Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2023

Հայաստանի անկախութեան 32-րդ տարեդարձին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ հանդիսապետութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Գայիանէ վանքի երդիքին տակ։ Հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալները այս առթիւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ժողովուրդի խաղաղ, ապահով եւ անվտանգ կեանքին համար։ Վեհափառ Հայրապետը խորանին վրայ ծնրադիր աղօթեց վասն անսասանութեան հայոց պետականութեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուծոյ վստահիլ, կը նշանակէ ամէն պարագայի մէջ՝ ապաւինիլ Անոր եւ յանձնուիլ անվարան, վճռական։ Արդարեւ, հաւատացեալի համար Աստուծոյ վստահիլ դիւրին է եւ այս մասին, ընդհանրապէս որեւէ հարց չի ծագիր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մանկապղծութենէն, մարդասպանութենէն ու աւազակութենէն շա՜տ շատ աւելի ահաւոր բան մըն է քաղաքականութիւն ըսուածը, որուն ակամայ զոհն է ժողովուրդը՝ իր մեծով ու պզտիկով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երէկ դիմատետրը յիշեցուց, թէ մէկ տարի առաջ՝ 18 սեպտեմբեր 2022-ին ինչ տեղադրած եմ էջիս վրայ: Ահաւասիկ.
«Քաղաքամայր Երեւանի մէջ անգամ մը Ռուսաստանի, անգամ մը Ամերիկայի եւ չեմ գիտեր ի՜նչ-ինչ երկիրներու դրօշակները ծածանեցնելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան, իմա՝ ապագաղութացման մասին կ՚երազեն...

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր Հայաստանի անկախութեան տօնն է՝ մեր ամենանուիրական տօներէն մէկը, որ հերթական անգամ կը դիմաւորենք տագնապներով եւ ցաւերով համակուած: Անկախութեան արդիւնքին ձեռք բերուած մեր պետականութիւնը այսօր իր լաւագոյն օրերը չէ, որ կ՚ապրի:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոսին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի այնքան սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն մին՝
ՏԻԱՐ
ՄՈՒՐԱՏ ՔԷՅԻՇՕՂԼՈՒ

Գարակէօզեան տան սաներէն եւ Գարակէօզեան սանուց միութեան երախտաշատ կամաւորներէն էր Մուրատ Քէյիշօղլու, որ արհեստավարժ կեանքի մէջ դրական համբաւ ձեռք բերած էր՝ որպէս վարպետ ելեկտրագործ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023

Այսօր Սեպտեմբերի 21-ն է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կը նշէ՝ ցարդ տօնախմբուածներէն բոլորովին տարբեր պայմաններու ներքեւ։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւնները արդէն շուրջ մէկ օրուան ընթացքին հասան իրենց նպատակին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2023

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան պատմական նախաձեռնութիւնը։
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին ձօնուած ձեռնարկը առանձնացաւ իր որակով, մանաւանդ՝ անմոռանալի արուեստագէտին վերաբերեալ փոխանցուած վառ վկայութիւններով, որոնք եկան վերահաստատել անոր անժամանցելի մեծութիւնը։
Pera թանգարանի երդիքին տակ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան՝ մինչ երեկոյթը համախմբած էր բարձրաստիճան դիւանագէտներ, հոգեւոր առաջնորդներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական ու մշակութային գործիչներ, փոքրամասնական համայնքներէն յայտնի դէմքեր եւ թրքահայ շրջանակներէն վարչայիններ։
Ասուլիսի ժամանակ Շահան Արծրունիի եւ Եիւքսէլ Քոփտակէլի ելոյթները ունկնդրուեցան անմիջական հետաքրքրութեամբ։ Ընդունելութեան նախորդած մեծանուն դաշնակահարին նուագները եղան յայտագրի թագն ու պսակը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքու բարձր գնահատեցին 21 Սեպտեմբերի նախօրէին կազմակերպուած հանդիսութիւնը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Արցախէն հասած լուրերէն անմիջապէս վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը էթնիք զտումներու ենթարկելու ուղղեալ ցամաքային գործողութեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

