Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Երբ համայն մարդկութեան հետ հայութիւնը կը դիմագրաւէ այս համաճարակը, Պերճ Սեդրակեան յայտարարութեան մէջ կրկնեց ՀԲԸՄ-ի վաղեմի կարգախօսը. «Միութիւնը զօրութիւն է»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:
«Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ամբողջովին արտայայտուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ներկայացուած սկզբունքներուն եւ տարրերուն մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւնները կարեւոր են տարածքաշրջանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւանց ամրապնդման տեսակէտէ»:

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

Եւրոպական Միութիւնը քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի համար 51 միլիոն եւրօ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եւրոմիութեան Երեւանի գրասենեակը այս կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

«Այսօրուան թշնամին քորոնաժահրն է ու պէտք է միանալ այդ հասարակաց թշնամիին դէմ»:
Համաճարակը մտահոգիչ թափով կը ծաւալի Իսթանպուլի մէջ, ուր նոր սահմանափակումներ պիտի հաստատուին:

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու կանխատեսումներ ըրաւ, թէ քորոնաժահրի համաճարակը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործէ համաշխարհային համակարգին եւ պետութիւններուն վրայ։ Իր զգայացունց յայտարարութիւններուն մէջ ան մատնանշեց, որ համաճարակի հետեւանքով ծագած հասարակական անորոշութիւնները պիտի դառնան մշտական։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի Քիեւեան փողոցը այսպէս դատարկ չէ եղած։ Յաճախ վիճակը կիրակի օրերը կը յիշեցնէ, սակայն ամէն պարագայի բոլորիս համար երեւելի է, որ օրերը նոյնը չեն։
Ալ երկուշաբթի օրուան հեւքը չկայ, երբ մահէն յարութիւն առնող մարմնով աշխատանքի կը վազենք, մեզմէ բաժին մը տան սենեակներուն, պահարաններուն, այդ պահարանի դարակներուն մէջ թողլով ու վազելով հանդիպումի մը, որ ինչ-ինչ պատճառներու բերումով պիտի յետաձգուի, իր հետ սպաննելով օրուան ամբողջ սպասումը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

Կը տեղեկանանք, որ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութիւնը դարձած է 70 տարեկան։ Այսպէս, 2020 թուականը կը զուգադիպի Արամեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելեանին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Զարդարուն մոմերը կը պատրաստէր, արդուկուած հագուստները կողք-կողքի կը շարէր Մարի Ծաղկազարդի նախօրէին: Յաջորդ օրը պիտի արթննար, նախաճաշը պիտի պատրաստէր, յետոյ սուրճը, եւ պատրաստուելէ ետք ընտանեօք եկեղեցի պիտի երթային:

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

ԵՐԱՄ

Քնացեր էր Զանան։
Պայծառ, աստղազարդ երկնքէն մայրաբար իրեն կը նայէր մահիկը սպիտակ, դէմքը կը շոյէր։ Քար լռութիւն էր դուրսը, Պամը խոր քուն կը քաշէր։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մենք մեր հաւատքը դաւանելու ատեն, կը սկսինք ըսելով. «Ես կը հաւատամ» կամ «Մենք կը հաւատանք»։ Ուրեմն մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հաւատալ»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խորհո՛ւրդ մըն է յաւիտենականութիւնը։ Ո՜վ կրցած է յաւիտենականութեան մէկ չնչին կոտորակը հաշուել։ Ամենէն կատարելագործուած համակարգիչները, ամենէն հանճարեղ եւ տիտղոսաւոր գիտնականները, իրենց ամբողջ հնարքը գործածելով յաւիտենականութեան ովկիանոսին մէկ կաթիլ ջուրն իսկ չեն կրցած համրել։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրէ վարակուածներու 60 տոկոսը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Ըստ նախարարին կողմէ ներկայացուած վիճակագրական վերջին տուեալներուն, երկրի մէջ համաճարակի հետեւանքով մահացածներու թիւը հասած է 277-ի։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան երէկ հաղորդեց նախօրէին տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին շուրջ։ Այսպէս, ընտրութիւններու առաջին փուլին նախագահական թեկնածուներէն Արայիկ Յարութիւնեան ստացած է ձայներու 49.25 տոկոսը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

Թուրքիոյ Ինքնաշարժի նախաձեռնութեան խմբակը (TOGG) բարձր մակարդակի կառավարիչ (CMO) նշանակեց Թալին Եըլտըզը, որ շուկայավարման (մարքեթինկ) պատասխանատու պիտի ըլլայ։ Ան ինքնաշարժներու արտադրութիւններու բնագաւառէն ներս շատ փորձառու անուն մըն է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պոլսահայ կրթական համակարգը կը գործէ համաճարակի դէմ պայքարի միջավայրին պարտադրած վիճակով:
Համայնքային վարժարանները առցանց ուսուցումով կը ջանան հնարաւորինս կանխել իրենց աշակերտներու տուժելը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շատեր հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ էր պատճառը, որ քորոնա վարակի տարածման ամենամեծ օճախը դարձաւ Իտալիան։ Երկիր, որ մինչ այդ յայտնի էր զարգացած երկիր (անդամ «Մեծն ութնեակ»ին) մը ըլլալու հանգամանքով եւ այդ զարգացումը անշուշտ միայն տնտեսական երեսակին մասին չէր, այլ նաեւ առողջապահական, կրթական, մարզական, ինչպէս նաեւ բազմապիսի ոլորտներու։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Հաւատացելոց Պատարագ ըսուած մասը ե՞րբ եւ ի՞նչ ձեւով կը սկսի:
Պատասխան.
Հաւատմաքէն ետք սարկաւագը ժողովուրդին կը քարոզէ ու կը խրատէ, որպէսզի հաւատքով Աստուծմէ խնդրեն իրենց մեղքերուն թողութիւն եւ ամէն տեսակի շնորհք ու ողորմութիւն, այս խօսքերով.

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան օրերս կորսնցուց իր կողակիցը՝ Արիանա Քաոիլին։ Փիլիպպեաններու ծագումով աւստրալացի Արիանան պարզապէս սիրահարած էր Հայաստանի հող ու ջուրին, ամէն մէկ անկիւնին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2020-ը տակաւին նոր հունի մէջ մտած, համաճարակին պատճառով պատմական տարի դարձաւ: Ամէն մարդ այսօր, աշխարհի բոլոր կողմերը, այս մասին կը խօսի եւ պարզ չէ, թէ այս «խմորը» տակաւին որքա՛ն ջուր պիտի խլէ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020

Հայաստան միջազգային զօրակցութեան առարկայ՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ճանապարհին:
Փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ ԱՄՆ-ի, Չինաստանի եւ ԵՄ-ի քայլերուն շուրջ:

Էջեր