Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2024

Իշխանական վարչախումբը սկսած է դիմել կոշտ բռնաճնշումներու՝ զանգուածային ծեծուջարդ, ձերբակալութիւններ, առեւանգումներ, անհնազանդութիւն յայտնող քաղաքացիներու դէմ ապօրինի գործողութիւններ եւ այլն։ Հասկնալի է, որ հանրային աջակցութիւն չունենալով՝ իշխանութիւնը կրնայ յենուլ միայն ոստիկանութեան կամ արտաքին որեւէ խաղացողի մը վրայ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2024

Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած դեսպանահաւաքը երէկ եզրափակուեցաւ՝ ծաւալուն քննարկումներէ վերջ:
Դիւանագէտները մասնաւորապէս անդրադարձան տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման հարցերուն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

Այն, ինչ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի էթնոմշակութային, աշխարհայեացքային եւ հոգեւոր-գաղափարական ոլորտէն ներս, կարելի է դիտարկել՝ որպէս ազգային ինքնութեան կամ տեսակի ծրագրուած ոչնչացման գործընթաց:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան բարձր գնահատեց սփիւռքահայ մտաւորականին կողմէ ծաւալուած աշխատանքը:
Կրետէ կղզիի մէջ փոքրաթիւ հայ համայնքի եւ հիւրերու մասնակցութեամբ շնորհանդէս՝ տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի գիրքին համար:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ծննդաբերութիւն մը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէ ներս՝ բոլորին առթելով յուզումնախառն զգացումներ։ Նորածին Լուսէն լոյս աշխարհ եկաւ հրաշքի համազօր ձեւով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի կը պատրաստուի Թուրքիա այցելել՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ վերջին շրջանին ստեղծուած է լուրջ աշխուժութիւն, որ կ՚ուղղորդուի բարձր մակարդակի շփումներով եւ փոխադարձ այցելութիւններով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ այս շրջանին դարձեալ թէժ իրադարձութիւններ կ՚ակնկալուին։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կողմէ գլխաւորուած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժումը կը նախատեսէ աշնան սկիզբին վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը եւ թափ տալ իշխանափոխութեան ուղղեալ պայքարին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

Դիլիջանի մէջ համախմբուած դիւանագէտները կը շարունակեն բազմակողմանի քննարկումները:
Նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ արժեւորում:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

Ֆրանսայի հեռուստակայաններու աւագ աշխատակիցներէն Ակնէս Վահրամեան կը պատրաստուի նոր պաշտօնի մը կոչուիլ՝ յառաջիկայ սեպտեմբերի 16-ի դրութեամբ։ Ֆրանսահայ յայտնի եւ վաստակաւոր լրագրողը նշանակուած է «Radio Franceinfo-RFI»ի տնօրէնուհի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

Հաքան Ֆիտան-Ճէյհուն Պայրամով հանդիպումը առիթ դարձաւ տարածաշրջանի կացութեան գնահատման:
Ամիրպէյով կրկնեց, որ խաղաղութեան պայմանագրին առջեւ հիմնական խոչընդոտն է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դասախօսութիւններու դահլիճը լեցուն էր այն մարդոցմով, որոնք անձրեւի ջուրին ծարաւով կու գային այնտեղ. անոնց մէջ էին՝ մտաւորականներ, անգրագէտներ, բանուորներ, պաշտօնեաներ, պարտիզպաններ, արհեստաւորներ, ուսանողները՝ յաջողակ ու ձախողակ. այս բոլորին մէջ առաջիններն էին պատերազմի հաշմանդամները եւ գործազուրկները, որոնք ձգած էին իրենց տուները, դպրոցները, պարտէզները, գործարանները, դիմակայելով ահաբեկութիւնները՝ թէ գործէն պիտի ազատուին, եւ եկած են հանդիպելու մերժումի եւ տեսութեան վարպետին հետ, այս դժուարին փուլին, որու մէջէն կ՚անցնին իրենց ազգերը, ժողովուրդներն ու հայրենիքները:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային բարութենէն։
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ի՛նչ որ ճշմարիտ է, ի՛նչ որ ազնիւ է, ի՛նչ որ արդար է, ի՛նչ որ մաքուր է, ի՛նչ որ սիրելի է, ի՛նչ որ պարկեշտ է, ի՛նչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ինչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը». (ՓԻԼ. Դ 8)։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ ներկայ գտնուեցայ թաղման արարողութեան մը. 65 տարեկան մարդ մըն էր մահացողը. այնքան ալ մօտիկ ծանօթներ չէինք, սակայն որպէս յարգանք պարտէի ներկայ գտնուիլ յարգանքի վերջին տուրքին: Ողբացեալին ընտանիքը մօտէն չէի ճանչնար. առաջին անգամն էր կը տեսնէի տղան՝ որ արտերկիր կ՚ապրէր. լսած էի, թէ մանչ զաւակ մը ունէր, սակայն նորութիւն էր գիտնալ, որ ունի նաեւ աղջնակ մը, որուն մասին բան լսած չէի եւ ո՛չ ալ տեսած:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Հարցում. Ի՞նչ կու տայ սիրտի մաքրութիւնը մարդուն:
Պատասխան.
Առակացի մէջ կը կարդանք. «Սիրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ ու թագաւորը անոր բարեկամ կ՚ըլլայ» (Առ 22.11): 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ըստ եկեղեցական իրաւաբանութեան՝ «նշանադրութիւն» կը նշանակէ պսակուելէ առաջ երկու կողմի համաձայնութեամբ կայացուած վճիռը՝ որով կը յայտարարուի ոեւէ աղջիկ «նշանած» տղու մը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր ազգի խնդիրները լուծելու լաւագոյն ձեւը Պապի անսխալականութեան հասկացողութենէն դուրս գալն է, որովհետեւ ազգովին ունինք այն կարծիքը, թէ մեր ղեկավարները անսխալական են. անոնց այս կամ այն գործը քննադատելը սրբագրութիւն որպէս դիտուելու փոխարէն կ՚ընկալուի որպէս «դաւաճանութիւն». քննադատողը յանկարծ կը դառնայ ժողովուրդին թշնամին եւ կը հալածուի:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը:
Դիլիջանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուն խորհրդակցութիւն՝ Երեւանի որդեգրած առաջնահերթութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024

Իսրայէլի «The Jerusalem Post» հեղինակաւոր օրաթերթին մէջ այսօր լոյս տեսած է ուշագրաւ յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերուն շուրջ։ Նատաւ Թամիրի ստորագրութեամբ հրապարակուած է յօդուածը, որուն մէջ հրատապ կոչ կ՚ուղղուի Հին Քաղաքի Հայկական թաղամասի պաշտպանութեան համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024

Երուսաղէմի պատրիարքութիւններուն եւ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ կազմակերպուած հաւաքին յաջորդած յայտարարութեամբ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի Սուրբ Երկրի առկայ պատերազմը աւարտի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2024

Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ անցեալի իր վաստակեալներու յիշատակին նկատմամբ երախտագիտական թերացումներ չընելու համար։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ ակումբի անմոռանալիներէն հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի ի յիշատակ կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որու հերթականը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։

Էջեր