Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատուեց Գնալը կղզիի մէջ «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարի շրջանակէն ներս կազմակերպուած երրորդ ձեռնարկը։ Երաժշտահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Նարօտ Ավճը։
Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ երէկ երեկոյեան քաղաքս ժամանեց Երեւանի մեր արժէքաւոր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեան։ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքով, թերթիս խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ Պոլիս կ՚այցելէ Վարանդ Քորթմոսեան, որու կեցութիւնը կը տեւէ աւելի քան երկու շաբաթ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կոչով մը հանդէս եկաւ համայնքային ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Երկար ժամանակէ ի վեր առկախուած ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու վարչական խորհուրդներու ընտրութիւնները իրականացնել կարելի պիտի ըլլայ՝ վերջերս պաշտօնապէս ընդունուած նոր կանոնադրութեամբ։
Հայաստանէն՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան այս օրերուն կը հիւրընկալուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ։ Ըստ էութեան, Անթիլիասի եւ Պիքֆայայի մէջ ան կ՚անցընէ իր կեցութեան շրջանը։
Հայաստանի Դիւանագիտութեան դպրոցի 2022 թուականի շրջանաւարտները նախընթաց օր հանդիսաւոր արարողութեամբ ստացան իրենց վկայականները։ Հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանային նախագահ Ապտուլլահ Շահիտին, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կ՚այցելէր Երեւան։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահին վերջին յայտարարութիւնները սպասելի էին: Այն ինչ, որ արտաքին գործոց նախարարը կամ յատուկ ներկայացուցիչը կ՚ըսէին անուղղակի, դիւանագիտական բառապաշարներով, հիմա նախագահը կը յայտարարէ ուղղակի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որ տեւեց 2 ժամ 17 վայրկեան։ Սա երկու ղեկավարներու արդէն հինգերորդ հեռախօսազրոյցն էր։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ երաշխաւորուած Արցախով հանդերձ։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի աղբիւրները երէկ օրուան տեւողութեան սահմանային բախումներուն կապակցութեամբ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս եկան։
Արարատ Միրզոյեան եւ Իկոր Խովայեւ անդրադարձան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Հայաստան միշտ կ՚ընդգծէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կառոյցի օգտագործման կարեւորութիւնը:
Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի զօրակցութեան շարժումը միշտ ընթացքի մէջ:
Ներկայ տարուան չորրորդ շրջանին մեր համայնքէն շուրջ 700 ընտանիքի բաժին հասան սննդամթերք եւ մաքրութեան նիւթեր:
Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ ընդունեց Պէյրութի մօտ Փաքիստանի դեսպան Սլման Ատհարին եւ ընկերակիցները:
Կիլիկեան Աթոռի գահակալը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի հարցերուն եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պարագային անչափահաս կը նկատուին բոլոր անոնք, որոնք տակաւին տասնութ տարեկան չեն եղած։ Ուրեմն տարիքներու նկատմամբ հետեւեալ տուեալները սահմանուած են սահմանադրութեամբ։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մի՛ սոսկաք մեզմէ,
Ով այս անապատին բնակիչները,
Մենք ոչ մէկ երգ կ՚երգենք,
Մենք ձեզի,
Անգամ մը եւս,
Մարգարէ մը չենք առաքեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մենք նոյն բաները ամէ՛ն տարի լսելէն ձանձրացանք, սակայն ոմանք ամէն տարի նոյն ջուրը ծեծելէ չեն ձանձրանար եւ կարծես միտք ալ չունին:
Ամէն տարի Վարդավառի տօնէն առաջ եւ ետք նոյն թմբուկն է, որ կը լսուի. «Վարդավառը հեթանոսական տօն է...»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հովիւ Եդեմի Հայոց» ծածկանունով Կարապետ Քհնյ. Գալֆայեանը «Հայկական զրոյցներ» խորագրով գիրքը հրատարակած է 1944-ին, Լոս Անճելըս: Հատորին նախաթերթիկէն կը տեղեկանանք, որ գիրքին վաճառքէն գոյացած հասոյթը յատկացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» հանդէսին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամուսնութիւնը չափազանց պատասխանատու գործ է:
Իւրաքանչիւր ամուսնացող պարտաւոր է հարիւր անգամ կշռել այս խնդիրը, ծանր եւ թեթեւ ընել, տեսնել, թէ արդեօք ինք ընդունա՞կ է առողջ երեխաներ արտադրելու, թէ ոչ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երիտասարդ մը անցեալ օր ախորժակով իր տարօրինակ երազներէն մին կը պատմէր. այդ պահուն նկատեցի իր երազներէն աւելի տարօրինակ բան մը՝ իմ երազ չտեսնելուս պարագան: Կարծելով աւելի քան մէկ երկու տարիէ երազ չեմ տեսներ:
Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան հարցը։
Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Առլէն Տեմիրհան ենթարկուած է յարձակման ու վիրաւորուած։ Այս ցաւալի եւ մտահոգիչ դէպքին կապակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան հեռաձայնով կապ հաստատած է Առլէն Տեմիրհանի մօր՝ Արշալոյս Տեմիրհանի հետ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի անունով զօրակցութեան եւ արագ ապաքինման մաղթանքներ փոխանցելէ վերջ, փոխանորդ տէր հայրը տեղեկութիւններ ստացած է անոր առողջական վիճակին շուրջ։
Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի բացուի Hard Rock Cafe մը։ Մօտաւոր ապագային ան պիտի սկսի գործել, մինչ նախընթաց օր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթը։