Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իրականութեան մէջ այս յօդուածին սկսելէ առաջ կասկածի տակ կը դնեմ անոր հրապարակումը, որովհետեւ հայկական դարաւոր սովորութեան համաձայն, յաճախ մեծերը չնեղացնելու սիրոյն պէտք է ստել, անտեսել անդունդ ի վար գահավիժումը, սակայն աւելի քան երբեք, այսօր համոզուած ենք, որ շատ անգամ այդ «մեծերը» նեղացնելու գնով անգամ պէտք է բարձրաձայնել ճշմարտութիւնը, համոզուած ըլլալով, թէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը աւելի մեծ ու բարձր են՝ քան այդ մեծերը:
Նաիրոպիի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Քենիայի նախագահ Վիլիըմ Ռութոյին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանի եւ նախագահի զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն։
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ ինքզինքը դուրս կը համարէ ՀԱՊԿ-էն»:
«Երեւան սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը աշխատանքներուն, չի մասնակցիր փաստաթուղթերու մշակման կամ քննարկման»:
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով մը գումարեցին Պրիւքսէլի մէջ:
Հաքան Ֆիտան մասնակցեցաւ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի աշխատանքային նիստին, նաեւ ունեցաւ երկկողմանի հանդիպումներ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 28-րդ հաւաքը։
Սուրիոյ իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, երէկ, Անգարա-Մոսկուա առանցքին ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան, որոնք Իրանի հետ միասին կը փորձեն իրադարձութիւնները հունաւորել, Հալէպի ընդդիմադիր զինեալներու ձեռքը անցնելէ վերջ արժեւորեցին իրավիճակը։
«Հայաստանի անվտանգային համակարգի առաջնագծին պէտք չէ գտնուի բանակը»:
Փաշինեան պետութեան յարատեւութեան երաշխիք կը համարէ տնտեսական փոխկախուածութիւնները:
Ֆրանսայի «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը վերջերս կազմակերպեց աղօթական հսկումներու շարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութիւնը։ Այս «կարմիր շաբթուան» ընթացքին Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ յիշեցուեցաւ Արցախն ու տեղահանեալ հայոց տառապանքը, ենթարկուած սպառնալիքները։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոցն Մինասայ, Երմոգինեայ, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատացն Յովհաննու եւ Ալէքսիանոսի յիշատակութեան տօնը։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից Ս. Մինաս մատրան մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Պոլզանօ քաղաքի քաղաքապետ Ռենցօ Քարամաչին եւ նոյն երկրի «Եւրակ» հետազօտական կեդրոնի գիտնականները՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի Եւրոպական համալսարանի վերատեսուչ Հեղինէ Պիշարեանի։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ յուզումնախառն հրաժեշտ՝ ներկայութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետած տխուր արարողութենէն վերջ, գերեզմանատան ճանապարհին, նորոգ հանգուցեալ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանի դագաղը անցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի առջեւէն: Համայնքային շրջանակներուն կողմէ վերջին յարգանք ու երախտագիտութիւն:
Շիշլի մարզակումբի անմոռանալի նուիրեալներէն հոգելոյս Նազար Հանչէրի յիշատակին այս տարի եւս ճատրակի մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս մրցաշարքի պատուոյ հիւրն էր հանգուցեալի այրին՝ Էլմոն Հանչէր։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ուրեմն, դիմադրութեան մէջ բաժանումը տեղի ունեցաւ եւ Արաֆաթը հեռացաւ Թրիփոլիէն, այցելեց Գահիրէ եւ հանդիպեցաւ Հիւսնիւ Միւպարէքին:
Աշխարհը իրար անցաւ, ոտքի կանգնեցաւ ու այլեւս պիտի չնստի անոր համակիրներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ՝ պաղեստինեան, արաբական եւ համաշխարհային գետնի վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք եւ աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէսզի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի». (ՅԱԿՈԲ. Ե 16)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գործով մի քանի օր կը գտնուիմ Պարսկաստանի հիւսիս-արեւմուտքը՝ Թաւրիզ պատմական քաղաք, որ հիմնուած է երրորդ կամ չորրորդ դարերու ընթաքին. քաղաք՝ որու յիշատակութիւնը ըրած է նաեւ հինգերորդ դարու պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդը:
Կ՚ըսեն, թէ արդարութիւնը կը հիւանդանայ, բայց, չի մեռնիր: Չարագործը՝ շարքային քաղաքացի ըլլայ, թէ պետութեան ղեկավար, պէտք է պատասխան տայ ըրածներուն համար ու իր արժանի պատիժը կրէ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի եւս կազմակերպեց տարեկան հերթական հանգանակութիւնը։ «Քե՛զ համար Հայաստան» կարգախօսով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւնը 27-րդն էր իր նմաններու շարքին։
Ազատ Սուրիոյ բանակի զինեալները երկրի հիւսիսին՝ սահմանամերձ Թել Ռիֆաթը վերահսկողութեան տակ առին, ինչ որ ձախողում մը կը համարուի ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի տեսակէտէ: 8 տարի վերջ ստեղծուած այս վիճակը կը խրախուսէ գաղթականաց վերադարձը:
Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ապպաս Արաղչին. Դամասկոսի ղեկավարութիւնը պէտք է համաձայնի օրինական ընդդիմութեան հետ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ «Փիթըր Փազման» Կաթոլիկ համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Քրիստիան Վինցէն, համալսարանի պատմութեան կաճառի տնօրէն Շանտոր Ուզէն եւ հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Պալինտ Քովաչը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Աքքան Սուվէրի, որու հետ էր նաեւ կողակիցը։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ տուին հիմնարկի գործունէութեան շուրջ։