Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ 

-Զաւէնիկ, անունդ ի՞նչ է։
-Մէմի։
-Ըսէ Զաւէն։
-Մէմի։
-Զաւէն ըսէ՛,- կը շարունակեմ պնդել ես։
-Մէմի, մէմի…
Օրեր առաջ սորվեցանք, որ Զաւէնիկը ոչ միայն իր ընկերները, այլ նաեւ ինքզինքը կը կոչէ՝ մէմի։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Զանազան հանգամանքներու բերումով ամբողջ աշխարհի տարածքին սփռուած հայերը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1939-1945), աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու հետ մարտնչած եւ մեծ ներդրում ունեցած են ֆաշականութեան դէմ պայքարին մէջ: Այս առումով առանձնայատուկ ձեւով կը յիշուի ամերիկահայերուն մասնակցութիւնը պատերազմին:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս աւարտեցի հայազգի մեծ գրող, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Վահան Թէքէեանի «Երկու Դրախտներ - ցիրուցան էջեր» գիրքը, որ լոյս տեսած է 2017 թուականին Իսթանպուլի մէջ, որպէս «ԺԱՄԱՆԱԿ 100 տարի» մատենաշարի հինգերորդ հրատարակութիւնը: Գիրքը կազմած, խմբագրած է ու ծանօթագրած է Սեւան Տէյիրմենճեանը, իսկ յառաջաբանը գրած է՝ Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս «պատիւ»ը ըմբռնուած է նիւթական արժէքի մը պէս՝ պատիւը շատերու համար նիւթական բանի մը պէս կը տեսնուի, ճիշդ ինչպէս դրամը, գործը, տունը նիւթական արժէքներ են։ Սակայն պէտք է գիտցուի, թէ «պատիւ»ը այդ նիւթական արժէքներու պէս չէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

18-րդ դարու սկիզբին, Գերմանիոյ հիւսիսին փոքրիկ քաղաքի մը մէջ, որ կը կոչուի Լիւպեկ, 1721 թուականի փետրուարի 6-ին ծնած էր երեխայ մը։ Անոր կեանքը կարճ եղաւ, սակայն չափազանց կենսուրախ էր։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինքնաճանաչութիւնը ընտիր յատկութիւն մըն է՝ որ պէտք է ամէն անհատ մշակէ ինքն ի՛ր մէջ։
Արդարեւ, որքան դժուար է «ուրիշ»ը ճանչնալ, նոյնքան, եւ նոյնիսկ շատ աւելի դժուար է ինքզինք ճանչնալ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

ԵՐԱՄ

Ձիւնն արդէն լքեր էր քաղաքը, թէեւ ամուր կառչած կը մնար հեռաւոր ու շրջակայ լեռներուն։
Երեւանը լքեր էր նաեւ Ֆարզատ քեռին՝ արդէն երկու-երեք շաբաթ առաջ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

Հեռուստատեսային տաղաւարի մէջ կապիկը յարձակած է եգիպտացի հաղորդավարի վրայ։ Այսպէս, եգիպտացի հաղորդավարուհի Լոպնա Ասալ հարցազրոյցի ժամանակ ստիպուած է փախչիլ սթիւտիոյէն՝ կապիկի յարձակելու պատճառով:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

Հայաստանի Նորքի տուն-ծերանոցէն 101-ամեայ Նազանի Սիմոնեան յաղթահարած է COVID-19-ը եւ դուրս եկած հիւանդանոցէն։ Այսպէս, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնէն երէկ դուրս եկած է նոր քորոնաժահրով վարակեալ 101-ամեայ Նազանի Սիմոնեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

Հայազգի քլարինեթահար Անոյշ Պօղոսեան արժանացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական կրթաթոշակի։ Այսպէս, ամերիկաբնակ քլարինեթահար Անոյշ Պօղոսեան արժանացած է ԱՄՆ-ի նախագահական կրթաթոշակի «U.S. Presidential Scholars» արուեստի բնագաւառին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

Հենրիխ Մխիթարեան իր որդիի հետ լուսանկար հրապարակած է։ Այսպէս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական «Ռոմա» խումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան լուսանկար հրապարակած է իր որդիի հետ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ամէն օր հետեւողական ձեւով հրապարակել վիճակագրական տուեալներ։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 32 հազար 325 նոր քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 765 նոր վարակեալ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը չորս ամսուան ընդհատումէ վերջ երէկ ժողով մը գումարեց Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն՝ վճռակամութեամբ ընդգծելով արեւելեան Միջերկրականի իր շահերը, իրաւունքներն ու հետաքրքրութիւնները: Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ քննարկուեցան նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի ընթացքը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Twitter-ի վրայ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի մէջ քանի մը օր առաջ պատահեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Սեւամորթ քաղաքացի մը ոստիկանի մը կողմէ եղաւ խեղդամահ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի մէջ վաղը օրուայ առաջին կէսին նախատեսուած է Էսաեան վարժարանի տագնապին շուրջ՝ արդէն միջոցէ մը ի վեր սպասուած խորհրդակցութիւնը։ Սա կարեւոր իրադարձութիւն մըն է, որու նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր զուտ Էսաեան վարժարանով կամ Պէյօղլուի ընտանիքով։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի դրան խաչի պոկման դէպքի արձագանգները կը շարունակուին։ Իշխանութիւններու վճռակամ արձագանգին եւ յանցագործի անմիջապէս ձերբակալման զուգահեռ՝ քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներ կը շարունակեն արտայայտել իրենց հակազդեցութիւնը այս դէպքին դէմ:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռավար զրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերով մշտական քարտուղար Ուէնտի Մորթընի հետ։ Անգլիական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս զրոյցը, որու ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան շնորհաւորեց Ուէնտի Մորթընի նշանակումը եւ անոր յաջողութեան մաղթանքներ յղեց կարեւոր առաքելութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

Արմէն Սարգսեան. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ պարգեւն է, դուք էք մեր ապագան կերտողները»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը համացանցային մասնաւոր կայքէջ մը հաստատեց երեխաներու համար:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

​Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած տագնապէն վերջ առօրեայի բնականոնացման ճանապարհին առեւտուրը կը վերսկսի Իսթանպուլի պատմական կեդրոններէն ներս: Խանութպանները կը սպասեն զբօսաշրջիկներու վերադարձին՝ արդիւնաւէտութիւն ունենալու համար:
Կուսակալ Ալի Երլիքայայի մասնակցութեամբ՝ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը վերաբացուեցաւ Գոց շուկան, որու միայն տասն դռները կը բանին առայժմ:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկումով ծնունդ առած տագնապին վերաբերեալ նախատեսուած խորհրդակցութիւնը այս հինգշաբթի տեղի պիտի ունենայ Գումգաբուի մէջ։

Էջեր