Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գուգարաց թեմի հոգեւոր սպասաւորները՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025

Երեւանի թատերական միջազգային փառատօնը ճոխ յայտագրով պիտի շարունակուի մինչեւ ամսավերջ:
Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն թատերախումբեր մասնակցութիւն կը բերեն ծրագրին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025

Ուքրայնայի հետ հակամարտութեան համայնապատկերին վրայ Ռուսաստան շարունակական շփումներ կ՚ունենայ աշխարհի այլ ուժային կեդրոններուն հետ։ Երբ Մոսկուա պարտաւորուած է արեւմուտքի ճնշումները դիմագրաւելու, ստեղծուած իրավիճակին մէջ առանձնապէս ուշադրութիւն կ՚ընծայէ՝ մանաւանդ Ասիոյ դերակատարներուն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025

Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Աստանա՝ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հրաւէրին ընդառաջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց յոյն համայնքի յայտնի գործիչներէն Լաքի Վինկասը, որ փութացած էր ցաւակցական այցելութեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որուն ընկերացաւ Մարիամ Տրամէրեան:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելեց Սպանիա։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները եւս 2 ամիս երկարաձգեցին յայտնի բարերարին բանտարկութիւնը:
Դատարանին կողմէ վճիռը չարձակուած՝ վարչապետի ընտանիքին լրատուամիջոցը արդէն հաղորդած է այդ մասին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ Մուհամմէտ պին Սելման թագաժառանգը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին անդրադարձաւ՝ Ազգային մեծ ժողովէն ներս կազմակերպուած պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ։ Նախարարը դիտել տուաւ, որ այս նիւթին շուրջ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը նախապէս քանիցս յայտարարուած է։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ՝ գրասեղանիս անկիւնը ծուարած գիրքերէն ձեռքս վերցուցի երկուքը՝ Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը (այո՛, մի՛ զարմանաք. ութսունն անց գրողը անցեալ տարի հրատարակած է) եւ Հայաստանի «Աստուածաշնչային ընկերութեան» նոր հրատարակութիւնը՝ «Սիրոյ պատմութիւններն Աստուածաշնչում» [Աստուածաշնչային հատուածներու ընտրութիւնը եւ ներածականները՝ Անեգրէթ Փութ-քամերի, գերմաներէնէն թարգմանութիւնը՝ Տ. Անդրէաս Վրդ. Եզեկեանի, խմբագիր եւ սրբագրիչ՝ Լուսինէ Վարդանեան]։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այստեղ կը քնանան. անոնց անունները շատ են, իսկ անոնց մահը մէկ է: Յոգնած էին եւ մայրամուտը պզտիկ էր: Դիւրութեամբ ինկան եւ ոչինչ ըսին, քանի որ ժամադրութիւնը անակնկալ էր: Եւ ի՞նչ կ՚ըլլար՝ եթէ տեղեակ ըլլային:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հաւատը կ՚իրագործէ բարիին յաղթութիւնը։ Ներքին եւ գիտակցական հաւատքը մեր զգալի փորձառութիւններէն շա՛տ աւելի խոր, փառաւորեալ Քրիստոսի կեանքին մէջ կ՚երկարէ իր արմատները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր շատ մը ծնողներ կը հաւատան, որ զաւակ լոյս աշխարհ բերելէ ետք «իրաւունք»ը ունին անձնական կեանք ունենալու եւ սեփական հաճոյքներով զբաղելու, սակայն, Խրիմեան Հայրիկ այդպէս չի մտածեր. ծնողքին՝ թէ՛ հօր եւ թէ մօր համար ամէն բանէ աւելի առաջնահերթ պիտի ըլլայ զաւակը, որուն դաստիարակութեան համար պատասխանատու են։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Լեւոն Մեծ կ՚ըսէ. «Քրիստոնեա՛, ճանչցի՛ր քու արժանապատուութիւնդ։ Քանի որ հիմա մասնակից ես աստուածային Բնութեան, մի՛ վատասերիր վերադառնալով անցեալ կեանքիդ ստորնացումներուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ի տարբերութիւն անցեալի պատկանող համոզումներուն, Խրիմեան Հայրիկ կը հաւատայ, որ տունը կառավարողը ո՛չ թէ տղամարդն է, այլ կինը. Խրիմեան այդ մէկը կը կոչէ «արհեստ». «կնոջ մեծ ու առանձին արհեստն է տան կառավարութիւն, իմաստուն տնտեսութիւն, եւ մայրական դաստիարակութիւն»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին երէկ հիւրընկալեց Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Մուհամմէտ Ռըզա Արիֆը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Մոսկուա եւ Թեհրան կը ձգտին ամրապնդել իրենց յարաբերութիւնները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վերջերս, հայ մամուլը գուժեց սփիւռքահայ եւ արեւմտահայերէնի բանիմաց, բժիշկ, ուսուցիչ, սրբագրիչ եւ «գրաւոր» յուշարար՝ տքթ. Արմենակ Եղիայեանի մահը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

Սպիտակ տան մէջ, անցեալ օգոստոսի 8-ին, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած գագաթաժողովէն հարիւր օր անց, Հայաստանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները արձանագրեցին պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան երէկ մասնակցեցան Պելժիոյ «Թագաւորի օրուան» առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Էջեր