Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Բօթը հասաւ Նիւ Եորքէն։ Ոչ եւս է Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ան երէկ առաւօտեան ժամերուն անողոք հիւանդութեան պատճառով աչքերը փակած է կեանքին խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, սիրելիները եւ սփիւռքեան բազում շրջանակներ։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վերջին դէպքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջին շրջանին խորհրդարանէ ներս իրերայաջորդ հարցադրումներով օրակարգի վրայ կը բերէ թրքահայ համայնքի վերաբերեալ զանազան հրատապ խնդիրները։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ցաւալի դէպքին արձագանգները կը շարունակուին բոլոր հարթութիւններու վրայ:
Իրաւապահ մարմինները երէկ օրուան երկրորդ կէսին իսկոյն գտան յանցագործը, որու հարցաքննութիւնը սկսաւ: Իշխանութիւններու կողմէ վճռական յայտարարութիւննե կատարուեցան՝ մեղմացնելով առկայ մտահոգութիւնը: Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղեց ստեղծուած իրավիճակին շուրջ:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Ցաւալի դէպք մը պատահած է 23 մայիս 2020, շաբաթ՝ այս անգամ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ փողոցի դրան առջեւ։ Երբ արդէն փողոց ելլելու արգելք կար շաբաթավերջին, անծանօթ անձ մը եկեղեցւոյ արտաքին դրան վրայ բարձրանալով կոտրած է այդտեղ գտնուող մետաղեայ խաչը, գետին նետած ու ապա՝ հեռացած վայրէն։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

ԵՐԱՄ

Կապոյտ մզկիթի շէյխը ներս հրաւիրեր էր Ֆարզատ քեռին ու Զանան, թէյ խմելու։ Թեհրանէն եկած անկոչ հիւրերը մտեր էին ներս, անցեր շէյխի տաքուկ կացարան, կտրուեր Երեւանի փետրուարեան պաղէն։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Խառն միտքերու դրդումով ձեռքը կը բանայ գզրոցը եւ հոնկէ դուրս կը քաշէ թղթածրար մը. կը թերթէ թուղթերը՝ թուականներ, կնիքներ, վկայագրեր... փաստեր անձերու գոյութեան, անոնց թափառումներէն, այցելած եւ ապրած վայրերէն տարբեր լեզուներով ստորագրութիւններ... անհատին կեանքի անցուդարձերուն վերնագրերը պարունակող պատմութիւն մը ի վերջոյ կամ «կեանք» վերնագրին տակ շարուած ենթավերնագրեր...:

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային բնութիւնը այնպէս կը կանոնաւորէ մարդը՝ որ հաւատայ ընդհանրապէս այն որ տեսանելի է եւ շօշափելի՛։ Մարդուս համար անհաւատալի եւ անընդունելի է, այն որ չի տեսներ եւ թէ միշտ անծանօթ է եւ տարակուսելի՝ այն որ չի տեսնուիր։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

«Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը». յառաջատար հրատարակչատուներու հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը։ Հայաստանի մէջ շարք մը յառաջատար հրատարակչատուներ ընկերային ցանցերու մէջ հանդէս եկած են «Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը» նախաձեռնութեամբ, որու նպատակն է համատեղ ուժերով պայքարիլ գիրքերու անօրինական տարածումներու դէմ՝ հանրութիւնը հեղինակային իրաւունքի մասին իրազեկելու արշաւի միջոցով։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Աշխարհահռչակ իտալացի գեղագէտ ջութակահար, կիթառահար եւ յօրինող Նիքոլօ Փականինի ծնած է 27 հոկտեմբեր 1782 թուականին, Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին մէջ: Ան Անթոնիօ եւ Թերեզա Փականինիներու վեց երեխաններէն երրորդն է։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Լուսինէ Զաքարեան ծնած է 1 յունիս 1937 թուականին, Ախալցխա, Ջաւախք, Վրաստան, իսկ 30 դեկտեմբեր 1992 թուականին մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան 55 տարեկան էր, երբ մահացաւ անողոք հիւանդութենէ։ Լուսինէ Զաքարեան եղած է Կոմիտաս Վարդապետի, հայ հոգեւոր երգերու ու տաղերու մեկնաբան։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ուղղութեամբ սփիւռքի մէջ անխափան աշխատանք կը տարուի մասնագիտական շրջանակներու կողմէ։ Այս ծիրին մէջ նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ նաեւ «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութիւնը, որ կը գործէ Փարիզի մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

Իտլիպի մէջ երէկ նահատակուեցաւ թուրք զինուոր մը։ Այսպէս, Ճանպերթ Թաթար, որ ծնած էր Էլազըղի մէջ, զոհ գնաց պայթումի մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ քորոնաժահրի դէմ պայքարի շրջանակին մէջ Թուրքիա յաջողած է ապահովել ռիսքի նուազեցումը։ Այս հանգամանքը կ՚ապացուցուի վիճակագրական տուեալներով։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

1960 թուականի պետական հարուածէն վեց տասնամեակ անց «Եասսըատա»ի մէջ յուշահամալիր:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեծ պայքար. այս օրերուն եղած դէպքերը կրնանք վերագրել այս երկու բառերուն մէջ։ Պայքար մէկ կողմէ ապրելու եւ կեանքը շարունակելու համար, բայց մանաւանդ պայքար՝ վերադառնալու բոլոր այն արժէքներուն, որոնք վերջին ժամանակներուն սկսած են նուազիլ։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

Սկիւտարի գաւառապետ Մուրատ Սեֆա Տեմիրեիւրէք այս առաւօտ այցելեց Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ իր հետ ունենալով Սկիւտարի անվտանգութեան տնօրէնը եւ Գուզկունճուքի թաղապետը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բարձրաստիճան պաշտօնատարները, որոնց այցելութիւնը զօրակցութեան ու կարեկցանքի բնոյթ կը կրէր։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

Սիրելի Արա Գօչունեան,
Կը հետեւիմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, գրեթէ օրը օրին։
Այս օրերուն, զիս շատ կը յուզէ տնօրէնուհիներուն՝ այսպիսի օրերուն մանաւանդ, անակնկալ հեռացումը իրենց նուիրական պաշտօնէն։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ի տարբերութիւն համայն աշխարհի, քորոնաժահրը Արցախ հասաւ բաւական ուշ։
Քիչ մը ժպիտ.
Գիտէք ինչո՞ւ մինչեւ հիմա Արցախի մէջ թագաժահր չկայ։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ծեր մամիկ մը առտու կանուխ գուճ եկած, ձեռնափայտը քարշ տալով քայլերը կ՚ուղղէ դէպի մօտակայ մթերային խանութը: Դէմքին կայ բժշկական դիմակ մը, որ անընդհատ վար կը սահի:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքի մէջ պարունակուած պատմութիւններուն վաւերականութիւնը, այսինքն անոնց արժանահաւատութիւնը արդէն հաստատուած է՝ անոնք ունին աստուածային հեղինակութի՛ւն։
Զոր օրինակ, Նոր կտակարանի պատմութիւնները նկատի առնենք։ 

Էջեր