Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025

Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները կը շարունակեն յարատեւ յաջողութիւններ արձանագրել մտախաղերու մէջ։ Պէզճեանցիները վերջերս մասնակցեցան «TED Atakent» քոլէճին մէջ կազմակերպուած մտախաղերու։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրը, որուն հետ ածանցուած էր նաեւ 19 փետրուարի Գիրք նուիրելու օրը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Պատրիարքարան հրաւիրուած էին պոլսահայ կրթական համակարգի վարիչները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուքրայնա կրնայ մոռնալ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնը։ Ան այս հանգամանքը ընդգծեց՝ բիւրեղացնելով այն հաւանական զիջումները, որոնք Ռուսաստանին կրնան տրուիլ՝ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025

Միջազգային յարափոփոխ իրավիճակի պայմաններով՝ Անգարա երբեք անուշադրութեան չի մատներ Հարաւային Կավկասը:
Ֆիտան-Պոչորիշվիլի երէկուան հանդիպումէն վերջ շուտով Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան արտաքին գործոց նախարարներու տեսակցութիւն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025

Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման տնտեսական նշանակութեան վերաբերեալ ասուլիս մը։ «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ատենախօսները անդրադարձան ցամաքային սահմանի բացման հեռանկարներուն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը տեղեկացուց, որ իր դիմագրաւած կալուածական հարցերուն վերաբերեալ՝ փետրուարի 24-ին նախատեսուած դատական նիստը տեղի չէ ունեցած անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մատնուած առկայ անելին մէջ չափազանց նշանակութիւն ունի հաղորդակցութիւնը։ Պոլսահայ հաւաքական կեանքը որոշ ժամանակէ մը ի վեր կը հունաւորուի ընկերային ցանցերու բամբասանքներով եւ ազդեցութեան պայքարներով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Յոյսը յուսախաբ չ՚ըներ», Աւետարանի մէջբերումով Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատիրարքը փորձեց իր միտքերը բանաձեւել, հիմնաւորել երէկուան մամլոյ ասուլիսին, որ զուգադիպեցաւ Մեծ պահոց շրջանի նախօրեակին։ Ան նշեց, որ կեանքը մարդը կը յոգնեցնէ եւ թէ այնպէս մը, որ ան կը կարծէ, թէ միայն ֆիզիքական մարմնէն կը բաղկանայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շոգեկառքը սուլելով գեղեցիկ ճամբայով կ՚ընթանար դէպի Թեհրան: Շոգեկառքի հսկիչը նախքան Ապատանէն մեր հեռանալը՝ ըսաւ մեզի, թէ պէտք է մենք մեզ պաշտպանենք, որովհետեւ ճամբան երկար է եւ աւազակները մութը իջնելուն պէս, առիթը կ՚օգտագործեն՝ իրենց իւրայատուկ ապրելակերպով զբաղելու համար:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդը ինքն է ամբողջ ընկերային կեանքին հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատա՛կը։ Ընկերային հարցը վճռող կէտը այն է, որ Աստուծոյ կողմէ բոլորին համար ստեղծուած բարիքները իսկապէս հասնին բոլորին, արդար չափով եւ անկեղծ մարդասիրութեան նպաստով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սիրոյ կոյր ըլլալը պէտք չէ երբեք պատճառ ըլլայ, որ մարդ խորտակէ իր կեանքը, որովհետեւ զանազան բացթողումներով, անվստահութեամբ ու սխալներով լեցուն յարաբերութիւն մը սիրոյ որեւէ մակարդակի վրայ բռնութիւն է պարզապէս.

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

Պատրիարքարանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ կրթական հարցերու շուրջ նախատեսուած ժողով մըն է այս մէկը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոյի հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Թեհրանի մէջ բանակցութիւններ վարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւը, որ նախօրէին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ հանդիպած էր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2025

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ, գահասրահի երդիքին տակ շուրջ երկուքուկէս ժամ ուղիղ եթերով զրուցեց պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց նկատառման յանձնեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի թէժ օրակարգի գրեթէ բոլոր հարցերուն վերաբերեալ մանրամասն խորհրդածութիւններ՝ ժողովրդագրական մռայլ հեռանկարներով պայմանաւորուած ահազանգային համայնապատկերին վրայ:
«Այսօրուան վարիչները տուեալ հաստատութիւնը մատակարարելու համար են, ո՛չ թէ համայնքը կառավարելու, անոնք ժողովուրդի ներկայացուցիչները չեն։ Հասարակաց կամք մը, միտք մը գոյութիւն չունի եւ մենք ի վիճակի չենք ապագայ ծրագրաւորելու։ Լուրջ հարցերու շուրջ կողմնորոշուելու համար կարիքն ունինք առարկայական տուեալներու շտեմարանի մը»:

Էջեր