Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս շրջապատիս մէջ սկսած եմ նկատել, որ ամէն բան սկսած է միջին չունենալ եւ վերածուիլ երկու ծայրայեղութիւններու՝ ամբողջութեամբ իրարու հակառակ եւ իրարմէ տարբեր: Մեր մէջէն այսօր վերցուած է միջինը եւ գաղափարներն ու համոզումները վերածուած են երկու բեւեռներու՝ ի հեճուկս մէկս մէկու:

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ իր գործակից ընկերները։ Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մօտալուն տարեկան անուան տօնախմբութեան շուրջ։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Նախնադարեան ժամանակներէն մարդիկ ունեցած են խաղալու ձգտում եւ ատիկա կատարելու համար գործածած են իրենց անմիջական շրջապատին մէջ գտնուող իրեր, երբեմն ալ իրենք բաներ մը հնարած են:

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռուս մտաւորական եւ քաղաքական փիլիսոփայ, վերլուծաբան Ալեքսանտր Տուկին հիւրն էր «Sky News Arabia» կայքէջի «Մոսկուայէն» խորագրեալ հաղորդման: Զրոյցի ընթացքին ան Ուքրայնայի մէջ ռուսական ռազմական գործողութիւնը համարած է մարտահրաւէր Արեւմուտքի գերիշխանութեան, նաեւ նշած է, որ այդ կապակցութեամբ Ռուսաստան սեղանին դրած է իր բոլոր խաղաքարտերը:

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղը Յինանց կիրակիներու եօթներորդ կիրակին է, որ կը կոչուի Երկրորդ Ծաղկազարդ:
Իւրաքանչիւր շաբաթ օր այս ընդհանուր խորագիրին՝ «Կիրակմուտքի խորհրդածութիւններ» տակ, կ՚անդրադառնամ օրուան խորհուրդին, փորձելով որոշ բացատրութիւններ տալ: 

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր Մայիս 28 է. Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրը:
Դպրոցական օրերէս հայոց պատմութեան ուսուցիչները նոյն բանը կը կրկնէին. «Հայաստանը կռուախնձոր եղած է այլ պետութիւններու միջեւ». այդ վիճակը հայերուս համար անծանօթ չէր, որովհետեւ ո՛չ թէ մէկ կամ երկու անգամ, այլ բազմիցս մենք մեզ գտած ենք այդ վիճակին ու դրութեան մէջ. Ս. Վրացեան 1928 թուականին հրատարակած իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքին մէջ նախանկախ շրջանը հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ. «Մեծ պետութիւններ Հայաստանը բաժներ էին իրենց մէջ՝ իբր պատերազմական աւար» եւ 1918-ը առիթն էր դուրս գալու թալան եւ աւար ըլլալէ՝ ըլլալու համար հանրապետութիւն՝ իր ազատ ու անկախ կառավարուելու իրաւունքով:

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հակամարտութիւններու գօտիներէ ներս ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային դաշինքի (ԱԼԻՖ) գործադիր տնօրէն Վալերի Ֆրելանը։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Հակառակ գարնանային յորդառատ անձրեւին, Հայաստանի մէջ, ոչ միայն Երեւանի, իշխանափոխութեան պահանջով ցոյցերը կը շարունակուին: Առաւօտուն Աշտարակ տանող մայրուղիի մուտքին խցանում կար:

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ զանազան նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ եւ համագործակցութեան ցանցը ընդլայնել՝ մեր համայնքի համեստ խաւերէ անդամներուն զօրակցելու առաջադրութեամբ։ Յանձնախումբը վերջերս Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հետ ունեցած է արդիւնաւէտ շփումներ, որոնց շնորհիւ օժանդակութեան արկղեր տրամադրուած են իրեն։

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Ենիգիւղի մէջ։ Նախկին պոլսահայ արուեստագէտը թէեւ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է արտասահման, սակայն, պարբերաբար կը ներկայանայ մեր գեղարուեստասէրներուն։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Քարատաղի նախագահ Միլօ Ճուքանովիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

Արեւմուտք-Մոսկուա մրցակցութիւնը կը ցոլանայ Երեւան-Պաքու որոնումներուն վրայ:
Ըստ Զախարովայի, Ռուսաստան կը յուսայ, թէ ԵՄ չի փորձեր աշխարհաքաղաքական խաղեր տալ:

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

Հակառակ հրապարակաւ ըսուածներուն, Անգարա ամէն ինչը Պաքուի հետ կը համաժամանակեցնէ, ինչ որ աւելի շինիչ չի դարձներ մթնոլորտը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս քննարկումները կը շարունակուին, սակայն շօշափելի արդիւնք դժբախտաբար չկայ:

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան պաշտօնապէս կոչուեցաւ իր նոր առաքելութեան։ Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցիէն ներս կազմակերպուած պաշտօնակալման յատուկ արարողութեան մասնակցեցան բարձրաստիճան հիւրեր։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով հռչակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալքանեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակութեան հաստատումը։ Նորահաստատ միաւորին մէջ ընդգրկուած երկիրներն են Ալպանիա, Սլովենիա, Սերպիա, Պոսնա Հերսեք, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Քարատաղ եւ Խրվաթիա։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց մեր բարերարհուիներէն Անահիտ Պոզաճեանը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը համավարակի շրջանէն վերջ յառաջիկայ՝ 56-րդ շրջանին կը պատրաստուի վերստին հիւրընկալել մեր համայնքի պատանիները։ Զուգահեռաբար, յայտնի կը դառնայ նաեւ այն կազմը, որ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ այս ամառ։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ քաղաքիս Պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտն ու Մարտինի եւ Տիարպաքըրի առաջնորդ Սալիպա Էօզմեն մետրապոլիտը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Ընդհանրապէս այդպէս կ՚ըլլայ: Կը մտնես հանդիսադաշտ ու անհամբեր եւ անհանդարտ աչքերով, դաշտը լեցուցած հարիւրաւոր համազգեստով շրջանաւարտներուն մէջէն, զինք կը փնտռես:

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Թաքուն բանով մը ուրախանալ:

Առաւօտը կը գրկէի վանկարկումի զօրութեամբ`
Կը քալէի քայլերէս վստահ,
Տեսիլքէս վստահ:

Էջեր