Արխիւ
Թերթիս երէկուան թիւին մէջ, մեր աշխատակից Անուշ Թրուանցի ստորագրութեամբ հրատարակուած նիւթին մէջ, երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի լուսանկարին փոխարէն թեքնիք վրիպումով մը տեղ գտած էր երջանկայիշատակ Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի լուսանկարը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գրեթէ բոլորս կը ճանչնանք յոռետես մէկը։ Ան միշտ գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ սխալ ըլլալ եւ եթէ նոր գաղափար մը առաջարկէք, ան ձեզ կը յայտնէ հաւանական սարսափելի վիճակներու մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցին եւ ընտանիքը՝ երկու կարեւոր հաստատութիւններ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու, որպէս հոգեւոր եւ մարմնական կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ ազդակներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հիմա որ հոգեպէս պատրաստ ես ամուսնութեան, պէտք է լաւապէս հասկնաս, որ կեանքիդ մէջ մեծ փոփոխութիւն մը պիտի կատարուի եւ յետ այսու պիտի չապրիս այնպէս՝ ինչպէս կ՚ապրէին նախապէս:
Տարածաշրջանի երկիրներու հայութեան պարագային ալ զգալի կը դառնան ինքնութեան պահպանման հարցերը:
Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները անմիջականօրէն կ՚անդրադառնան հայ համայնքներու կենսակերպին վրայ:
Միջազգային լրահոսին մէջ երէկ լայն արձագանգ գտաւ Հենրի Քիսինճըրի մահը՝ 100 տարեկան հասակին։ Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղարներէն մին էր, 1973 թուականին իրեն շնորհուած էր Նոպելի խաղաղութեան մրցանակը։
Երեւան Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան համար անհրաժեշտ կը նկատէ Պաքուի անկեղծ ներգրաւումը:
Միրզոյեան Լաւրովի նկատառման յանձնեց Հայաստանի դիրքորոշումները՝ Ռուսաստանի քաղաքականութեան եւ քայլերուն շուրջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման ուղղեալ բանակցութիւնները երէկ շարունակուեցան՝ կողմերու ուղղակի շփումով։ Հայաստանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովն ու Ատրպէյճանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Աշնան մեղեդիներ» խորագրեալ գրական-երաժշտական հանդէս մը։ Նարինէ Վարդերեսեանի եւ Գայիանէ Ռեւազեանի մականին ներքեւ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Պէյօղլուի առկայ խնդրին շուրջ մեզի հետ բաժնեց իր մօտեցումները։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) փոխ-ատենապետ եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Պէյօղլուի պարագային ծագած հարցին մասին այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց հետեւեալը։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ Պէյօղլուի իրադարձութիւններուն շուրջ մեզի յայտնեց հետեւեալը։
Թրքահայ համայնքի հեղինակաւոր իրաւաբաններէն Սարօ Պենկլեան, որ միեւնոյն ժամանակ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան մաս կը կազմէ, այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի հետեւեալ խորհրդածութիւնները ըրաւ՝ Պէյօղլուի ընտրութիւններուն շուրջ արձակուած դատավճռին կապակցութեամբ։
Համայնքային շրջանակները շուարումի մատնուեցան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութենէն ամիսներ անց արձակուած դատավճռին պատճառով::
Ատենապետ Աքսել Թոփալեանի եւ ընկերներուն ի նպաստ ժողովրդական ամուր կամքը կը վիճարկուի՝ ընդվզեցուցիչ միջամտութիւններով:
Իսթանպուլի 12-րդ քաղաքացիական առաջին ատեանին երէկուան որոշումը կ՚ենթադրէ մասամբ չեղարկել քուէարկութեան արդիւնքը: Օրինական ճանապարհը բաց է վերաքննիչ դատարան դիմելու համար:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ դատական իշխանութիւններուն միջեւ յառաջացած տարակարծութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճեանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ այս առաւօտ բանակցութիւններու ձեռնարկեցին սահմանի վրայ, ինչ որ երկար ընդհատումէ մը վերջ առաջին ուղղակի շփումը կը նշանակէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։
Եգիպտոսէն ղպտի յայտնի գործարար Նակիպ Սավիրիսի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կեցութեան օրերուն ան այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գիրի ու մշակոյթի նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականները կը կարդացուին՝ պատմական յօդուածներու նման: Անոր հրապարակագրական ինքնահաստատումը կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին քանի մը տարուան ընթացքին հօրս, ազգականներուս եւ մէկ-երկու ընկերոջ հետ խօսելու ժամանակ երբ իրենց հարցնեմ հողամշակութեան մասին, գրեթէ բոլորէն նոյն պատասխանը կը լսէի. «Հողը կը շարունակէ իր բերքն ու բարիքը տալ, սակայն ժամանակները փոխուած են, հողէն եկած բերքն ու բարիքը արժեւորող չկայ այլեւս…»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օր մը հայր մը իր տղուն հետ ձուկ որսալու կ՚երթայ եւ որովհետեւ չեն կրնար ձուկ որսալ, հայրը կ՚ըսէ. «Մեր օրը ապարդիւն անցաւ. ժամանակ վատնեցինք»։ Մինչդեռ որդին. «Կեանքիս ամենէն ուրախ օրն էր, երբ հօրս հետ ձուկ որսալու գացինք», կ՚ըսէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պսակուելէ առաջ երիտասարդներուն մօտ կը տեսնենք խանդավառութիւն եւ պատրաստութեան լուրջ ընթացք մը, սակայն անոնք յաճախ կ՚անգիտանան, որ պսակադրութիւնը ֆիզիքական ու նիւթական պատրաստուածութենէ աւելի՝ կարեւոր հոգեկան պատրաստութիւն մը կը պահանջէ: