Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սակայն Ներսէս Պատրիարք չյուսահատեցաւ։ Նոյն տարուան յունիսի 13-ին Պերլինի մէջ վերատեսութեան պիտի ենթարկուէր Սան Սթեֆանոյի համաձայնագիրը եւ Ներսէս Պատրիարք բաց չէր կրնար ձգել նման առիթ մը, անգամ մը եւս բարձրաձայնելու հայ ժողովուրդի խնդիրները. այս նպատակով ան կազմեց պատգամաւորական խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Խրիմեան Հայրիկի, անոր կողքին ունենալով Խորէն Եպսկ. Նարպէյը, Մինաս Չերազը եւ Ստեփան Փափազեանը:
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր նշուեցաւ Գալֆաեան տան հիմնադրութեան տարեդարձը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ յոբելեաններու արժեւորման փայլուն երեկոյթ՝ հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր:
Թամար Էսքէնեան եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը հմայեցին ունկնդիրները, որոնք խոր ապրումներ ունեցան որակեալ երաժշտական կատարումներու տպաւորութեան ներքեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ մանուկ էի, դեռ անծանօթ էի կարդալու եւ գրելու՝ հայերէն առաջին տառը կարդացի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ եւ այդպէս ծանօթացայ հայերէնի, հայ տառերու՝ այբուբենին։ Այդ պահուն հօրս եւ մօրս ուրախութիւնը մեծ էր եւ անոր կը մասնակցէր նաեւ եղբայրս։
ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻ՜ՒՆ… ԱՐԴԷՆ ՔԻՉ ՄՆԱՑ
Մամուլը կ՚ընդունուի հանրութեան հայելին. թրքահայ կեանքի ամօթալի համայնապատկերին վրայ համայնքային վարիչները լեզուի հարցը լուծել կ՚ուզեն մեր թերթը ոչնչացնելով ու զայն կը թիրախաւորեն՝ առկայ սնանկ համակարգը ցոլացնելու համար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդը աշխարհի ամենաեզակի եւ տինամիք մէկ տարրն է։ Անկասկած մարդը նաեւ ընկերային էակ մըն է, կը մտածէ հաւաքական կեանքի բարւոքութեան եւ այլ հաւաքականութիւններու հետ կամուրջներ կառուցելու մասին։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը վերջերս յատուկ ցուցահանդէսով մը արժեւորեց հայ մշակոյթի երկու մեծանուն տիտաններու՝ Հենրիկ Սիրաւեանի եւ Սերկէյ Փարաճանովի յոբելեանները։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան։
Երեւանի մէջ, «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը վերջերս մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց իր գործունէութեան 25-ամեակը։ Յոբելենական հաւաքոյթը համախմբեց հիմնադրամի աջակիցներն ու բարերարները, կառավարական պաշտօնատարներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։
Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել աշխուժութիւն դրսեւորելու համար՝ մինչ երկրին տեսակէտէ ճակատագրական իրադարձութիւնները ընթացքի մէջ են։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը հետամուտ է իր ներկայութիւնը զգալի պահելու՝ մանաւանդ Երեւանի կեդրոնին։
Մատենադարանը օժտուեցաւ ձեռագրերու կենսաքիմիական հետազօտութեան տարրալուծարանով մը:
«Այս ժառանգութիւնը դաժան պայմաններու ներքեւ հաւաքուած է՝ վանականներու, գաղթականներու եւ բարերարներու միջոցաւ»:
Թուրքիոյ յոյն համայնքը այս շրջանին եզակի յոբելեան մը կը նշէ։ Այսպէս, Ֆէնէրի յունաց վարժարանը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 570-ամեակը։ Դպրոցը հիմնուած է 1454 թուականին եւ այսօր կրթական գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ միջնակարգի եւ լիսէի ձեւաչափերու մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Թայլանտէն ուխտաւորներու խումբ մը։ Թայլանտի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Արթօ Արթինեանի կողմէ կը գլխաւորուէին ուխտաւորները։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Վերջին այցելութիւններս Հալէպ շատ հոգեպարար էին ու յուզումնալից, աւերակներով ապրող քաղաք, չքաւորութիւն, յուսալքութիւններ, հայութեան թիւի նուազում: Բազմազան զգացումներ ունէի Հալէպին հանդէպ. ցասում, խղճահարութիւն, կարօտ, նոյն կարօտի հատուցման խեղթող ու անբաժան փափաք (տնտեսական հատուցման հետ զուգակցող), որ կը տանէր նոյնիսկ դէպի ամենայն պատմականութիւնը դրժելու ու աւելի կապուելու համաշխարհայնացման (իբրեւ ապաքինում եւ բոլոր մեծ ու փոքր մարդկութեանց հաւաքականութիւններուն հաշիւներու լուացում):
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
-Սկիզբէն ի վեր մենք կղզիի մէջ չենք ապրած, մեր մշակոյթը միշտ այստեղէն այնտեղէն առած տուած ենք, սկսեալ մանրանկարչութենէն, հայկական գիրերէն:
-Հայութիւնը պահելու հարց մըն ալ կայ. հայկական ինքնութիւնը մաքուր պահելու պայքարը, որ շատ վաւերական իտէալ մըն է, որ դուն դարերու ընթացքին կերտած ես մշակոյթ մը ու կ՚ուզես մաքուր պահել զայն:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թորոս Ազատեան, բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հանրային գործիչ: Ծնած է 5 մայիս 1898-ին, Ակնի Ապուչեխ գիւղին մէջ:
Նախնական կրթութիւնը եւ ուսումը ստացած է Ակնի Նարեկեան, Վարագի եւ Չմշկածագի վարժարաններուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լեզուի մէջ գոյծածուող բոլոր բառերը միասին «բառային կազմ» կամ «բառապաշար» կը կոչուին։
Ուղղագրութիւնը առանց տառասխալի գրուելու արուեստն է։ Եւ այս իմաստով՝ ուղղագրութիւնը արժէք կու տայ գրութեան եւ կը կատարելագործէ, կը գեղեցկացնէ զայն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային հոգեկան ապրումները քաոսի մը ամբողջութիւնն են, սակայն անոնց մէջ կայ մէկը, որ տարբեր է միւսներէն. ապրո՞ւմ է, ձգտում թէ բնազդ՝ չենք գիտեր, սակայն համատարած է եւ մարդկային գոյութիւնն ու բնութիւնը գերազանցելու փորձ մըն է մարդու կողմէ ի գործ դրուած. անմահանալու, գէթ անուամբ ու յիշատակով յաւերժ կենդանի մնալու ինքնաբուխ փորձ մը:
«Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրով օրերս տեղի ունեցած համաժողովի ընթացքին, կառավարութեան ղեկավարը կրկին խօսեցաւ այն դրոյթներուն մասին, որոնց քանիցս անդրադարձած է տարբեր առիթներով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ցաւակցական մը ուղարկեց՝ նախընթաց օր Անգարայի մէջ TUSAŞ-ի համալիրին վրայ գործուած յարձակման բերումով։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տէր-Պետրոսեանի առանձնատան մէջ։