Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինքնասպան անձին զգացած «երջանկութիւն»ը իրականութեան մէջ հակասական զգացումներու ամբողջութիւնն է, որ անձին կու տայ ժամանակաւոր թեթեւութիւն, որովհետեւ ինքնասպանութիւնը կը սկսի թուիլ որպէս «փրկութեան» միջոց։
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յետաձգեց ներկայ շաբթուան տեւողութեան նախատեսուած դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութիւնը, որու շրջանակներէն ներս պիտի հիւրընկալուէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ենթարկուեցաւ վիրահատութեան մը։ Առաջին նախագահի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին կողմէ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ երաժշտական փառատօն մը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած ծրագիրը այս անգամ ձօնուած էր ֆրանսահայ անմոռանալի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին տասներորդ դասարանի աշակերտներէն Ինեսսա Եըլմազ, Հենա Տեմիրճի, Միքայէլ Յովհաննէսեան եւ Արի Սիվազլը, որ աւարտած է վարժարանը ու կը յաճախէ համալսարան, որոնց ուղեկցեցան ուսուցչուհիներ Ժպտուն Զուռնաճը եւ Լիանա Պենլի։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կիրակի ուշ երեկոյ էր, երբ հեռաձայնը կրկին խանգարեց սենեակիս լռութիւնը: Ըսեմ որ, ամբողջ օրուան ընթացքին, զատկուան շնորհաւորանքներու իրերայաջորդ զանգերը, տեսակ մը նոր գոյն բերած էին ապրումներուս:
Վատիկանի մէջ վաղը պիտի գումարուի Քոնքլաւը՝ ընտրելու համար Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր քահանայապետը։ Պապընտիր ժողովին 133 կարտինալ պիտի մասնակցի։
Հայկական գիտական աշխարհը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը. ոչ եւս է ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան։ 89 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան, որ մասնագիտութեամբ աստղաֆիզիքոս էր։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Երեւան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Էրտողան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ արդիւնաւէտ, ծաւալուն եւ անկեղծ զրոյց մը ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակցին հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անգարա-Վատիկան կապը էական գործօն մըն է Սուրիոյ քրիստոնեաներու ապագային տեսակէտէ:
Երկրի փոքրաթիւ հայութիւնը խորապէս ներգրաւուած է՝ տարածաշրջանի ազգագրա-մշակութային կառուցուածքին:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմին համար շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ խրախճանք մը, որու ընթացքին բացառիկ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եւ յանկարծ, կէս գիշերին, ֆէյսպուքի էջերուն վրայ Տիրամօր՝ Մարիամ Աստուածածինի գեղեցիկ նկարներ սկսան յայտնուիլ...
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Օրէնքի մասին Առակագիրը որեւէ մէկ բան կը գրէ՞:
Պատասխան. Այո՛, կը գրէ: Առակաց 28.7-րդ եւ 9-րդ համարներուն մէջ կը կարդանք. «Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է, բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ՚ամչցնէ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Օրացոյցը ցոյց կու տայ 23 յուլիս 1896, հինգշաբթի օրը։ Պոլսոյ հասարակութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Թաքսիմ թաղամասի վրայ, ուր Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան հարազատներու տեսլականով վերահաստատուած Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սոփիա (իմաստութիւն) մայրն է Պիստիսի (հաւատք), Էլպիսի (յոյս) եւ Ագապիի (սէր) աղջիկներուն։
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Առաքինի կինը իր ամուսնոյն պսակ է…», (ԱՌԱԿ. ԺԲ 4)։ Իրականին՝ կինը, որպէս եւ մայր, ընտանիքին եւ ապա ուրեմն ամբողջ ընկերութեան, հասարակութեան հաստատուն եւ ամուր սի՛ւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախորդ մեր յօդուածաշարքով խօսեցանք, թէ ինչպիսի՞ ազդակներ ու բացթողումներ պատանին կ՚առաջնորդեն ինքնասպանութեան, շեշտելով դժուարութեանց դիմաց ծնողքին եւ ուսուցիչներուն պարտաւորութիւններն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելու դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Սրտի խոր ցաւով իմացանք խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի մահուան գոյժը ու սոյն տողերը կը գրեմ մեր կորուստի ցաւը յայտնելու։
Մաէսթրօ Խորէնի մահը անփոխարինելի դատարկութիւն պիտի ձգէ ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմին, այլեւ՝ ողջ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ:
Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի շրջանին առթիւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ինչ որ ստեղծեց ոգեւոր մթնոլորտ՝ համախմբելով զանազան թաղերէ ուխտաւորներ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի երաժիշտ, խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան, որ անփոխարինելի վաստակ ներդրած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան աւանդոյթներու եւ ընդհանրապէս դպրոցի յարատեւութեան ճանապարհին։