Արխիւ
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին քսան տարիներուն կարեւոր քայլեր առնուած են՝ փոքրամասնութեան հարցերու լուծման համար։
Հայ մարմնամարզական աշխարհը կը սգայ ֆութպոլի անմոռանալի առասպելներէն Նիքիթա Սիմոնեանի կորուստը։ Ան 100 տարեկան հասակին հեռացաւ կեանքէն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Երէկ, երկու նախագահները տեսակցեցան Եոհանեսպուրկի մէջ, ուր մասնակցեցան Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Հարաւային Ափրիկէի հիւրընկալմամբ։
Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ՝ հանգուցեալ Զաւէն Չիյտեմօղլուի յիշատակին ձօնուած ճատրակի մրցաշարք մը։ Երէկ, այս ձեռնարկը համախմբեց՝ զանազան տարիքային դասաւորումներէ 44 մարզիկ։
Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Գալֆաեան տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Զանազան լեզուներով արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի անգլերէն տարբերակի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Ձեռնարկը պատուեց ՄԱԿ-Ի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան։ Թերթիս բարեյիշատակ աւագ խմբագիր Մարտիրոս Գօչունեանի թոռնուհիին՝ Մոնա Խորոզեանի ներկայութիւնը բացառիկ իմաստ մը վերագրեց երեկոյթին։
Ժապաւէնի ներկայացումէն վերջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն. զրուցավարն էր Վարդան Ապտօ։
Կարգադիր յանձնախումբի անդամները յուշանուէրներ ստացան՝ առ ի երախտագիտութիւն իրենց նախանձախնդիր կազմակերպչական աշխատանքին։ Առաջնորդանի «Քավուքճեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին ջերմ զրոյցի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան երեսակներուն նկատմամբ
Շաբաթավերջին, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի բարեյիշատակ միաբաններէն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ եղած էր Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջին առաջնորդը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Պատարագիչն էր Արագածոտնի թեմի վարչական խորհուրդի ատենապետ Տ. Շնորհք Աբեղայ Պալոյեան, որ տուաւ օրուան քարոզը։
ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ
Հալէպի հայ դրացիներով բնակելի հինումաշ բակերուն մէջ ծնունդ առած սիրոյ կայծն ու սէրն է, որ այս անգամ նիւթ կը դառնայ Գէորգ Պետիկեանի նոր ստեղծագործութեան:
Երեւանի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ կը պահէ TRIPP նախագծի երեսակները։ Անգարա-Երեւան օրակարգի վրայ ալ սա առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հարիւր տոկոս միացումը երեւակայութեան ու կեանքին չկայ ու չի գար մեր բոլոր կեանքի ընթացքին, ինչքան կը ձգտինք անոր հասնիլ յուսահատօրէն: Պատանեկութիւնը, հաւանաբար, ամենաարդար տեղն է համոզումով կամ ոչ-համոզումով կերտելու՝ այդ երկուքին անհամատեղելիութեան անգիտակցային ջանքն ու անկատարութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՄՆ-Լիբանան յարաբերութիւններուն մէջ աննախընթաց լարուածութիւն՝ «Հիզպուլլահ»ի վերաբերեալ պահանջներուն բերումով։
Ուաշինկթըն-Պէյրութ առանցքին վրայ ստեղծուած իրավիճակը պայմանաւորուած է Թել Աւիւի ներգործութեամբ պայմանաւորուած հանգամաքներով։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Եդուարդ Պոյաճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը եւ անոր մասին մի քանի վկայութիւններ: Այսօր, պիտի ներկայացնենք Պոյաճեանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տէրունական աղօթքը», այսինքն՝ Տիրոջ աղօթքը կը նշանակէ, թէ «Հայր մեր» աղօթքը մեզի Տէր Յիսուսի կողմէ ուսուցուած եւ տրուած է։ Այս աղօթքին խօսքերով Միածին Որդին Իր Հօրը տուած խօսքերը մեզի կու տայ։ Ան մեր աղօթքին վարդապետն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս, ինչպէս բոլոր եկեղեցիները, նոյնպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւս իր պատմութեան ընթացքին նիւթական խնդիրներու շուրջ բախումներ ունեցած է։ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունելու առաջին իսկ օրերէն եղած են եկեղեցականներ, որոնք նոյն ձեւով փորձած են հոգեւոր զգացումները նիւթականի դիմաց շահագործել.
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան քահանայական ձեռնադրութիւն կատարեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Պատարագ մատոյց՝ առընթերակայութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը պատրաստուի այցելել Ֆրանսա։ Այսպէս, կը նախատեսուի, որ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւն մը շնորհէ Մարսէյլ։
Երէկ, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Գալֆաեան ուխտի հիմնադիր բարեյիշատակ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի եւ միաբանութեան վախճանեալ անդամուհիներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ՝ շաբաթավերջին քահանայ ձեռնադրուելիք երկու սարկաւագներու կոչման արարողութիւնը։
Արարատեան Հայրապետական թեմի հոգեւոր սպասաւորները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցականներուն յորդորեց՝ ազգի զաւակներու սրտին ամրապնդել յոյսն ու սէրը: