Արխիւ
Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ոստումի ենթագետին:
Առաջնորդարանի համալիրը պիտի ընդարձակուի երկու յարկով, Կլենտէյլի մէջ ալ նոր մասնաշէնք մը պիտի կառուցուի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հոգեւոր կեանքին եւ Աստուծոյ հետ առողջ յարաբերութիւն ունենալուն աենէն կարեւոր հիմքը սէրէն ետք՝ հաւատքն է, առանց որու մարդ չի՛ կրնար առողջ յարաբերութիւն ունենալ իր Արարիչին հետ:
Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնի հիւրընկալմամբ ընթրիքի սեղան:
Ֆրանսական պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած իֆթարը համախմբեց քաղաքիս կրօնական առաջնորդները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընդունեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն։ Թեհրանի զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այս առաւօտ ձերբակալուեցաւ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, քաղաքապետարանէն ներս երկու զատ հարցաքննութիւն կը կատարուի՝ ահաբեկչութեան եւ կազմակերպեալ յանցագործութեան վերաբերեալ նիւթերով։
Կիպրական հիմնախնդրին շուրջ կազմակերպուած են ընդլայնուած ձեւաչափով անպաշտօն ժողովներ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա իրենց երկրորդ զրոյցն էր, որ տեւեց երկուքուկէս ժամ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շփումը եղած է ծաւալուն եւ արդիւնաւէտ։
Այս հարցի արդիականութիւնը Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգ մտաւ նոյնքան յախուռն ու անսպասելի՝ որքան փետրուարի 17-ի ասուլիսի Հայաստանի երկրորդ նախագահի այն բացայայտումը, թէ «Հայաստան» դաշինքը ծանրակշիռ մասնակցութիւն պիտի ունենայ յառաջիկայ քաղաքական գործընթացներուն՝ ըլլան անոնք խորհրդարանական հերթական կամ արտահերթ ընտրութիւններ եւ կամ փողոցային պայքարի մարտավարութիւն։
Առաջնահերթ օրակարգ. «Սուրիոյ կողքին կանգնիլ. յաջող անցումի մը համար դիմագրաւել կարիքները»:
ԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած հերթական խորհրդաժողովին առաջին անգամ հրաւիրուեցաւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնը:
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր կը պատրաստուի այս ամսավերջին ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, 30 մարտ-2 ապրիլ թուականներուն ան պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կ՚ունենան հեռախօսազրոյց մը։ Անցեալ փետրուարի 12-ին անոնց միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութենէն վերջ, սա արդէն նախագահներու երկրորդ շփումը պիտի ըլլայ։
Մեծ բանաստեղծ Զահրատի 100-ամեակին ձօնուած «Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման արձագանգները կը շարունակուին։ Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ կեանքի կը կոչուի այս բացառիկ նախագիծը, որ արժանացած է բարձր գնահատանքի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդ երբեմն կը գիտակցի իր արարքներուն եւ երբեմն՝ ոչ: Երբեմն կը գիտակցի իր չորս կողմը կատարուած իրողութիւններուն եւ երբեմն՝ ոչ: Երբեմն կը գիտակցի որոշ առաքինութիւններու եւ երբեմն՝ ոչ:
Էսաեան վարժարանի պատասխանատուները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյին։ Այս վերջինը նշանակումէն վերջ մօտաւոր անցեալին դպրոց այցելած էր եւ երէկ ալ Էսաեանի պատասխանատուները փոխադարձած եղան այդ քայլին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ հաւանով ծեծես ալ, անոր յիմարութիւնը անկէ չ՚երթար» (Առ 27.22):
Պատասխան. Իմաստունին այս համարը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք կը յամառին իրենց յիմարութեան եւ տգիտութեան մէջ մնալ, մերժելով գիտութիւն ստանալ եւ իմանալ ճշմարտութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի երրորդ կիրակին «Անառակին» կիրակին է, ուր կը պատմուի անառակ որդիի մը, հօրը եւ անառակին եղբօր յարաբերութիւնները՝ որոնցմէ կարելի է քաղել բազմաթիւ հոգեւոր դասեր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս կազմուած գրական հաւաքոյթի մը ընթացքին տարիներու ծանրութեամբ մտաւորական մը խօսք առնելով փորձեց ներկաներուն մէջ սերմանել այն համոզումը, որ մեր ազգին մերօրեայ վիճակը՝ հակառակ տագնապներուն եւ անկումային դրութեան այնքան ալ թշուառ չէ եւ դիտել տուաւ, որ այսօր ի յայտ եկած է շատ աւելի գիտակից, իր ինքնութեան մէջ անշեղ սերունդ մը՝ որ իր մէջ աւելի հայրենասիրութիւն կը կրէ քան անցեալի սերունդները:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ սա եղաւ Սպիտակ տան նոր շրջանի առաջին ամենաբարձր մակարդակի շփումը։
Պոլսահայ մշակութասէրներուն տեսակէտէ շաբաթավերջին եզակի ու հաճելի իրադարձութիւն մը եղաւ «Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումն ու նոյն առթիւ պատրաստուած գիրքին շնորհանդէսը։ Երէկ յետմիջօրէին, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի վիթխարի ժառանգութեան վառ հետքերուն հետեւելու առումով ինքնուրոյն հնարաւորութեան մը վերածուեցաւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ի՞նչ կ՚ընէիք, եթէ անցեալին երթայիք եւ դիտէիք այն իրադարձութիւնները, որոնք արդէն տեղի ունեցած են: Էմի Հարմոնի կողմէ գրի առնուած «Միայն քամին գիտէ» խորագրեալ գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Էնը կը ստիպուի ինքն իրեն տալ այս հարցումը, երբ կը վերադառնայ իր ընտանիքի սկզբնակէտին՝ այն ժամանակ, երբ կը կարծէ, որ ամբողջովին կորսնցուցած է իր ընտանեկան արմատները: