբեք չեն արժանացած այն պատիւին ու գնահատանքին՝ որուն արժանի են, այդ իսկ պատճառով ժամանակ առ ժամանակ, պիտի գրենք անոնց մասին, ոգեկոչելու անոնց անմահ յիշատակն ու մեծարելու այն գործունէութիւնը, որուն համար տիւ եւ գիշեր տքնած ու աշխատած են:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան մեր գրութեամբ կու գանք իր աւարտին հասցնելու Եղիազար Մուրատեանի մասին կատարած մեր ուսումնասիրութիւնը, ուր ներկայացուցինք անոր կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք անոր գրիչին արգասիքը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024

Համայն հայութեան սիրտը այս շաբաթավերջին կը տրոփէ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր այսօր տեղի կ՚ունենայ Միւռոնօրհնութիւն, իսկ վաղը կ՚օծուի ու պաշտամունքի կը վերաբացուի՝ ամենայն հայոց սրբութիւն սրբոց Մայր Տաճարը, որու ամրակայման երկարատեւ աշխատանքներու աւարտին ծնունդ առած է համազգային հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ: 
Պայծառ հորիզոններու յոյսը: 
Վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 25-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ՝ սրբութեան: 
Լոյսը կը սփռուի հայոց հաւատքի ընդհանրական լուսաբեւեռ կեդրոնին վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի միասնութեան խորհրդանշանն է սրբալոյս միւռոնը, որու նուիրական զօրութիւնը կը պայմանաւորուի խորհրդաւոր բաղադրութեամբ՝ պատմութեան, աւանդութեան, ժառանգութեան եւ քրիստոնէական եզակի վկայութեան խաչմերուկին, ուր կը բիւրեղանայ հաւատի արթնութեան նշանակութիւնը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կեդրոնանալով անցեալի արժէքներու վրայ, վերանայելով անոնց ստեղծման բաղադրիչները, կը դիւրանայ բացայայտել ճարտարապետութեան անցեալն ու հասկնալ ներշնչանքի աղբիւրները:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ազատութիւնը մարդկային արժանապատուութեան ստուգանիշն է, որ մարդս «բարոյական անձ» կ՚ընէ։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար, հա՛յրն է իր արարքներուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու գործունէութեան մէջ մեծ տեղ ունի Պոլիսը, թէեւ կը շարունակուի հարցական մնալ անոր դրական կամ ժխտական ազդեցութիւնը։ Կոմիտաս Վարդապետ եթէ Պոլիս չապրէր, գուցէ հոգեկան այդ հիւանդագին վիճակը չ՚ունենար. թէեւ իր ժողովուրդի զաւակներուն ցաւը խորապէս, անշուշտ, պիտի ազդէր, սակայն անմարդկային չարչարանքներու տեսարաններուն ականատես պիտի չըլլար:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը պիտի վերաօծուի՝ շաբաթավերջին նոր օրհնուելիք Սրբալոյս Միւռոնով, ինչ որ իւրայատուկ պիտի ըլլայ համայն հայութեան համար:
Հայոց սրբութիւն սրբոցի պաշտամունքի վերաբացումով պիտի բացուին դէպի երկինք ճանապարհորդութեան սրբազան դռները, որոնք հաւատացեալները կ՚առաջնորդեն Բարձրեալի հետ զրոյցի:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի պատուիրակութեան մաս կազմելով Նիւ Եորք մեկնած է՝ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար, շարք մը կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ՝ զանազան երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։

Էջեր