Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թիֆլիզի ամենահին ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը Ներսիսեան հայկական դպրոցի շէնքն է, որ այսօր ալ իր պատմական տեսքով ակնածանք կ՚առաջացնէ, ինչպէս նաեւ՝ հետաքրքրութիւն այդ վեհաշուք կառոյցին հանդէպ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

• Մեծ պահքի մասին, կը գրէ Հայրապետը.
-
Բարեկենդանի բերկրալից օրերուն Մեծ պահքի լռութեան եւ սուսունքի օրերը կը յաջորդեն: Մարդկային կեանքը՝ զուարճութեան գագաթնակէտին հասնելով՝ եկեղեցւոյ կոչով սթափելու, ներքնապէս ամփոփուելու եւ ինքն իրմէ իր արարքներուն համար հաշիւ պահանջելու կը հրաւիրէ, առաջնորդուելով մեր Փրկիչին, մեր կեանքի Առաջնորդին մեզի տուած սկզբունքով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքին նպատակն է սէ՛րը։ Ուրիշ ամէն առաւելութիւններ, առաքինութիւններ, գիտութիւններ, ճշմարտութեան յայտնութիւնը պէտք է ըլլան միջոցներ միայն՝ հասնելու համար այդ նպատակին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վստահաբար շատ շատեր կը մտածեն, որ ծերանոցը այնքան ալ «ցանկալի» տեղ մը չէ, մանաւանդ անձերու համար, որոնք ունին զաւակներ ու թոռներ: Ոչ «ցանկալի» ըլլալը արդիւնքն է մեր ստեղծած նախապաշարումներուն. երբ կը կարդանք հիները, կը տեսնենք, թէ ծերանոցը որպէս դժոխք կամ անտեսուածներու վայր կը ներկայացուի. գրողներէն շատ շատեր «ծերանոց իյնալ» արտայայտութիւնը կը գործածեն եւ կամ իրենց քննադատութեանց մէջ խօսելով երեւոյթի մը մասին «հոս ծերանոց չէ» արտայայտութիւնը կ'՚ունենան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ իր բոլոր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ հանդիպեցան Էլիզէի պալատի երդիքին տակ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

Շիշլի մարզակումբի մարզիկները բոլոր ճիւղերուն մէջ կը շարունակեն իրենց մրցակցութիւնը։ Թէ՛ անհատական եւ թէ խմբային մարզաձեւերու մէջ ակումբին կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները արդէն կայուն հունի մը մէջ են։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

Համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն կը սգան ցաւալի եւ անժամանակ կորուստը՝ թրքահայութեան այնքան համակրելի ու երեւելի դէմքերէն Արարատ Մօրի, որու յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

Միջմիութենական նարտի մրցաշարքը համայնքային շրջանակներէն ներս վերջերս անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ եւ մեծ ոգեւորութեան թատերաբեմը դարձաւ։ Այս տարի 26-րդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքը արդէն վերահաստատուեցաւ՝ հոգելոյս Մուրատ Քէյիշօղլուի անունով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ձայն. Բարեւ… Էլիթ սրճարան: Այստեղ Նիւ Եորքն է: Ես արաբ Էյուպը կ՚ուզեմ:
Էյուպ. Կը լսեմ:
Ձայնը. Ես դոկտոր Խավիեր Պերես տէ Կույլարն1 եմ, չճանչցա՞ր զիս:
Էյուպ. Ցաւօք, ո՛չ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աւելի՛ երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Մարդուս կեանքը, ընդհանրապէս հաստատուած է նիւթական եւ հոգեկան առեւտուրերու վրայ, քանի որ մարդ՝ որպէս անհատ ընկերային արարած մըն է եւ անոր կեանքը մեծ մասամբ կախում ունի մէկզմէկու կեանքէն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բազմաթիւ հայերու համար այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երթալն ու այդտեղ կայք հաստատելը որքան ալ տենչալի ըլլալ թուի, անցեալին այդպէս չէր՝ մանաւանդ ամերիկահայ գաղութի առաջին գաղթականներուն համար:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով՝ Վատիկանի Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու քահանայապետական գրասենեակի ղեկավար կարտինալ Քլաոտիօ Կուչերոթթի Հայաստան կ՚այցելէ: Մայր տաճարի օծումը օրակարգի վրայ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի տասներորդ օրն է:
Երէկ խօսեցանք Տէր Յիսուսի ծոմապահութեան մասին, ապա եկեղեցւոյ հայրերէն հատուածներ մէջբերեցինք այդ ուղղութեամբ: Այսօր, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի բացատրութիւնները այս մասին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

Փաշինեան Միշէլի հետ հեռախօսազրոյց ունեցաւ՝ Ալիեւի հետ հանդիպումէն անմիջապէս վերջ:
Ըստ վերլուծաբաններու՝ Անգլիա կ՚ուզէ Հայաստանը ներքաշել Իրանի դէմ խաղին, իսկ միջանցքի հարցին շուրջ առաջինը Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը դէմ են, որ Ռուսաստանի կողմէ վերահսկուի իրենց հաղորդակցութիւնը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

Հայկական դասական երաժշտութեան բացառիկ երեկոյթ մը՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ:
Արթիւր Պաղտասարեան, Տիանա Յարութիւնեան եւ Մարգարիտ Սարգսեան արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024

Նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցին պատմական արարողութիւն: Նախագահ Մաքրոն վերայուղարկման առթիւ կը դամբանախօսէ, հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ հետեւանք կ՚ունենայ գինի եւ օղի խմելը:
Պատասխան.
Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան: Ով ո՛ր ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չ՚ըլլար» (Առ 20.1):

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ լուսանըկարիչ Ռոժէ Կասպարեան, վերջերս, «Ազնաւուր» հիմնադրամին հետ համագործակցութիւն մը ունեցաւ՝ Ֆրանսայի մէջ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի ծիրէն ներս…

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աշխարհը թանկագին միջավայր մըն է. հո՛ն է որ մարդկային սերունդը կ՚արտայայտէ ինքզինք՝ իր սքանչելի՜ կարողութիւններով, այդ աշխարհը պէտք է ըլլայ լուսաւոր, որպէսզի միակողմանի ըլլայ մարդկային արտայայտութիւնը. մեր կարողութիւններուն մէկ մասը պէտք չէ՛ մնայ խաւարի մէջ, մեր բարոյական ուժերը եւ ազնուութիւնները պէտք չէ՛ որ անտեսուին եւ մոռցուին՝ մեր նիւթական զբաղումներու բազմութեան մէջ, քանի որ միայն մարմնի ուժը եւ գեղեցիկ աճումը, բարիի ձգտումը բոլորովին մարմնական նկատումներով կարելի չէ՛ որ կեանքին բուն նպատակը ըլլայ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին որոշեցի թերթատել մեր դպրոցներուն մէջ որպէս հայերէն լեզուի դասագիրք օգտագործուող գիրքերը՝ տեսնելու համար, թէ ի՞նչ կը սորվին ու կը կարդան մեր հասակ առնող նոր սերունդները:

Էջեր