Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան, հայագէտ, հայկական Կիլիկիոյ պատմութեան մասնագէտ, Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօր եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան այս յուլիսին կը նշէ իր ծննդեան 80-ամեակը:
Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուի «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարը։ Նախընթաց օր այս ծրագրի երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Առէն Քոճապայի, Նարէ Էօզտաղի եւ Քամի Պիւյիւքիշմանի, որոնք իրենց երաժշտական յաջող կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ մնալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ մանաւանդ, որ մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւններու իրականացումը նախատեսուած է։ Միւս փոքրամասնական համայնքներու պարագային ալ կացութիւնը տարբեր չէ։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընդհանրապէս, մարդիկ այն ժամանակ բժիշկի կը դիմեն միայն, երբ ցաւեր ունին, կամ երբ մեծ խոց մը եւ ուռուցք մը դուրս կու գայ անոնց մարմնին վրայ:
Բայց այդպէս պէտք չէ վարուիլ, այլապէս հիւանդութիւնը կը հիննայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ մեր շրջանակին մէջ, նոյնիսկ դրամը անձէն ու կեանքէն առաջ դասողներուն կողմէ կը լսենք, թէ «առողջութիւնը կարեւոր է» եւ այս վարժութիւն դարձած տողը յանկարծ կը վերածուի ճշմարտութեան, երբ մարդ ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ մահուան եւ կը սկսի տատանիլ կեանքէն դէպի մահ տանող շա՜տ կարճ ճամբուն վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերուն հետեւելով համոզուեցայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կարեւորը անկարեւորէն, պիտանին անպէտքէն զանազանելու եւ զատորոշելու ախտէն կը տառապի, այդ իսկ պատճառով կ՚ուզեմ օգտակար դառնալ, այն յոյսով որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերուն անկարեւոր նիւթերը մէկ կողմ դնելով քաղաքացիներուն կեանքը դիւրացնող եւ անոնց առօրեան բարելաւող նիւթերու մասին բան մը մտածուի՝ անգործութենէ դուրս գալու եւ բան մը ըրած ըլլալու երազանքով:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Թիֆլիզի վերջին հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին միջազգային գետնի վրայ։ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի ղեկավարութիւնները արդէն ողջունեցին այդ տեսակցութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս ըսաւ. «Մենք աշխոյժ դերակատարութիւն ունինք։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան Համագործակցութեան խորհուրդի ժողովին։ Նախօրէին ան ունեցաւ շարք մը բարձր մակարդակի հանդիպումներ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Վարշաւիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ մէկտեղուեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի հետ։ Նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ այդ երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար այլ դէմքերու կողմէ։
Թեհրանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եռակողմանի գագաթաժողովը, որու մասնակից ղեկավարները ունեցան նաեւ երկկողմանի շփումներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներու օրակարգին վրայ գտնուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին տեսակէտէ անկիւնադարձ. «Սեպտեմբերէն սկսեալ Հայաստանէն զօրակոչուած ժամկէտային զինուորներ պիտի չըլլան Արցախի մէջ»:
Արմէն Գրիգորեան. «Հրադադարի հաստատումէն վերջ, Ռուսաստանի խաղաղապահներու տեղադրումէն յետոյ, հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու դուրսբերումը տրամաբանական է»:
Սիպիլ եւ Այշէնուր Քոլիվար երաժշտասէրներուն կը ներկայացնեն ուրոյն ստեղծագործութիւն մը:
«Լուսի հատիկ»ին մէջ այնքան տպաւորիչ ու եզակի ձեւով համադրուած են արեւմտահայերէնն ու Համշէնի բարբառը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ակադեմականներ։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս երէկ ոգեւոր օր մը ապրուեցաւ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի այցելութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ հայրական գուրգուրանքին առարկայ դարձուց կայանի փոքրիկները։
Կը տեղեկանանք, որ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը այս ուրբաթ դարձեալ հանդէս պիտի գայ «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքի շրջանակին մէջ։ «Եոլճու» թատերախումբը հերթական անգամ պիտի բեմադրէ այս գործը։
Արդէն հրապարակուած են այս տարուան համալսարանի մտից քննութեան (YKS) արդիւնքները։ Շուրջ 3 միլիոն 500 հազար աշակերտ մասնակցած է քննութեան, որու արդիւնքներու հրապարակման զուգահեռ վերջին երկու օրերուն արդէն յայտնի են մասնակիցներու ունեցած նիշերը, ինչ որ վճռորոշ պիտի ըլլայ անոնց յաճախելիք համալսարաններու յստակեցման առումով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Հա՛յր, այդքան մարդոց հետ շփուելէ վերջ, երեկոյեան շատ յոգնած կ՚երեւիք։ Իսկ առաւօտեան ձեր դէմքին յոգնածութեան նշոյլ մը անգամ չի մնար։ Այդ ինչպէ՞ս կ՚ընէք։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ անոր, որ Աստուծոյ ուխտը կը մոռնայ եւ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը ձգէ:
Պատասխան. Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ, անոր տունը մահուան պիտի տանի ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկուան թիւով ներկայացուցած էինք հայ պատմաբան, լեզուաբան, բառարանագէտ, հայագէտ Երուանդ Տէր-Մինասեանի յուշագրութիւնը՝ հայ մեծ երաժշտագէտ Կոմիտասի մէկ հիւանդութեան մասին (ճահճատենդ), որով ան վարակուած էր Գէորգեան ճեմարանի մէջ աշխատած տարիներուն, երբ Հայաստանի մէջ տարածուած էր այդ փոխանցիկ հիւանդութիւնը, որ հիմնականօրէն կը փոխանցուի ճահճային գօտիներու մէջ դեգերող մոծակներէն: