Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019

Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, շաբաթ օր, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Նոյն օրը նորին սրբազնութիւնը այցելեց նաեւ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Զանազան թաղերէ փութացած հոծ թիւով հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ունկնդրեցին նորին սրբազնութեան պատգամին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան սիրոյ սեղանը համախմբեց համայնքային շրջանակները: Դպրոցի սաներուն ելոյթները արժանացան ծափահարութիւններու:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019

Զուիցերահայութիւնը մասնակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի մատուցած Ս. Պատարագին:
Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ երէկ ստեղծուեցաւ իսկական տօնական մթնոլորտ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019

Համայնքային շրջանակները վերյիշեցին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը:
Աբիկ Հայրապետեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019

Հանրապետութեան նախագահը մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ:
Էրտողան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած յայտարարութեան մասին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Վարժարանի 5-7-րդ դասարանի սաներէն բաղկացեալ այս խումբը վերահսկեցին տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ ուսուցիչներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Որք զարդարեցին տնօրինաբար զիմաստս Անեղին,
հաստատելով յերկրի զգիր կենդանի՝
հովուել զհօտ նոր Իսրայէլի,
երգով քաղցրութեան հնչմամբ զԱստուած օրհնեսցուք:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան չորեքշաբթի օր կը յայտարարէր Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ ընթացք առնելիք ռազմական գործողութեան մասին։
Յայտարարութենէն ժամ մը վերջ, Թուրք զինեալ ուժերը ծանր հարուածներ կը հասցնէին մասնաւորապէս Ռեսուլայնի եւ Թել Ապեատի մէջ տեղակայուած ահաբեկչական զօրամիաւորումներու կեդրոնատեղիներուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղպտի եկեղեցիներու առաջնորդներ վերջերս հանդիպում մը ունեցան Գերմանիոյ Վորպուրկ քաղաքի Ս. Յակոբ ասորի եկեղեցւոյ վանական համալիրէն ներս։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, նաեւ Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիներու սրբազան պատրիարքներու օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եւրոպացի հայագէտներ եւ հմուտ հայ բանասէրներ ընդարձակ եւ խղճամիտ ուսումնասիրութիւններէ ետք հասած են այն եզրակացութեան թէ՝ հայ ժողովուրդը քրիստոնէութենէն առաջ առանձին գիրեր ունեցած է։ Այս ուսումնասիրութեան համաձայն այդ գիրերը հետեւեալները յայտնուած են. ա, բ, գ, դ, ե, զ, թ, լ, խ, կ, մ, յ, ն, շ, ո, պ, ս, վ, տ, ր, ց, ք. որ քսաներկու են։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Զուիցերիա։ Հայրապետական այցելութեան օրերը Նորին Սրբութիւնը կ՚անցընէ Ժընեւի մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հայ դպրութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ անպայմանօրէն անդրադառնալ հայ դպրոց-հայ լեզու-հայ ուսուցիչ երրորդութեան մասին։ Սփիւռքը այս երեքին միշտ կարիքը ունեցած է եւ ունի։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 4-րդ եւ 5-րդ դասարանի սաները երէկ այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած էր այդ ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին աշակերտները վերահսկեցին ուսուցչական կազմէն Մուրատ Մարաշ, Պիանքա Պոյաճըօղլու եւ Այլին Թոփուզ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօսքն է եւ երբ այդ գրի առնուած է իբր «Սուրբ Աւանդութիւն» Սուրբ Հոգիին ներշնչումով, կը լուսաւորէ ճշմարտութիւնը։
Ան կը պահպանէ Յիսուս Քրիստոսէն եւ Սուրբ Հոգիէն առաքեալներուն յանձնուած Աստուծոյ խօսքը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Սարեր, ձորեր կը սուրան չորս դիդ, երբ դուն նստած, հանրակառքի պատուհանին փարած, կը հետեւիս անոնց շղթային: Բարձրը, գաճաճը, տափարակը, կանաչը, լերկը, անտառոտը...

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019

ԵՐԱՄ

Օձունի երկյարկանի տուներէն մէկուն մէջ, անկողնին նստած, դէպի երկինք կը նայի տատիկը։
Շատոնց, բայց չի յիշեր, թէ ճիշդ երբուընէ ի վեր, գամուած էր այդտեղ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019

Երէկ, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսահայ անուանի նկարիչ Ռիշար Ժերանեան։ «Նոր Յառաջ» ցաւով կը գուժէ բօթը՝ ընդգծելով, որ ֆրանսահայ անփոխարինելի դէմքերու տերեւաթափը կը շարունակուի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Աշխապատ, ուր Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Աշխապատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հետ։

Էջեր