Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հոկտեմբերեան վերջին եւ տաք կիրակի օր մըն էր: Իբրեւ սովորական հաւատացեալ եւ մանաւանդ քահանայի թոռ, որոշած էի անպայման եկեղեցի երթալ: Այր եւ կին նախընտրեցինք Ս. Աստուածածինը: Սանկ մեր յարկաբաժնի մօտերը «կանգնած», հպարտ եւ սլացիկ եկեղեցին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1995 թուականի մարտի 27-ին աշխարհը ցնցեց սպանութիւն մը. իր գրասենեակի աստիճաններուն վրայ վարձու մարդասպանի կողմէ գնդակահարուեցաւ իտալացի գործարար, «Կուչի» նորաձեւութեան հանրահռչակ տան ղեկավար՝ Մաուրիցիօ Կուչին:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Հոգիի մասին Տիեզերական Ա.-Գ. ժողովներուն մէջ ընդունուած է. «Սուրբ Հոգին կը բխի միայն Հայր Աստուծմէ, բայց Որդին կրնայ ուղարկել զայն» սկզբունքը։ Այս բանաձեւը ընդունուած է Նախնական Եկեղեցւոյ կողմէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ կրթական մշակ ու գրող Լեռնա Գարագիւթիւք, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց աշակերտութեան հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

Կը տեղեկանանք, որ Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը այս շրջանին թափ կու տայ սերնդափոխութեան պատրաստութեան եւ աշխատանքներու ձեռնարկած է՝ նոր սերունդէն դպիրներ հասցնելու առաջադրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

Ֆէրիգիւղի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տարեկան սիրոյ սեղանին արձագանգները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը քննարկէ համայնքային մամուլին առկայ հարցերը։ ԹՎՄ միջոց մը առաջ ստեղծած է մասնաւոր յանձնախումբ մը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս լրատուամիջոցներու կողմէ իրերայաջորդ հնչեցուած ահազանգներու լոյսին տակ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Զանգեզուրի միջանցքին աշխարհագրական ուղղութեան փոփոխութիւնը համընկնեցաւ «3+3» ձեւաչափով Իրանի մէջ կազմակերպուած հանդիպումին: Առաջինը այս մասին ազդարարեց Թուրքիոյ նախագահը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս բացուած է շահեկան եւ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը:
«Լճաշէն. ջրասոյզ գանձարան»ը կը ցոլացնէ ամրոց-դամբանադաշտի հարուստ հաւաքածոյէն կարեւոր հատուած մը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

Հայկական դիւանագիտութիւնը երէկ ցաւալի կորուստ մը կրեց. ոչ եւս է դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան, որ կեանքէն հեռացաւ 72 տարեկանին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ գուժեց, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան կնքած է իր մահկանացուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

Ըստ Պաքուի, հայկական կողմը պէտք է ըլլայ արդար ու շինիչ եւ ճիշդ ըմբռնէ տարածաշրջանի իրողութիւնները:
Ատրպէյճան կը նշէ Արցախի երկրորդ պատերազմին տարած յաղթանակը. Ստեփանակերտի մէջ մեծ զօրահանդէս:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս համախմբուեցան հին արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հոգեւոր առաջնորդները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Բարակացաւի տարածումը եւ անոր զոհերուն թիւը: Անոր արտայայտութիւնները: Ասիկա վարակիչ եւ ժառանգաբար փոխանցուող հիւանդութիւն մըն է: Վարակումը ամուսնութեան մէջ: Թոքախտի նշանները: Անոր նշանակութիւնը ամուսնական կեանքի մէջ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եթէ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը հիմ առնենք մարդկային դատողութեան, պէտք է ըսել, թէ «սրտի մաքրութիւն»ը ստացական չէ, այլ՝ բնածին է. ուրիշ խօսքով, մարդ կամ «կեղծաւոր» կը ծնի կամ «անկեղծ», պարկեշտ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ կ՚ունենայ երազներ, որոնք ցաւ ի սիրտ շատ անգամ կը մնան «երազ»ի կարգավիճակին մէջ: Երազներուն իրականութիւն չդառնալէն շատ աւելի տխուր երեւոյթ է սակայն տեսնել, որ յաճախ ծնողներ իրենց անկատար երազները կը փորձեն կեանքի կոչել իրենց զաւակներուն միջոցով:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Տաւուտ Լամէյ Աւ. Քահանայի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքի չեղեալ յայտարարուիլը նոր մարտահրաւէրներու դուռ բացած է սաղիմահայ կեանքէն ներս։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին «Կովերու պարտէզ»էն ներս բռնութիւններու մասին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հայաստանի համար ռազմավարական դիտանկիւնէն շրջադարձային թուական մը դարձաւ հոկտեմբերի 23-ը։ Նա՛խ, որովհետեւ տարածաշրջանի երկիրներու «3+3» հարթակի հանդիպումն էր Թեհրանի մէջ՝ մասնակցութեամբ Իրանի, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն, ի բացառեալ Վրաստանի, որ Ռուսաստանի հետ ունեցած հակամարտութեան պատճառով հրաժարած էր մասնակցելէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023

Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւնը արդէն կ՚ազդէ Եւրոմիութեան կողմէ Ուքրայնային ցուցաբերուած աջակցութեան վրայ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յոյս յայտնեց, որ խաղաղութեան ներկայ առանձնայատուկ հնարաւորութիւնը բաց չի թողուիր։ Պուքրէշ այցելութեան ընթացքին ան շեշտեց, որ երեսուն տարի անց Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման աւարտը եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան վերականգնումը նոր հեռանկարներ կը բանան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առջեւ։

Էջեր