Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր հրաւիրուած է մայրաքաղաք Անգարա՝ մասնակցելու համար Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի երդման արարողութեան։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ նորաստեղծ «Գաւիթ» հարթակի անդրանիկ քննարկումը։ Քննարկման կը մասնակցէին եկեղեցականներ, ազգային, հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ զանազան ոլորտներու պատկառելի այլ ներկայացուցիչներ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Յայտնութիւն Յովհաննուն Աստուածաշունչ Մատեանի 66 գիրքերուն վերջինն է։ Մեր պատանեկան տարիներուն քիչ մը մտահոգութեամբ եւ նաեւ վախով կը մօտենայինք այս գիրքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ի՞նչ պատահեցաւ, որ տարիներ շարունակ անսահման վստահութիւն վայելած ու ազդու դեր ստանձնած միաբանը մէկ օրէն միւսը կարգալոյծ հռչակուեցաւ:
Հայ Երուսաղէմի տագնապը միշտ խոշորացոյցի տակ:
Թէեւ Սուրբ Աթոռի գահակալը ունի խաղին ուղղութիւնը բնորոշելու համար անհրաժեշտ բոլոր լծակները, սակայն իր հնարաւորութիւնները կրնան փորձաքարի առջեւ յայտնուիլ, եթէ ջանայ առնել քայլեր, որոնք ներհակ կրնան համարուիլ Հին քաղաքի հրէականացման օրակարգին:
«Կովերու պարտէզ»ի գործարքը այնպիսի վիճակի մը մէջ է, որ դժուար թէ հարթ լուծում մը գտնուի՝ առանց քաղաքական զգայնութիւնները բորբոքելու Իսրայէլ-Պաղեստին-Յորդանան առանցքին վրայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, կիրակի, 4 յունիս 2023-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ Սուրբ Եղիա մարգարէին տօնը: Եղիա մարգարէն Հին կտակարանի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկն է, եւ այն քիչերէն մէկը, ով երկինք վերացուած առանց մահանալու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին անջնջելի եւ պատուական տեղ մը գրաւած է մեր այնքա՜ն սիրելի «Զուարթնոց» ընտանիքը։ Իրապէս «ընտանիք» մը՝ ուր մարդ ինքզինք միշտ ապահով եւ երջանիկ կը զգայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարօրինակ կը գտնեմ, երբ մարդիկ ամէ՛ն բան կը վերագրեն Աստուծոյ եւ բոլոր պատահարները «Աստուծոյ կամք»ը կը կարծեն: Այս մասին խօսակցութիւն մը ունեցայ անձի մը հետ, որ Սուրիոյ մէջ պատահած երկրաշարժէն հազիւ ազատած էր. խօսակցութեան ժամանակ յայտնեց, որ զինք «Աստուած փրկեց» եւ իր ազատումը պարզապէս Աստուծոյ կամքն էր:
Սիրելի ելեկտրոնիկ բաժանորդներ, առցանց ընթերցողներ,
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն թեւակոխած է իր անընդհատ հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ մենք այս յոբելենական շրջանին Ձեր բոլորին կը դիմենք զօրակցութեան սոյն հրատապ կոչով։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի երդման արարողութեան։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ տեսակցեցան Մոսկուայի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողանի այսօրուան երդման արարողութեան առթիւ Թուրքիայէն պաշտօնապէս հրաւէր մեկնած է Հայաստան։ Ուստի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ մայրաքաղաք Անգարա՝ այս հրաւէրին ընդառաջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց աղէտեալներու օժանդակութեան ենթայանձնախումբի ներկայացուցիչները, որոնք կ՚աշխատին Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի հովանաւորութեան ներքեւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց օտարերկրեայ երկու պատուիրակութիւններ, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Հայաստան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք այս կիրակի պիտի մասնակցին լիսէներու մտից քննութեան (LGS)։
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին, ամառնամուտի տրամադրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ, Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ համայնքային լիսէներու միջեւ մրցաշարք մը։ Հիւրընկալ վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդը իրերայաջորդ կարգադրութիւններով կը ջանայ՝ մօտաւոր անցեալի ցնցումի տարիներէն վերջ նոր ոստումի շրջան մը ապահովել Էսաեան վարժարանին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, առաջին հերթին դպրոցին համար նշանակուած էր նոր հիմնադրի ներկայացուցիչ մը։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հետ բարձր մակարդակի վրայ շփումները պիտի շարունակուին մօտաւոր ապագային։ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը։
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի երէկուան հերթական բանակցութիւններուն միացան նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Օլաֆ Շոլցը:
Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն առումով միջազգային բոլոր դերակատարներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ տարածաշրջանային փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը: Յաջորդ բարձր մակարդակի ժամադրութիւնը կը ծրագրուի յուլիսի վերջաւորութեան՝ նոյնպէս ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իրական ժողովրդավարութիւնը, այսինքն՝ ժողովուրդի ինքնակառավարումը գրեթէ անհնար քաղաքական վարչակարգ մըն է։ Ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեամբ քաղաքական վարչակազմ մը երբեք չի կրնար բանիլ կատարելագործուած ձեւով։ Արդարեւ, իսկական ժողովրդավարութիւնը իւթոփիա է՝ այսինքն երազային աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող համակարգ մը։