Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խա­չա­նի­շը՝ Քրիս­տո­սի կնի­քը կը դրոշ­մէ ա­նոր վրայ, որ Ի­րեն պի­տի պատ­կա­նի, ան նաեւ կը նշա­նա­կէ փրկու­թեան այն շնորհ­քը՝ զոր Քրիս­տոս մե­զի հա­մար ձեռք ձգեց Իր Խա­չով։
Նոր Ուխ­տին խո­րա­նը՝ Տի­րոջ Խաչն է, որ­մէ կը բխին զատ­կա­կան խոր­հուր­դին սուրբ խոր­հուրդ­նե­րը։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2024

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Հայուն պատմութիւնը տարածուած է քիչ մը ամէն տեղ: Այս տարածուած վիճակին մէջ հայը կերտած է մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ապագայապաշտութիւնը կամ ապագայականութիւնը (futurisme), թէեւ 20-րդ դարուն ծագած հասկացողութիւն մըն է եւ զայն առաւելապէս արուեստի եւ շինարարութեան մէջ ձեւ ու էութիւն ստացաւ, բայց ժամանակակից կեանքին հետ ապագայականութիւնը (ոչ իբրեւ տեսութիւն, դպրոց կամ նոյնիսկ դպրութիւն) արդիականութեան հետ հոմանիշութիւն մը ձեռք բերաւ եւ մարդկային ապրուստի, ոճի եւ մտածմունքի-մտածելակերպի ընդմէջէն կեղծ կամ իրական, այսպէս ըսած վաւերականութիւն ստացաւ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Փոքր ժամանակ բազմիցս կրկնեցին, որպէսզի հասկնանք. «փոքր ու մեծ մեղք գոյութիւն չունի. մեղքը մեղք է». այսպէս կամ այնպէս հասկցանք, որ մէկ հաւկիթ գողցողն ու ամբողջ հաւնոց մը յափշտակողը նոյնացնողը անոնց գող ըլլալն է. ի՜նչ փոյթ թէ Ջիւանին մէկ հաւ գողցողը «խեղճ» նկատելով «խելքի՛ աշեցէք» կը բարձրաձայնէր:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը խօլ արշաւ մը կը դիմագրաւէ՝ կուսակցական շրջանակներու «Նիկոլական» դարձած ըլլալու պնդումներով։ Եւրոպահայութեան լուրջ մարտահրաւէրը։ Սփիւռքեան մամուլի հաստատութենականացած կաղնիներէն մին գոյատեւման պայքար կը մղէ։  Թերթի խմբագրութիւնը հաշուեյարդարի՞ կ՚ենթարկուի որդեգրած գծին համար։ Անկախ լրատուամիջոցը՝ մանաւանդ այժմու ժամանակներուն կարծես անպիտան բան մը դարձած է հայոց համար։

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Եղիազար Մուրատեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր մասին կարծիքներ, նաեւ Ռեթէոս Պէրպէրեանի խօսած դամբանականը ներկայացուցինք:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Հանրակրթական դպրոցներու 8-րդ դասարանի պատմութեան նոր դասագրքին մէջ տեղ գտած է վիճայարոյց հատուած մը, ըստ որուն՝ 19-րդ դարասկիզբին Ռուսաստանը բռնակցած էր Արեւելեան Հայաստանը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Շարլ Ազնաւուրի շարժանկարի ճանապարհորդութիւնը յատուկ ծրագրով մը կ՚արժեւորուի Երեւանի կեդրոնին:
Գեղարուեստասէրները յետադարձ հայեացքով առասպելական երգիչը կը վերյիշեն՝ որպէս դերասան, որ աւելի քան 90 ժապաւէնի մէջ նկարահանուած է՝ միշտ յաւակնոտ որակով մարմնաւորելով կեանքի գեղեցկութիւնն ու բարդութիւնները:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան վերջին օրերուն այցելեց հարեւան Իրաք։ Բացի Պաղտատի մէջ կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելէ, Փեզեշքիան այցելեց նաեւ Հիւսիսային Իրաք, ուր քրտական ինքնավարութեան իշխանութիւնները եւս ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին իրեն վերաբերեալ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան դէպի Փեքին աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս տեսակցեցաւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար ծովակալ Տոնկ Եունի հետ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ընդունեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Մոսկուա-Փեքին յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով կը զարգանան բաւական յաջող։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Պլինքըն քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2024-2025 ուսումնական շրջանը։ Վերամուտի հանդէսի մթնոլորտը համազօր էր տօնախմբութեան:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Ողջունելի ձեռքբերում. Ռոպէր Քոփթաշ ընթերցասէրներու դատին կը յանձնէ իր անդրանիկ վէպը:
«İletişim» հրատարակչութենէն լոյս տեսած գործին մէջ հեղինակը կ՚արտայայտէ բազմաշերտ ու բարդ զգացումներ՝ կեդրոնանալով 20-րդ դարու իրադարձութիւններու ստուերին տակ ընտանիքի մը սերունդէ սերունդ կրած ապրումներուն վրայ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

Վեհ. Հայրապետին նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն:
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման պատրաստութիւնները ամփոփման փուլի մէջ են:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Օրերէ ի վեր դարձեալ անտրամադիր, քիչ մը յոգնածութիւն, քիչ մըն ալ ծուլութիւն, զիս նետած էին տանս մէկ անկիւնը, առանձնացած՝ սենեակէս ներս։ Այս, ա՛յն սենեակն է, որ Ամերիկան եւ ուրիշ շատ բաներ օրին արդէն դուրս ձգած էի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ճարտարապետութեան եւ զբօսաշրջութեան փոխյարաբերութիւններու մէջ կան փոխազդեցութիւններ: Զբօսաշրջութեան պահանջը կրնայ կրօնական շէնքերը վերածել պատկերասրահներու, խորհրդարանները՝ զբօսաշրջութեան վայրերու, երկնաքերերը՝ համայնապատկերային աշտարակներու կամ մասնաւոր բնակավայրերը՝ թանգարաններու:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Կէտադրութիւն»ը՝ գրաւոր խօսքի մէջ ընդունուած կարգ մը նշաններ են, որոնց միջոցով կ՚արտայայտուին խօսքի դադարները, ձայնի երեւէջները, կ՚անջատուին նախադասութեան տարբեր մասերը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աստուած մարդ արարածը իր ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը նկատեց եւ անոր տուաւ իր պատկերն ու շունչը. ամէ՛ն բան ստեղծեց մարդուն համար եւ մարդը որպէս գերագոյն ստեղծագործութիւնը անոնց վրայ պատասխանատու նշանակեց. սակայն այն բարձրութիւնը որ Աստուած տուաւ մարդուն՝ մարդը չկրցաւ տալ իր նմանին եւ որոշեց միւս ստեղծագործութիւնները աւելի բարձր նկատել՝ քան իր նմանը, որ ունէր նմանութիւնը նաեւ Աստուծոյ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2024

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն արաբերէնէ թարգմանաբար պիտի ներկայացնեմ սուրիացի բանաստեղծ Նիզար Քապանիի (21 մարտ 1923-30 ապրիլ 1998) մէկ բանաստեղծութիւնը, որ առաջին անգամ արտասանած է Պաղտատի մէջ, 1985-ին:

Էջեր