Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մենք կը կարծենք, որ իւրաքանչիւր երեխայ ունի տարբեր բնաւորութիւն, հետեւաբար փոխանցուած դաստիարակութիւնը ինչպիսին ալ ըլլայ, բնաւորութիւնը մեծ դեր կը խաղայ։

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026

Սփիւռքահայութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վերաբերեալ զգայնութիւններուն շուրջ պաղարիւն կոչ մը:
Սփիւռքի շարք մը հեղինակաւոր գործիչներու համատեղ յայտարարութիւնը՝ Եպիսկոպոսաց ժողովին ընդառաջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026

Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ իսկապէս անմոռանալի դարձաւ փոքրիկներուն տեսակէտէ:

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026

Երէկ, Ս. Վարդանանց տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026

Ս. Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու եւ օտարերկրեայ դիւանագէտներու մասնակցութեամբ հաւաք:
Երուսաղէմի կարգավիճակը եւ տարածաշրջանի համայնքներու կացութիւնը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Տղաքը յատուկ տարազներով, դիմակներով մասնակցեցան ձեռնարկին, ինչ որ դպրոցէն ներս ստեղծեց բարձր տրամադրութիւն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով բոլորը լիուլի ապրեցան Բարեկենդանի ոգեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի աշակերտները մասնաւոր հանդէսի մը առթիւ համախմբուեցան՝ Բարեկենդանի ընդառաջ, Ս. Վարդանանց տօնի շրջանին։ Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդէսը, որու մթնոլորտը համազօր էր խրախճանքի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորեց կառավարութեան նորանշանակ անդամները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պաշտօնամուտի առթիւ ողջունեց արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէքը եւ ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Չիֆթչին, որոնց յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

Պեշթեփէի մէջ վերահաստատում. Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ առկայ խնդիրները անլուծելի չեն:
Էրտողանի եւ Միցոթաքիսի կողմէ փոխանցուած դրական պատգամներու մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ եօթ նոր փաստաթուղթ ստորագրուեցաւ: Երկու երկիրներու բանակցութիւններուն ժամանակ շօշափուեցան նաեւ Եւրոպայի անվտանգութեան վերաբերեալ նիւթեր, Պաղեստինի կացութիւնը եւ Սուրիոյ կայունութեան հաստատումը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց հեղինակաւոր իրաւաբան Ռոպերթ Ամսթերտամը, որ միջազգային հարթութեան վրայ ոլորտի հեղինակութիւններու շարքին կը դասուի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս Հայաստանէ ներս մեծ աղմուկ բարձրացաւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառութեան մասին: Աղմուկի բարձրանալուն պատճառը կարգալոյծ եղած նախկին եպիսկոպոս Սարոյեանի մէկ անհիմն յայտարարութիւնն էր, ուր կը փորձէ բացատրել, կամ աւելի ճիշդ համոզել, թէ Ռուսաստանի մէջ մեր եկեղեցիներէն մէկուն ցուցատախտակին վրայ Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցի արձանագրուած է, ինչ որ մեր Եկեղեցւոյ պաշտօական անուանումը չէ, աւելին՝ այսպիսով փորձ կը կատարուի Հայ Եկեղեցին ենթակայացնելու Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Այսօր Վարդանանք է. տօն մը, որ չի նշուիր մեր հայրենիքին մէջ: Սխալ չհասկցուիմ. «Իրական Հայաստան» կոչուող այսօրուան մեր հայրենիքը չէ ակնարկածս, չէ՜, երբեք, քանզի շատոնց այսպէս էր՝ Վարդանանքը չկար հայրենի մեր տօներուն մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ե. դարու երկրորդ մասը շատ ծանր եւ յուզումնալից ժամանակ էր հայ ազգային կեանքի համար։ Յազկերտի բռնած քաղաքականութիւնը հայ աշխարհի նկատմամբ՝ ձուլել հայ ժողովուրդը կրօնքով պարսիկներու հետ՝ օր ըստ օրէ յաջողութիւն կը գտնէր.

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւր ծնողքի համար հայր ու մայր դառնալու նպատակն ու անոր առաքելութեան հանդէպ ունեցած հասկացողութիւնն ու ըմբռնումը տարբեր է։ Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ ծնողք ըլլալ կը նշանակէ միայն մանուկին պէտքերը հոգալ, սնունդն ու ուսումը ապահովել, զինք սխալներէ հեռու պահել եւ այլն, սակայն, ծնողք դառնալու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ մէկը.

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ես եմ որ Էն». Աստուծոյ ձայնն է՝ որ Իր ինքնայայտնութիւնը կը ներկայացնէ. (ԵԼԻՑ. Գ 14)։ Արդարեւ, Աստուած ստեղծեց ամբողջ տիեզերքը եւ մարդը՝ Իր նմանութեամբ եւ Իր պատկերով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն ծնողք կ՚ուզէ, իր զաւկին կողմէ «լսուած» ըլլալ, սակայն մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ մեր զաւակները մեզ կը լսեն այնքանով՝ ինչքանով մենք զիրենք կը լսենք. որեւէ յարաբերութեան մէջ եթէ մէկ կողմը խօսող, իսկ միւս կողմը լսող է՝ կապը կը դառնայ միակողմանի։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւններ:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ընթերցուեցաւ՝ Եղիշէ պատմիչի գիրքէն Ղեւոնդ երէցի ճառը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրուան տօնակատարութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց Մասեացոտնի թեմէն Տ. Եզնիկ Քհնյ. Մարդիրեան։ 

Էջեր