Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին:

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026

Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) նիստը: Երկար ժամանակէ ի վեր ԹՎՄ-ի ժողովները չէին կայանար: Վերջին անգամ քանի մը ամիս առաջ յայտարարուած էր, որ ԹՎՄ-ի ժողովը պիտի գումարուէր՝ այդ ալ մամուլին համար բաց:

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

Երէկ, Մեծ պահքի Անառակի կիրակիին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը:

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

Վատիկանի մէջ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հայրապետը։ Սա, ըստ էութեան, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ «Տիեզերական վարդապետ» հռչակման տարեդարձն էր։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներուն ուղղած նամակին 2-րդ գլուխին մէջ կը խօսի Քրիստոսով կեանքի լիութեան մասին, ինչպէս նաեւ կեանք ու մահ Քրիստոսով, եւ ապա 3-րդ գլուխին սկիզբը ձեւով մը եզրակացութիւնը կու տայ նախորդ գլուխին մէջ ըսածներուն, գրելով. «Եթէ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, ապա փնտռեցէ՛ք վերին բաները, հոն՝ ուր Քրիստոս նստած է Աստուծոյ աջ կողմը» (Կղ 3.1):

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Պուրսայէն հասած լուրերով։ Այսպէս, ակումբի պատանի մարզիկներէն Աքսել Պէշիրեան դափնեկիր դարձաւ՝ Պուրսայի մէջ կազմակերպուած Թուրքիոյ մարմնամարզի առաջնութեան շրջանակներէն ներս:

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

Այսօր կը սկսի Միջմիութենական գիտական մրցաշարքը, որ 27-րդն է իր նմաններու շարքին։ Միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ տարիներէ ի վեր հետեւողական ջանքերով կազմակերպուած՝ խոր աւանդութիւններով նախաձեռնութիւններէն մին է այս մէկը։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

Երեւանի Մատենադարանին մէջ, յառաջիկայ մարտի 10-ին տեղի պիտի ունենայ բացառիկ ցուցադրութիւն մը։ Այսպէս, Շուրիշկանի փրկագործ Աւետարանը պիտի ներկայացուի հանրութեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Պատերազմ է: 
Դարձեալ ու կրկին՝ պատերազմ: 
Հեռաձայնները մեր ձեռքերուն մէջ՝ կը թուի այնպէս, որ բոլորս, ամբողջ աշխարհը նո՛յն պատերազմին մէջ է: 

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը անխուսափելիօրէն նոր ճամբաբաժանի մը պահը ուրուագծած է:
Ուաշինկթընի քայլերը պիտի բնորոշեն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ապագայ պատկերը՝ մինչ Թեհրանի ներքին արձագանգն ալ կրնայ ազդու գործօնի մը վերածուիլ դաշտի վրայ:

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մէջ սկիզբ առին մեծանուն գիտնական, լեզուաբան, բառարանագիր Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները։ Հին տոմարով այս շաբաթավերջին՝ մարտի 8-ին (նոր տոմարով՝ 20-ին) ծնած է անմահ լեզուաբանը, որուն յոբելենական 150-ամեակը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի 2026-2027-ի օրացոյցին մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհը յաճախ կը փորձէ բացատրել չարիքը՝ պատերազմներով, գաղափարախօսութիւններով, կրօնական հակասութիւններով կամ պատմական թշնամութիւններով։ Բայց եթէ շերտերը մէկ առ մէկ հանենք, եթէ փայլուն բառերը մերկացնենք, կը մնայ միեւնոյն մութ արմատը՝ ագահութիւն։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սկզբունքներ՝ այն բարոյական համոզումներն են, որ կեանքը կը վերանորոգեն եւ անոր ուղղութիւն կու տան։ Ահաւասի՛կ, այս իմաստով, մեր հոգեւոր կեանքին երեք սկզբունքը կը կազմեն՝ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն, մարդուն ինք իրեն հետ հաղորդակցութիւն, այսինքն ներհայեցողութիւն եւ վերջապէս հաւաքական, ընկերային կեանքի մէջ ուրիշներու հետ հաղորդակցութիւն։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ներկան հիմքն է ապագային. եթէ հաւատանք այս խօսքին, ապա պէտք է ընդունինք, որ տարօրինակ, նոյնքան ալ մտահոգեցուցիչ ապագայ մը կը սպասուի ամբողջ մարդկութեան։ Այդ մէկը ես, դուն կամ ուրիշը կը տեսնենք թէ ոչ՝ յստակ չէ:

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026

Երէկ, Մեծ պահքի Անառակի կիրակիին, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յաճախ կը խօսինք հաւատքի մասին, քանի որ ան աշխարհի մեծագոյն ո՛ւժն է։ Իրմով կը շինուին հոգեւոր շէնքեր՝ անկարելիներ կարելի կը դառնան։

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս յօդուածաշարքերուն ամենէն հետաքրքրիր գրողը Ճոն Պեռնարն է (1901-1971), որ իր գիտական յօդուածներով ու մտածողութեամբ յաջողած է մեծ ազդեցութիւն ունենալ գիտութեան զարգացման մէջ: Գիտական, ինչպէս նաեւ բժշկական աշխարհի մէջ օգտագործուող շատ մը մեքենաներ ստեղծագործութիւնն են անոր աշակերտներուն։

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Պզտիկը, անաղարտը, ամենասուրբն ու ջերմը ի դէմանհունութեան-անծայրացման տեղատուութեան ու պահանջքին:

 

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծնած է 7 յունուար 1825-ին, Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ:
1828-1830-ին ապրած է Ղալաթիոյ մէջ:
Այտընեան կրթութիւն ստացած է Վենետիկի մխիթարեաններու եւ ապա Ղալաթիոյ Վիեննայի մխիթարեաններու վարժարաններէն ներս:

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

ԱՄՆ-ի զօրքերու հետզհետէ հեռացման զուգահեռ՝ Սուրիոյ մէջ ուժերու վերադասաւորման նոր փուլ մը: ԻՇԻՊ-ի վերակենդանացման հաւանականութիւնը կը ձեւէ երկրի քաղաքական եւ անվտանգային իրականութիւնը:

Էջեր