Արխիւ
Անգարա եւ Ուաշինկթըն միշտ կ՚ընդգծեն Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրին կարեւորութիւնը:
Նախարար Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստեղծուած է շատ առողջ երկխօսութիւն մը:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը երէկ հիւրընկալեց Անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ երեք եպիսկոպոսներ:
Հիւրերը ծանօթացան նաեւ Սուրբ Յարութեան տաճարի հայկական բաժիններուն՝ ներառեալ Ս. Վարդան մատուռը:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Համանուն սանուց միութեան կողմէ ձմրան շրջանին կազմակերպուած դասընթացքներու եզրափակիչ հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իտալիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը։ Ներկայ էր նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան:
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 2023-2024 շրջանի ձմրան դասընթացքները շաբաթավերջին եզրափակուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ակումբի կեդրոնին, Գարակէօզեան տան եւ Տատեան վարժարանի մարզասրահներուն մէջ կազմակերպուած դասընթացքները այս տարի եւս պսակուեցան յաջողութեամբ։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին հանդիսաւոր համերգով մը հանդէս եկաւ՝ իր հիմնադրութեան 95-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ, ուր շաբաթ երեկոյեան երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի համար ծանր գիշեր մը դարձաւ Կազզէի պատերազմը։ Այս դրութեան շատ հաւանաբար համաձայն է նոյնինքն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր առօրեայ բանաւոր եւ գրաւոր խօսքին մէջ երբեմն կը գործածենք դարձուածքներ, որոնք նշանաւոր դարձած են իբրեւ խօսքը զարդարելու միջոցներ, բայց չենք անդրադառնար, թէ ինչպէ՛ս ստեղծուած է այդ դարձուածքը եւ ի՛նչ ծագում ունի եւ ի՞նչ է առհասարակ դարձուածք: Ժամանակակից լեզուաբան Արմենակ Եղիայեան իր «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց» գիրքին մէջ դարձուածքին իմաստը այսպէ՛ս կը բացատրէ.
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գեղարուեստական ստեղծագործութեան եւ երջանկութեան յարաբերութիւնները, իրականութեան մէջ, հարթ գետին մը չունին։ Արդեօք արուեստի ստեղծագործական գործընթացը մեզ աւելի կ՚երջանկացնէ՞:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դարձեալ լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն,- Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր մեծանուն գրողներէն Պերճ Պռոշեանի ծննդեան 187 ամեակն է. գրող՝ որ ժամանակին իր յատուկ տեղը ունեցած է հայ գրականութեան մէջ. շատերու կողմէ սիրուած, սակայն իր քաղաքական համոզումներուն պատճառով բազմաթիւ քննադատութեանց արժանացած:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը. Մայր Աթոռի մէջ Հայրապետական մաղթանք:
Հայոց ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան պահպանման սրբութիւն սրբոց օրրանը, որ դարերու ընթացքին դարձած է անմահութեան գրաւականը:
Երուսաղէմի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աննախընթաց հաւաք մը, որ մէկտեղեց Սուրբ Քաղաքի հոգեւոր առաջնորդներն ու դիւանագիտական շրջանակներ։ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նիքոլաս Քասիանիտէսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան։
Ռուսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ ու գիտնական հայազգի Արթուր Չիլինկեարով 84 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն։ 1938 թուականին ան Լենինկրատի մէջ ծնած էր, հայրն էր Նիքոլայ Չիլինկեարեան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ, որոնք շնորհաւորեցին իր ծննդեան տարեդարձը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Չինաստան։ Փեքինի մէջ ան առաջին փուլին վերլուծական կեդրոնէ մը ներս ունեցաւ ելոյթ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին արարողութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Գալֆաեան տան մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Տղաքը ամբողջ տարուան իրենց աշխատանքին արդիւնքը ներկայացուցին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ վարժարաններու կրօնագիտութեան ուսուցիչներուն հետ, որոնք անցեալ շրջանին Պատրիարքարանի կողմէ կազմակերպուած վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցեցան։