Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յարաբերական» կը նշանակէ՝ համեմատական. վերաբերականութեան, առընչականութեան ենթակայ ըլլալ։ Գոյութիւն միայն որպէս առարկայ, կամ յարաբերաբար մտածող միտքի մը. երեւակայութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հասած է տեղ որ սկսած եմ ամչնալ հայ ըլլալէս, որովհետեւ այն հայութիւնը՝ որ սրսկուած է մեր արեան մէջ, տարբեր է այն հայութենէն, որ այսօր մեր դիմաց կը պարզուի: Այն հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը որ անցեալի մտաւորականներուն գործերուն մէջ կը տեսնէինք, կա՛մ առասպելներ են եւ կամ ահաւոր տերեւաթափութիւն մը ապրած է մեր ազգը:
Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ, առկայ մարդասիրական տագնապի մթնոլորտը շաբաթավերջին քիչ մը եւս խորացաւ Ատրպէյճանի հերթական տմարդի արարքով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Ատրպէյճանի նախագահի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքով ազատ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կը նախատեսուի հեռախօսազրոյց մը։ Իրականութեան մէջ, Էրտողան-Փութին շփումները այնքան յաճախակի էին, որ գրեթէ ընթացիկ բնոյթ ստացած էին, սակայն, վերջին շրջանին Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծուած մթնոլորտը անոնց դարձեալ տարբեր նշանակութիւն մը տալ սկսած է։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կանոնաւոր կերպով տեղի կ՚ունենան առանց տեսանելի յառաջընթացի եւ միջազգային դաշինքներու վերակազմաւորման ենթախորքին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յատկանշական բանաձեւում մը տուած է գործընթացին՝ ըսելով, որ բանակցութիւններու յաջողութեան նշանը անոնց շարունակութիւնն է։
Փեքինի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կ՚ընթանան ռազմավարական գործընկերութիւն մը հաստատելու ճանապարհին։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն այցելեց Չինաստան։
Մարզպետ. «Արցախահայութիւնը սովամահութեան մատնած Ատրպէյճանը կը խօսի համարկման մասին»:
Երեւանի օտարերկրեայ դիւանագէտները երէկ այցելեցին Կոռնիձոր, ուր կը սպասեն մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարները:
Երկագունդը մեծ խառնարան մըն է։ Անսահմանափակ զանազանութիւններու բեմահարթակն է երկիր մոլորակը։ Օդին ու ջուրին մէջ, նաեւ ցամաքի վրայ՝ ամէն իմաստով տեսակաւորութիւն կը տիրէ ամէնուրեք։ Աշխարհի վրայ տարբերութիւններու հիմնական կրողներէն մին է նաեւ մարդը, որ բնութեան արարչագործութեան վառ դրսեւորումն է, գագաթը, միանշանակ։
Համահայկական 8-րդ խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ խումբի դէպի Հայաստան ուղեւորութեան բոլոր կարգադրութիւնները գրեթէ կատարուած են։ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբին կողմէ գործընթացը յառաջ տարուած է ամենայն լրջութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի մեծ աւազանին վրայ բացուած հայագաղութներու հարցը կը շարունակէ մնալ ծանր։
Սուրիոյ պատերազմով, ապա Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանրագոյն տագնապով գոյաւորուած դրութիւնը «դանդաղ մահ» վիճակի մը կրնայ տանիլ հայկական գաղութները։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 5.1-10:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 6.18-7.11:
Մատթէոսի Աւետարանէն 19.3-12:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդ եղէգ մըն է բնութեան մէջ՝ ամենէն տկարը բայց մտածո՛ղ»։ Այսպէս կ՚ըսէ Blaise Pascal (1623-1662թթ.) ֆրանսացի անուանի գիտնական եւ իմաստասէրը։ Արդարեւ, մարդ, իր բնութեամբ տկար արարած մըն է եւ նոյնքան՝ տոկուն եւ դիմացկուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Զ.- Քաթիպայի թուքը այս անգամ կը հասնի բոլոր ճարտարասացներուն եւ քարոզիչներուն, որոնք բեմ դուրս գալով Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած խօսելու շնորհքը ի գործ կը դնեն, սակայն այդ մէկը չեն ծառայացներ իրենց հայրենիքի բարօրութեան:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ դարձեալ Տիթրոյիթ էի: Շաբաթ կէսօրէ ետք մըն էր, Ս. Սարգիս եկեղեցի: Հաւաքուած ենք: Եկած ենք ընտանեօք, եղբօրորդի-սանուկիս պսակ-հարսանիքին ներկայ գտնուելու:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբ մարդկութիւնը սկսաւ միասին ապրիլ ու կազմեցին հաւաքականութիւններ, անհատներու կամ մարդոց գործողութիւնները միշտ կարեւոր դարձաւ տուեալ հաւաքականութեան միւս անդամներուն համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Est modus in rebus». Ամէն բանի մէջ չափ կայ։ Այսպէս կ՚ըսէ հռոմէացի բանաստեղծ Որատիոս (Ովրատիոս) Ֆլակքոս. (Ք.Ա. 65-8)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գ.- Քաթիպա իր երրորդ թուքը կը նուիրէ բոլոր անոնց, որոնք ի վերուստ՝ Աստուծոյ կողմէ շնորհքներու արժանացած են, սակայն իրենց այդ շնորհքները ո՛չ մէկ ձեւով հայրենիքը զարգացնելու չեն ծառայեցներ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Մոսկուայի արձագանգը կամ պատասխանը Էրտողանի յայտարարութեան, թէ ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան Արցախէն համաձայնուած ժամկէտի աւարտին, անմիջական չէր: Քանի մը օր պէտք էր սպասել, որպէսզի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը արձագանգէր:
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշարման տակ պահել Արցախը, ուր մարդասիրական տագնապը կը խորանայ։ Առկայ ողբերգական իրավիճակին մէջ Հայաստանէն դէպի Արցախ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնն ալ տեղ հասցնել հնարաւոր չ՚ըլլար։