Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մոխրագոյն ամպեր դարձեալ կուտակուած են Արցախի երկինքին վերեւ։ Ինչ-ինչ աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւններով Պաքու մարդասիրական տագնապ մը «յառաջացնելէ» ետք՝ ռազմական գործողութիւններով թիրախաւորեց Արցախի բնակավայրերէն Փառուխն ու Խրամորթը։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1962 թուականին Խորհրդային Հայաստանի պետական հրատարակչութիւնը՝ «Հայպետհրատ»ը լոյս կ՚ընծայէ արեւմտահայ գրող, հասարակական գործիչ Տիգրան Չէօկիւրեանի (1884-1915) «Վանքը (Վարդապետի մը օրագիրը)» խորագրով գիրքը: Այս գիրքը առաջին անգամ տպուած է Պոլիս, 1914-ին, իսկ յետոյ Չէօկիւրեանի «Հերոսը» գործին հետ լոյս տեսած է Փարիզ, 1933-ին՝ «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշարով:

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհի վիճակը այսօր, անկասկած, բարդ է եւ անկայուն: Բայց փիլիսոփայութիւնը կրնայ երիտասարդները քաջալերել՝ կառչելու համար իրենց նպատակներուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախկին փորձառութիւնները բաւարար չեղաւ կարծես լաւապէս հասկնալու եւ ըմբռնելու համար, որ թուղթէ շերեփով չե՛նք կրցած, չկրցանք եւ հաւանաբար յառաջիկայ փորձերուն մէջ եւս չկարենանք վերցնել ա՛յն մասնաբաժինը, որուն դարաւոր երազողները դարձած ենք: Չենք կրցած հասկնալ, որ իրաւունքը ո՛չ թէ կը մուրան, այլ կը պահանջեն եւ ի հարկին՝ ձեռք կը բերենք ամէ՛ն տեսակ զոհողութիւններով:

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշին շնորհուեցաւ Ս. Աթոռի բարձրաստիճան պետական շքանշաններէն մին։ Առաքելական պալատէն ներս կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկի մը ընթացքին այդ շքանշանը դեսպան Կէօքթաշին յանձնուեցաւ՝ Վատիկանի փոխ-վարչապետ Էտկար Փենա Փարրա Արքեպիսկոպոսին կողմէ։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը ձօնուած էր «Սունդուկեան» թատրոնի 100-ամեայ յոբելեանին:
Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած տարեկան պարգեւատրումը:

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Թուրքիա կը շարունակէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ խտացեալ ջանքեր գործադրել՝ ապահովելու համար հրադադարը եւ կասեցնելու համար առկայ մարդասիրական ողբերգութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

Արցախէ ներս ստեղծուած մտահոգիչ կացութիւնը կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարը խախտելով ներխուժած են շփման գիծէն ներս։ Անոնք վերահսկողութեան տակ առած են այնպիսի տարածքներ, որոնք 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարով կը գտնուէին ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ։

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2022

Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի կազմութեան երկրորդ տարեդարձին ձօնուած հաւաքոյթ մը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ռուսաստան-Ուքրայնա տագնապի առաջին իսկ օրերէն սկսաւ խօսուիլ եւ գրուիլ Ուքրայնայի նախագահին մասին, որ կատակերգակ (ըստ ոմանց՝ խեղկատակ) դերասան մը եղած է: Այս առիթով նոյնպէս հրապարակուեցան անունները յայտնի դերասաններու, որոնք փորձած են քաղաքական ասպարէզի մէջ դերակատար ըլլալ (առիւծի բաժինը անշուշտ՝ Միացեալ Նահանգներուն)՝ թէ ո՞ր ասպարէզին մէջ անոնք աւելի յաջող եղած են, ժամանակը ցոյց տուած է:

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ պետութիւններ մարդոց նման բախտի բերմամբ եւ կամ պատահմամբ չէ՛ որ կը հարստանան կամ կը զօրանան. այդ մէկը կը պահանջէ դիւանագիտութիւն, նուիրում, ներդրում եւ աշխատանք: Այնպէս ինչպէս անհատէ մը մնացած ժառանգութիւնը չշահարկելու պարագային կը նուազի այդ հարստութիւնը, նոյնն է նաեւ պետութիւններու պարագային, որոնք պարտին առանց անցեալի «ուժ»երուն վստահելու շարունակ զօրանալ ու բարգաւաճիլ:

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մոսկուա ռազմավարութիւն փոխած է՝ Քիեւի համար կրնայ սպասել «ժամանակ շահելու» համար մեծ քաղաքներու հիւծման համայնապատկերին վրայ, մինչ մարդասիրական առկայ ծանր վիճակը շատ սուղ պիտի արժէ իրեն համար: Պատերազմէն վերջ պիտի սկսի Եւրոպայի «քայքայման» փուլը, որովհետեւ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու հետեւանքներէն պիտի ազդուի առաւել չափով: Հիմնական շահողները պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը: Արեւմուտքը երկար ժամանակ «թշնամի» պիտի պահէ ռուսական կողմը, որ իր ներուժով պիտի վերականգնուի, սակայն «ես»երէն անդին պիտի փորձէ օգտուիլ Փեքինի նոր դերի բարձրացումէն:

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

1959-ը յատկանշական թուական մը եղաւ հալէպահայութեան համար։ Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի երգի պարի անսամպլը՝ ղեկավարութեամբ Թաթուլ Ալթունեանի,  պիտի այցելէր Հալէպ քաղաքը եւ հոգեզմայլ ելոյթներով հանդէս պիտի գար:

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց հինգերորդ կիրակին կը կոչուի Դատաւորի կիրակի։ Ղուկասու Աւետարանին մէջ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս առակ մը կը պատմէ Իր աշակերտներուն, որու պարունակութիւնը հետեւեալն է.
Այրի կին մը կար քաղաքի մը մէջ, որ իր շրջապատէն անիրաւուած էր։

 

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եսայի մարգարէին միջոցաւ Ամենակալն Աստուած Իր ժողովուրդին կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնար, վասնզի Ես քեզ փրկեցի, քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն Իմս ես» (Ես 43.1): Այս խօսքը սակայն, ո՛չ թէ միայն հրեայ ժողովուրդին ուղղուած էր այն ժամանակ, այլ՝ անոնց ընդմէջէն բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներուն:

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր ջանքեր կը գործադրէ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ղեկավարները մէկտեղելու համար։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

Երբ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ դարձեալ Ատրպէյճանի քայլերուն հետեւանքով տագնապալի վիճակ եւ լարուածութիւն, բախումներ եւ շփման գծի խախտումներ տեղի կ՚ունենան Արցախի մէջ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին ներքեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022

Պատրիարքարանի «Հայ Մենթի-մենթէօր»ներու խումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած էր հետաքրքրական երեկոյթ մը։ Այսպէս, ձեռնարկը համախմբեց վերոյիշեալ խումբի երիտասարդներն ու պոլսահայ մամլոյ հիմնական ներկայացուցիչները։

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ես հոնկէ եմ
Եւ յիշողութիւններ ունիմ:
Ծնայ, ինչպէս մարդիկ կը ծնին:
Մայր մը ունիմ
Եւ տուն մը՝ բազմաթիւ պատուհաններով:

Ուրբաթ, Մարտ 25, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատ անգամ կեանքի մէջ ապրելով կը կարծենք, թէ «տեղեակ» ենք շատ մը բաներէ, սակայն կեանքը կը փաստէ, որ կան ճշմարտութիւններ, որ գիտնալու համար պէտք է անպայման տեսնել: Անոնցմէ մէկն է աղքատութիւնը:

Էջեր