Արցախի դէմ Ատրպէյճանի «հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւնները» երէկուընէ ի վեր պատճառ կը դառնան նոր մահերու եւ վիրաւորներու:
Պաքու կը պահանջէ պաշտպանութեան բանակին սպիտակ դրօշ պարզելը։ Մոսկուա կը շարունակէ քննադատել Երեւանի քայլերը։ Ուաշինկթըն կը ջանայ հանդարտեցնել իրավիճակը։ Թեհրան եւս կը կրկնէ իր մօտեցումները։
Հայաստան չի միջամտեր՝ մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ բուն նպատակն է երկիրը ներքաշել պատերազմի։ Նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ՝ Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընդառաջ։ 
Հայկական իշխանութիւնները կը դիմագրաւեն նաեւ ներքին մարտահրաւէրներ։ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երէկ ստեղծուեցաւ մեծ լարուածութիւն, ոստիկանութիւնը ուժ կիրառեց։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը որոշած է յետաձգել՝ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին ձօնուած հանդիսաւոր համերգը, որ վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենար Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ե. դարու հայոց գրականութեան կրօնական ուղղութիւնը ժամանակի պահանջի բնական արգասիքն էր. տառերու գիւտով Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը կամեցան հայ ժողովուրդը կրօնապէս կրթել, քրիստոնէական բարոյական գաղափարները անոր մէջ հաստատել եւ անոնք իրենց նպատակին հասան։ Անոնց դաստիարակած սերունդն էր, որ 451 թուականին պատերազմի մէջ իր կեանքը զոհեց իր ճշմարիտ կրօնի եւ ազգի փրկութեան համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պէտք է միշտ ի միտի ունենալ, որ գրական լեզուն միշտ ալ հիմնուած եղած է խօսակցական լեզուին վրայ. նոյնն է պարագան նաեւ գրաբար լեզուին. գրաբար լեզուն գրական լեզու ըլլալէ առաջ, եղած է ժողովուրդին խօսակցական լեզուն եւ Մեսրոպ Մաշտոց ո՛չ թէ նոր լեզու ստեղծած է, այլ այդ խօսակցական լեզուին հիման վրայ ստեղծած է տառեր՝ զանոնք գիրի վերածելու համար:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

21 Սեպտեմբեր... Մեր ներկայ պատմութեան ամենէն նշանակալից թուականներէն մէկը: Հայրենիքի անկախութիւն։ Բաղձալի եւ նոյնքան ալ իրական։ Մեր մեծագոյն տօներէն մէկը, որուն՝ պարզ բառերով անհնար է արտայայտել: Եւ ամէն տարի, այս մասին խօսած, խորհած, գրած ու արտայայտուած ենք:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

Երեսփոխան Սերքան Պայրամի կեանքի ոդիսականին վրայ պատրաստուած ժապաւէնի հանդիսաւոր ցուցադրութիւնը:
Գումգաբուի երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Իսթանպուլի կուսակալ Տավուտ Կիւլ եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

Խոր անհանգստութեամբ տեղեկացանք, որ Ատրպէյճան «հակաահաբեկչական գործողութեան» իրականացման կեղծ պատճառաբանութիւններով ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու սկսած է Արցախի դէմ, հրետակոծութիւններու ենթարկելով խաղաղ բնակավայրերը, թիրախաւորելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Այստեղ կարելի է անդրադառնալ սուիրահայերու ներդրումին Հայաստանի ներկայ տնտեսութեան մէջ, ինչ որ ուղղակի կամ անուղղակի կրնայ համարուիլ յատկանշական եւ կ՚արժէ կարգ մը երեւոյթները լուսարձակել նոյն այդ ներդրումային շեշտադրումով՝
- Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան դրամատուներուն մէջ տեղակայուած գումարներու աճը՝ մանաւանդ սուիրական պատերազմէն վերջ սուրիահայերուն կողմէ։ Սա կրնայ համարուիլ նոր մեծ կամ փոքր շարժ մը Հայաստանի դրամատնային համակարգին մէջ:

Էջեր