Արխիւ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) Հայաստանի անդամներու ժողովը: Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ առկայ բռնաճնշումներուն, տասն եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին եւ այդ մէկուն պառակտիչ հետեւանքներուն, Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիներուն:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը այս շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ AKM-ի մէջ։ Համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակի յոբելեանին ձօնուած այս ձեռարկին համար այժմէն ժամադրուած են գեղարուեստասէրները։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ համայնքային հինգ հաստատութիւններու վերաբերեալ գեղարուեստական ձեռնարկը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Այնպիսի խորքով եւ կատարեալութեամբ պատրաստուած ծրագիր մըն է այս մէկը, որ հինգ հաստատութիւններու պարագային համայնքէ ներս համատարած զգայնութիւնը արտայայտելու տեսակէտէ միջոցի մը վերածուած է
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ընկերաբանութեան տեսական առաքելութիւնը մարդկային հաւաքական կեանքի սերտումն է, եզրակացութիւններ ընելն ու լուծումներ գտնելը մարդկային հաւաքական խնդիրներուն: Ընկերաբանութեան գործադրական դաշտը մարդկային հաւաքական կեանքն է ու անոր բարելաւման համար տարուած գործունէութիւնը, բայց, դժուար է տեւաբար զայն տեսութիւններով մշակել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երազը միշտ գերհզօր է. պիտի գայ տեղ մը, ուր պիտի յոգնիս խօսելէ ու պէտք է բերանդ փակես, խօսիս միայն լռութեան ձայնով:
Մեր հաւաքական կեանքէն ներս տարբեր առումներով յարգելի տեղ ու դիրք գրաւած մեծ թիւով մարդոց հետ խօսած եմ այս քաղաքին մասին:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ներկայացուցինք Սիրան Սեզայի կենսագրութիւնը, անոր գործունէութեան անդրադարձանք, ինչպէս նաեւ տարբեր հեղինակներէ մի քանի գրութիւններ ներկայացուցինք:
Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճանըթըն Փաուէլի հետ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս»ի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեանի։ Կամաւորներու այս միաւորը վերջին շրջանին ձեւաւորուած է համայնքէն ներս՝ ընկերային զօրակցութեան հետամուտ։
Երէկ, Էսաեան վարժարանէն խումբ մը սաներ հիւրընկալուեցան Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Անցեալ ամիս մխիթարեանցիներ այցելած էին Էսաեան, իսկ երէկ էսաեանցիները փութացած էին փոխայցելութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը, զոր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկուան երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին փոխանցուեցաւ ժողովուրդին եւ որ թողարկուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ:
Մայրավանքի նուիրական տարածքը երէկ ժամեր շարունակ թնդաց հազարաւորներու «Վե-հա-փառ» վանկարկումներով: Միածնաէջ Մայր Տաճարը զօրակցութեան կոթողի մը վերածուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին համար, որ փութացած էր ծանր իրավիճակի մէջ հաւատարմութիւն յայտնելու՝ Ամենայն Հայոց Վեհաշնորհ Հայրապետին նկատմամբ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը բոլոր միջոցներուն կը դիմէ՝ տագնապը առանց պառակտման կասեցնելու եւ իր դէմ ոտնձգութիւններուն կուրծք տալու համար:
Աներեր եւ աներկիւղ:
Նորին Սրբութիւնը միշտ կը յիշեցնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համախմբող ձգողականութիւնը. «Մենք մէ՛կ ազգ ենք, մէ՛կ հայրենիք, մէ՛կ եկեղեցի»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը կը ջանայ պաղարիւն եւ հեռատես քայլերով յաղթահարել՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ առկայ հալածանքները:
«Պահպանենք մեր միաբանութիւնը, որով միայն կրնան զօրաւոր ըլլալ մեր պետութիւնը եւ եկեղեցին։ Մեր յորդորն է՝ ներկայ զգայուն կացութեան մէջ ցուցաբերել սթափութիւն եւ ըլլալ ողջախոհ»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակակից աշխարհը՝ իր արագութեամբ, փայլուն պաստառներով եւ անընդհատ շարժման մէջ գտնուող տեղեկատուական հոսքով, ստեղծած է այնպիսի միջավայր մը, ուր մարդը հազիւ կը մնայ ինքն իր հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ներկան կ՚ապրի՝ անցեալի յիշատակներով եւ ապագայի փափաքներով։ Եւ մարդ, անցեալի եւ ապագայի շրջանին միշտ, դարերու ընթացքին կը ձգտի ազատութեան եւ որուն անմիջապէս կը յաջորդէ անկախութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այն թուականներուն, երբ կինը լոկ որպէս տնային գործերու եւ զաւակներու խնամքի պատասխանատու կը նկատուէր, Մարի Պէյլէրեան կը բարձրաձայնէր, թէ կինը ի՛նք եւս տղամարդու կողքին պարտի աշխատիլ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան միջկառավարական տնտեսական խորհուրդի հերթական նիստը։ Սա յիշեալ յանձնաժողովի 24-րդ նիստն էր։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռատմիլա Շեքերինսքայան, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի Անգարա ուղեւորութիւնը վերջին օրերուն բնորոշեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Համայնքը շատ նուրբ եւ բարդ հաւասարակշռութիւններու մէջ է իր ընթացիկ կարիքները հոգալու առումով։
Երէկ, մեր համայնքի համակրելի մեներգիչներէն՝ պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Իզմիրի մէջ։ «Քոզմոս» օփերայի շուրջբոլորի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Արթիւր Պաղտասարեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ելոյթը։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը դէպի Անգարա ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին մէկտեղուեցաւ ԱՔ կուսակցութենէն խումբ մը երեսփոխանի հետ:
Նորին Ամենապատուութիւնը մայրաքաղաքի մէջ եռօրեայ բազմակողմանի շփումներուն ժամանակ արծարծեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգային հրատապ հարցերը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս յայտարարած է, որ Հայաստան կ՚ակնկալէ ԵՄ-ի աջակցութիւնը՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ խառնաձեւ (հիպրիտ) սպառնալիքներու դէմ պայքարելու համար: