Արխիւ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն:
Մայր Աթոռը կը շարունակէ անհանգստութիւն յայտնել Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան շուրջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք, որ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը» թուայնացուցած է արեւմտահայ գրականութեան դասականներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն բնութեան հաւասարակշռութիւնները արագօրէն կը փոխուին, կենդանի տեսակներ կ՚անհետանան, տեղի կ՚ունենան աննախադէպ բնական աղէտներ եւ անոնց քանակն ու սաստկութիւնը օրէ օր կը մեծնան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միջին դարու վերջաւորութենէն սկսեալ իմաստասիրութեան ընկերային եւ քաղաքական կարեւորութիւնը հետզհետէ կորսնցուցած կ՚երեւի։ Միջին դարու երեւելի իմաստասէրներէն William Ockham (1300-1349), Keiser-ի կողմէ Պապի հանդէպ գիրեր գրելու նպատակով վարձուած, կաշառուած էր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգի վիճակը լաւապէս հասկնալու եւ մենք զմեզ լաւապէս ճանչնալու համար պէտք է մեր պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրել ու քննել: Չեմ գիտեր ինչու, յաճախ հայոց պատմութիւն ըսելով լոկ հայոց ցեղասպանութիւն, Վարդանանց ճակատամարտ ու նման մի քանի յատկանշական դէպքեր կը յիշենք, մոռնալով, որ ազգի մը պատմութիւնը մի քանի դէպքերէն անդին, իր մարդոց առօրեայով կարելի է լաւապէս հասկնալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2019 թուականին Լիբանանի տնտեսական տագնապի սրումէն ի վեր երկրի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին՝ Ռիատ Սալամէիի անունը որպէս մեղաւոր դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքին առթիւ։ Բաժակի պահուն բոլորը յարատեւութիւն մաղթեցին իրենց սիրեցեալ դպրոցին։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ֆութսալի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Ռոպէր Չեթինքայայի յիշատակին։ Վարչութեան այս նախաձեռնութեան իր զօրակցութիւնը բերաւ նաեւ Ռոպէր Չեթինքայայի որդին՝ Այգուն Չեթինքայա։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ այս ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Օրուան քարոզին մէջ հայր սուրբը անդրադարձաւ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին։
Շաբաթավերջին Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը յաջող համերգով մը հանդէս եկաւ, ինչ որ գտաւ լայն արձագանգ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը։ Այսպէս, խորքին մէջ ընկերային ու բնապահպանական զգայնութիւններու հետամուտ ծրագիր մըն էր այս մէկը։
Մինչ ընտրութիւններուն զուգահեռ երկրի ղեկավարութեան նոր դէմքերը յայտնի դարձած են եւ Թուրքիա ներկայիս տնտեսական գետնի վրայ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, երէկ երեկոյեան Կեդրոնական դրամատան համար նշանակուեցաւ նոր նախագահ մը։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան Սոչիի մէջ, ուր կազմակերպուած էր ԱՊՀ-ի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն հաւաքը։ Փութինն ալ Սոչի մեկնած էր այդ հաւաքին մասնակցելու համար եւ առիթէն օգտուելով աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Փաշինեանի հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին, որ վերջերս վիրահատութեան մը ենթարկուեցաւ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան կարեւոր ժողովներ։ Առաջինը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանն էր՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը ո՛չ միայն եկամտաբեր է Հայաստանի պետական պիւտճէին համար, այլեւ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ կարեւոր շերտեր, որոնք կրնան համահունչ կերպով փոխկապակցուիլ առկայ մարտահրաւէրներուն հետ։ Այլ խօսքով, հանքարդիւնաբերութիւնը միայն հանքեր գտնել կամ փորելը չէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը: Արդարեւ, շատերուս ծանօթ են պատմական մանրամասնութիւնները Սուրբ Էջմիածնի հիմնադրութեան, երբ Միածինը՝ մեր Տէրն ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս ոսկիէ մուրճով մը հարուածելով գետնին, ցոյց տուաւ մեր երկրորդ Լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգորին այն վայրը, ուր այսօր կանգնած է Միածնաէջ Սուրբ Տաճարը, համայն Հայութեան հոգեւոր ծննդարանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի (1102-1173). Ներսէս Դ. Կլայեցի (1166 թուականէն սկսեալ), 64 տարեկան էր, երբ կաթողիկոս դարձաւ թէեւ մարմնով տկար՝ ան նոյն հոգւով եւ եռանդով կառավարեց Հայ Եկեղեցին, ինչպէս երբեմն իբրեւ խորհրդական եւ գործակից իր եղբօրը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ գիր-գրականութիւնը նիւթաբեր էր. հայ մամուլը, թէեւ հազար ու մէկ զոհողութիւններով, իր կարելին կ՚ընէր թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս բարձր պահելու համար մշակոյթը եւ հասնելու ազգին եւ մա՛նաւանդ դպրոցի կարիքներուն:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Դպրոցի սրահին մէջ փոքրիկները այս առթիւ հանդէս եկան յաջող ելոյթներով՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