Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՛նչ ոգիով կը հաւաքուէին եւ ինչ էր ի վերջոյ այն ուժը, որ մերոնց մէջ դարի՜ւ-դարի՜ւ հաւաքուած էր ու կը սպասէր առիթի, որպէսզի զուլալ ձայնով դուրս գար ու ժայթքէր։
Առիթը միայն կտոր մը հաց, լաւ սեղան մը, բուրաւէտ ճաշերով «սեղան» մը բանալը չէր։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք պատասխանններ գտնելը բոլորս հետաքրքրող հարցումին: Այս գրութեամբ մէջբերումներ պիտի կատարենք դարձեալ Նոր կտակարանէն:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Գոհութի՜ւն քեզի, Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս, անհաշուելի, անիմանալի եւ անպատմելի պարգեւներուդ համար, որոնք տուիր եւ միշտ կու տաս մեզի՝ մեր կամեցածէն եւ մեր գիտցածէն աւելի։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Մարիոթ-Արմէնիա» պանդոկի բացօթեայ սրճարանը Երեւան այցելած սփիւռքահայերու հիմնական ժամադրավայրերէն մին է։ Մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակի տեսադաշտով մարդիկ զիրար կը վերագտնեն այնտեղ՝ անկախ այդ նոյն պանդոկին մէջ իջեւանելու պարագայէն։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դրան խաչը պոկած յանցագործը երէկ ոստիկանութեան կողմէ յանձնուեցաւ դատական իշխանութիւններուն։ CNN Türk-ի հաղորդումներով՝ Մազլում Տ. (26), կասկածեալի կարգավիճակով ոստիկանութեան կողմէ երէկ ուղարկուեցաւ Իսթանպուլի Անատոլուի ափի արդարադատական ատեանը, որ կը գտնուի Գարթալի մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ կարեւոր նշանակումներ ըրաւ Ստեփանակերտի ղեկավարութեան շարքերէն ներս։ Այսպէս, Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններուն զուգահեռ քաղաքական դաշտէն ներս տեղի կ՚ունենան լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ եւ զուգահեռաբար Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն մէջ տեղի կ՚ունենան շարք մը փոփոխութիւններ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Երէկ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որով զգայացունց տեղեկութիւններ փոխանցուեցան հանրային կարծիքին։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ կատարուած հաղորդման մէջ նշուած է, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին ելեկտրոնիկ նամակներու միջոցաւ, գրաւոր ձեւով մահուան սպառնալիքներ ուղղուած են հիմնարկին։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Աշխարհատարած մասնաճիւղերը մատակարարումներով կը դիմագրաւեն սննդամթերքի տագնապը:
ՀԲԸՄ համակարգուած ճիգեր կը գործադրէ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ:

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մինչեւ քորոնաժահրի համաճարակի աւարտը պիտի մնայ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին փափաք յայտնեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ յաւելեալ տարածքներ տրամադրուին իր երկրին համար։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին հրահանգ տուած է՝ Սուրիայէ ներս ռուսական բանակին համար յաւելեալ կալուածներու եւ ջրային տարածքի ապահովման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

ԵՐԱՄ

Կապոյտ մզկիթի շէյխը ներս հրաւիրեր էր Ֆարզատ քեռին ու Զանան, թէյ խմելու։ Թեհրանէն եկած անկոչ հիւրերը մտեր էին ներս, անցեր շէյխի տաքուկ կացարան, կտրուեր Երեւանի փետրուարեան պաղէն։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Խառն միտքերու դրդումով ձեռքը կը բանայ գզրոցը եւ հոնկէ դուրս կը քաշէ թղթածրար մը. կը թերթէ թուղթերը՝ թուականներ, կնիքներ, վկայագրեր... փաստեր անձերու գոյութեան, անոնց թափառումներէն, այցելած եւ ապրած վայրերէն տարբեր լեզուներով ստորագրութիւններ... անհատին կեանքի անցուդարձերուն վերնագրերը պարունակող պատմութիւն մը ի վերջոյ կամ «կեանք» վերնագրին տակ շարուած ենթավերնագրեր...:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային բնութիւնը այնպէս կը կանոնաւորէ մարդը՝ որ հաւատայ ընդհանրապէս այն որ տեսանելի է եւ շօշափելի՛։ Մարդուս համար անհաւատալի եւ անընդունելի է, այն որ չի տեսներ եւ թէ միշտ անծանօթ է եւ տարակուսելի՝ այն որ չի տեսնուիր։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

«Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը». յառաջատար հրատարակչատուներու հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը։ Հայաստանի մէջ շարք մը յառաջատար հրատարակչատուներ ընկերային ցանցերու մէջ հանդէս եկած են «Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը» նախաձեռնութեամբ, որու նպատակն է համատեղ ուժերով պայքարիլ գիրքերու անօրինական տարածումներու դէմ՝ հանրութիւնը հեղինակային իրաւունքի մասին իրազեկելու արշաւի միջոցով։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Աշխարհահռչակ իտալացի գեղագէտ ջութակահար, կիթառահար եւ յօրինող Նիքոլօ Փականինի ծնած է 27 հոկտեմբեր 1782 թուականին, Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին մէջ: Ան Անթոնիօ եւ Թերեզա Փականինիներու վեց երեխաններէն երրորդն է։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Լուսինէ Զաքարեան ծնած է 1 յունիս 1937 թուականին, Ախալցխա, Ջաւախք, Վրաստան, իսկ 30 դեկտեմբեր 1992 թուականին մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան 55 տարեկան էր, երբ մահացաւ անողոք հիւանդութենէ։ Լուսինէ Զաքարեան եղած է Կոմիտաս Վարդապետի, հայ հոգեւոր երգերու ու տաղերու մեկնաբան։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ուղղութեամբ սփիւռքի մէջ անխափան աշխատանք կը տարուի մասնագիտական շրջանակներու կողմէ։ Այս ծիրին մէջ նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ նաեւ «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութիւնը, որ կը գործէ Փարիզի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-րդ տարեդարձը նշուեցաւ պատշաճ շուքով:
Պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ այցելեցին Սարդարապատի յուշահամալիրը:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարէն վերջ, Թուրքիոյ մէջ աստիճանաբար կը խորանայ առօրեայի բնականոնացման գործընթացը։ Այս առումով ներկայ ամառնամուտը նոր սկիզբ մը պիտի բնորոշէ երկրին տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Բօթը հասաւ Նիւ Եորքէն։ Ոչ եւս է Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ան երէկ առաւօտեան ժամերուն անողոք հիւանդութեան պատճառով աչքերը փակած է կեանքին խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, սիրելիները եւ սփիւռքեան բազում շրջանակներ։

Էջեր