Արխիւ
Մայիսեան եռատօներու ներկայ շրջանին, Շուշիի ազատագրման տարեդարձին շարժառիթով, «Հարսանիք լեռներուն մէջ» խորագրեալ զինուորական ծրագիրը անցեալ շաբաթավերջին մասնաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցաւ Երեւանի «Մայր Հայաստան» թանգարանին, որ կը գործէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ։
Համացանցի վրայ սկսաւ գործել «Հայկական գորգ» անուանեալ կայքէջ մը։ Հայկական գորգարուեստի եւ անոր վառ նմոյշներուն վերաբերեալ համացանցային թանգարան մըն է այս մէկը։
Համաշխարհային քաղաքականութեան կաճառի դասախօսը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին:
Ըստ Փոլ Կոպըլի, Կովկասի մէջ Ռուսաստանի համար Վրաստանը ճանապարհ է, Հայաստանը՝ գործիք, իսկ Ատրպէյճանը՝ շահում:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։
Ամերիկացի պատմաբանը Իսթանպուլ այցելեց իր թրքերէնի թարգմանուած գիրքերու շնորհանդէսին առթիւ:
Փրոֆ. Ճասթին ՄաքՔարթի հրահրիչ պնդումներ օրակարգի վրայ բերաւ հայկական հարցին առընչութեամբ:
Տաճարական ասպետները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին 1915-ի նահատակներուն համար:
Աւելի քան տասը երկիրներու միաբանութեանց գերագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ:
Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները հերթական անգամ միջազային հետախուզութիւն յայտարարեցին թուրք գործարարի մը դէմ։ APA գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ 47-ամեայ Եըլտըրըմ Չաղլը կը մեղադրուի տուրքերը վճարելէ խուսափելով։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Ոստիկանութեան օրուան 97-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր նիստին։ Հարկ է նշել, որ այս հաւաքոյթը նախատեսուած էր աւելի առաջ, սակայն այս տարի բացառութեամբ յետաձգուեցաւ՝ 2015-ի ոգեկոչումներու մթնոլորտին մէջ։
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը շաբաթավերջին Ս. Աթոռին մօտ հիւրընկալեց Պաղեստինի ղեկավարը:
Մահմուտ Ապպաս Վատիկանի մէջ մասնակցեցաւ սրբադասման հանդիսաւոր արարողութեան:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կը ձգտին զանազան ոլորտներու ուղղութեամբ զարգացնել երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները:
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները՝ Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ առանձնազրոյց մը ունեցան Պաթումի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կորուստը, մարդկային կեանքին մէջ միշտ ցաւ կը պատճառէ։
Ինչ որ ալ ըլլայ կորսուածը՝ որեւէ առարկայ կամ ապրող էակ, հոգ կը պատճառէ մարդուն եւ կ՚ուզէ ժամ առաջ գտնել կորսուածը եւ վերստին տիրանալ անոր։ Բնական զգացում մըն է այս, եւ աստիճանաբար կը տեսնուի ամէն մարդու մէջ։ Կորուստը իրապէս ցա՛ւ կը պատճառէ։
Երէկ առաւօտ Գարակէօզեան վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ընտանեկան նախաճաշ մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Գարակէօզեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որու շրջագծով հաստատութեան բազմաթիւ շրջանաւարտներ համախմբուեցան նախաճաշի սեղաններու շուրջ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի երէկուան շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Այսպէս, երէկ յետմիջօրէին Տատեան վարժարանի պարտէզին մէջ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Շրջանաւարտից օրուան ներկայ գտնուեցան թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ իր ընկերները, Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արսէն Արշըք, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, կրթական մշակներ եւ յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։
Վարժարանի հիմնադրութեան 120-ամեայ յոբելեանին զուգադիպած շրջանաւարտից օրը ստեղծեց աննախընթաց խանդավառութիւն՝ սերունդներու մեծ տողանցքով:
Բաժակի պահուն Էսաեանի ընտանիքին անդամները տօնական տրամադրութեամբ կրկնեցին իրենց անփոփոխ մաղթանքը պատմական կրթօճախի յարատեւութեան համար:
Ֆրանսացի լրագրող Թոմաս Վալիւ անցեալ շաբթուան մէջ այց մը տուաւ Իսթանպուլ։ Իր կեցութեան օրերուն ան այցելեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը, ուր տեղեկութիւններ քաղեց թրքահայ համայնքային կեանքին, անոր առաջնահերթութիւններուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վերջին շրջանին կեանքի կոչուած բարեփոխումներու դրական արդիւնքին կապակցութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի քաղաքապետարանի վերանորոգեալ շէնքին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պաշտօնական ճառերէն վերջ, Էրտողանի գլխաւորութեամբ պատուոյ հիւրերը միասնաբար հատեցին վերանորոգեալ պատմական շէնքի մուտքին պարզուած խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ թոհուբոհին մէջ շաբաթավերջին ապրուեցան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը Սուրիոյ տարածքէն ներս իրականացուցին ցամաքային գործողութիւն մը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մօտ վերջերս տեղի ունեցաւ ատեանի նիստ։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան շարք մը հարցեր։
Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածքի նախարարաց հաւաք եւ Պոլոնիայի ֆորում:
Նիստերը սկսան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկեան Մերի Լենտ նահանգի «Քեմփ Տէյվիտ» աւանին մէջ գումարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Արաբական ծոցի երկիրներու միջեւ գագաթաժողովը: Քեմփ Տէյվիտի անունը մեզմէ շատերուն համար կարեւոր եւ պատմական հանգրուան մը կը յուշէ: