Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհի նորաձեւութեան պատմութեան գիրքին մէջ ոսկետառով գրուած է Ճորճիօ Արմանիի անունը, սակայն, այսօր բոլորը սեւ գոյնով երիզած են անոր նկարը եւ հրաժեշտ կու տան նորաձեւութեան արքային։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Գրեթէ ամէն գիշեր, լռութեան մէջ, երբ ամբողջ քաղաքը կը քնանայ, ես արթուն կը մնամ։ Ժամերն ու վայրկեանները կ՚անցնին՝ առանց աղմուկի, բայց միշտ ծանր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Վախը՝ մարդկային կեանքին ամենէն ազդու եւ տիրապետող զգացո՛ւմն է, եւ սկզբնական վախը՝ մահուան վախն է, վախը՝ կորսնցնելու եւ կորսուելու։ Ընդհանրապէս չարին անդոհը ստելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Որպէս գրասէրներ, վստահաբար, բազմաթի՜ւ բաներ լսած եւ կամ գուցէ կարդացած էք Աղեղեանական ուղղագրութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին հրամցուեցաւ որպէս «բարիք» եւ «բարեփոխութիւն», սակայն, իրականութիւնը տարբեր էր ներկայացուածէն:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025

Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ քննարկումներ ծաւալուած են՝ Հայաստանի հարաւով անցնելիք TRIPP անցուղիին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025

Ենիգիւղի Այա Փանաիյա յունաց եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Թէոթոքիա» մշակոյթի փառատօնի շրջանակներէն ներս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2025

Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնագրերէն վերջ յատուկ ներկայացուցիչներու ժամադրութիւն:
Քըլըչ եւ Ռուբինեան կը քննարկեն՝ նախապէս գոյացած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու մասին հարցեր:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

Երեւանի 8-րդ գիրքի միջազգային փառատօնը այս շաբաթավերջին կը համախմբէ գրասէրները։ Գիրի եւ գիրքի նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը մայրաքաղաքի սրտին վրայ առիթ հանդիսացած է մեծ համախմբման մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

Յունաստանի Կրետէ կղզիի Ս. Յովհաննէս Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ բացուեցաւ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ հայկական նիւթական ու ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ երէկ քննարկուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ փոխադարձ այցելութիւններ իրականացուցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ նախանշուեցան ռազմավարական համագործակցութեան ապագայ խորացման ուղիները:
Հայաստան եւ Ֆրանսա միշտ ծաւալուն արժեւորման կ՚ենթարկեն տարածաշրջանի խնդիրները. Արմէն Գրիգորեանի բազմակողմանի հանդիպումները:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ փառաշուք եւ յուզումնախառն յուղարկաւորութիւն մը, որով յաւերժութեան ճամբուեցաւ մեր համայնքէն լուսահոգի, նորոգ հանգուցեալ Պօղոս Սէյրեք։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

«Ապրելով Հաւատամքը այսօր. Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակի յիշատակում»:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած հաւաքի մասնակիցները ներկայացան Վեհ. Հայրապետին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ այս տարի եւս ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպուի՝ դէպի Վան։ Հերթական ուխտագնացութիւնը տեղի կ՚ունենայ այս շաբաթավերջին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ներկայիս մեր՝ հայկական իրականութեան մէջ թարգմանական աշխատանքը ո՛չ այդքան փայլուն վիճակ մը ունի: Ո՛չ մեր ունեցածը կրնանք ուրիշներուն հրամցնել պատշաճօրէն եւ ո՛չ ալ ուրիշին լաւը կրնան ներկայացնել մեր ընթերացասէր հասարակութեան:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մարդու անհատականութեան արժէքն ու արժէքի գործադրումը իրաւական, կրօնական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային ու տարբեր բովանդակութիւններով դրսեւորուած է՝ մարդկային պատմութեան ընթացքին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոր կտակարանին չորս աւետարանները այլ եւ այլ տեղեր գրուած, առաքեալներու նամակները իրարմէ զատուած եւ հեռու քաղաքներու եկեղեցիներու ղրկուած ըլլալով բաւական ժամանակ անցաւ, մինչեւ որ այն գրուածներուն ամէնը ժողվուելով մէկ գիրք եղաւ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի շաբաթներ առաջ տեղի ունեցած մեր նշանախօսութեան առթիւ շատերու շնորհաւորանքը ստացանք։ Անշուշտ, շնորհաւորողներուն թիւը շա՜տ շատ էր, սակայն, կար միայն մէկ հոգի՝ որ կեղծանունով փորձած էր «քննադատել» այդ մէկը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պարզ մուրճով մը կարելի է մարմարիոնէ արձան մը փշրել. բայց կարելի՞ է որեւէ քարի մը գեղեցիկ ձեւ տալ։ Շատ աւելի դիւրին է մարդ մը փորձել, քան թէ ազատել զայն։ Դիւրին է կեանքի մը վնասել՝ գայթակղեցնել, քան թէ շահիլ զայն Յիսուսի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ համաշխարհային մամուլը ահազանգեց այն մասին, որ Անիի մէջ մօտաւորապէս 10-րդ դարուն շինուած եկեղեցիներէն մէկը մզկիթի վերածելու որոշում մը գոյութիւն ունի։

Էջեր