Արխիւ
Հայաստանի հիւսիսին շաբաթավերջին պատահած ջրհեղեղի հետեւանքները մեղմացնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին։ Կառավարութիւնը 300 միլիոն դրամ յատկացուցած է հեղեղներէն տուժած համայնքներու եւ շրջաններու հրատապ խնդիրներու լուծման նպատակով։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ալեկոծումները կը շարունակուին, ինչ որ կը պայմանաւորէ նաեւ 28 Մայիսի՝ Հանրապետութեան տօնի մթնոլորտը։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը, թէեւ բազմամարդ հանրահաւաքներ կազմակերպել չյաջողելով հարցականի տակ կը թողու իր ներուժը, սակայն իշխանափոխութեան հարցը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակութեան տօնին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս տօնին օրը ամէն տարի կը կատարուի Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ վերջին օրերուն ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա, այսօր կը վերադառնայ Թուրքիա։ Ան այցելութեան օրերուն մասնակցեցաւ զանազան եկեղեցական արարողութիւններու եւ տեսակցեցաւ՝ իր այցելած շրջաններու՝ մանաւանդ նախկին թրքահայ հաւատացեալներուն հետ։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ վերամրապնդուեցաւ իր աւանդութիւններուն մէջ։ Առաւօտուն Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչներն ու զանազան սերունդներէ սաներ երախտագիտութեան այց մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան պատրիարքներու թաղամասը, ուր ոգեկոչուեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերը։
Շիշլի մարզակումբի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ քայլերթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն նկարիչ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան վերջին շրջանին պոլսահայ գեղարուեստասէրներու համակրանքին առարկայ արուեստագէտ մը դարձած է։ Շաբաթավերջին իր հերթական ցուցահանդէսը բացուեցաւ քաղաքիս մէջ։
Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջը անցուց տօնական տրամադրութեամբ։ Էսաեանցիներու այս տարուան հաւաքը առիթ հանդիսացաւ արտասովոր ոգեւորութեան եւ բոլորը ականատես դարձան սերունդներու մեծ տողանցքի մը։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ պատմական օր մը ապրեցաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի նորակառոյց շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Հայաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ջրհեղեղ։ Երկրի հիւսիսին՝ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ տեղատարափներու հետեւանքով զանազան գետեր յորդեցան իրենց հունէն։ Յորդառատ անձրեւը պատճառ դարձաւ, որ որոշ բնակարաններու պարագային ժողովուրդը տարհանուի։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն կ՚այցելէ Եւրոպա։ Դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս երէկ առաւօտ ան մասնակցեցաւ Լիէժի մէջ մատուցուած հայածէս Ս. Պատարագին, որուն նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի երէկուան հանրահաւաքը. մեծ ռիսքերու բովին ընդմէջէն «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը կը թեւակոխէ իր ճակատագրական փուլը:
Գրեթէ անհաւանական է Նիկոլ Փաշինեանի սահմանադրական ճանապարհով հեռացումը, մնացեալ վարկածներու պարագային կան ներքին բախումներու ծագման վտանգները, որոնք աւելիով կրնան զօրացնել վարչապետին դիրքերը՝ ձախողեցնելով իշխանափոխութեան ջանքերը: Հանրապետութեան հրապարակի ցոյցը քայլ մը ետ էր՝ 9 մայիսի նախորդին բաղդատմամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհի նոր իրադրութիւնը հետեւեալն է. «բոլորը կախեալ է բոլորէն»։ Չկան տարածքային կամ կրօնական որեւէ սահման այն հարցերու պարագային, որոնք կը հետաքրքրեն ամբողջ մարդկութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին, բայց ասիկա պէտք չէ ձանձրացնէ մարդս, քանի որ ամէն բանի, մինչեւ իսկ կեանքին պատճառը եւ սկիզբը սէ՛րն է։ Չէ՞ որ Աստուած սիրով եւ իմաստութեամբ ստեղծեց մարդը եւ սիրով օժտեց եւ լիացուց զայն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արաբ ժողովուրդը յայտնի է իր հարուստ մշակոյթով, սակայն ինչպէս չես գիտեր, այսօր անոնք աշխարհին կողմէ կը ճանչցուին իրենց ահաբեկչական խմբաւորումներով, թէեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը յաջողեցաւ մասամբ մը փոխել այդ կարծրատիպերը:
Սամաթիոյ ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ երէկ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, թաղի Թարգմանչաց վարժարանի լուսանկարչութեան ակումբին ջանքերով պատրաստուած՝ «Եօթ տարբեր հայեացք» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծարեց իր երիցագոյն անդամներէն Կարպիս Պալմումճուն, որ երկար տարիներ եղած էր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ երէկ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ մեծարանքի ցերեկոյթ մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Կարպիս Պալմումճուին։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ պանծացուց հայկական երգն ու երաժշտութիւնը։ Այսպէս, թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երգչախումբին հանդիսաւոր համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։
Հայաստան-Ռուսաստան առանցքին վրայ կուտակուած տարակարծութիւններու առկայ մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Այսպէս, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին խորհրդակցութիւններու համար կանչուեցաւ Մոսկուա։