Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ապագայապաշտութիւնը կամ ապագայականութիւնը (futurisme), թէեւ 20-րդ դարուն ծագած հասկացողութիւն մըն է եւ զայն առաւելապէս արուեստի եւ շինարարութեան մէջ ձեւ ու էութիւն ստացաւ, բայց ժամանակակից կեանքին հետ ապագայականութիւնը (ոչ իբրեւ տեսութիւն, դպրոց կամ նոյնիսկ դպրութիւն) արդիականութեան հետ հոմանիշութիւն մը ձեռք բերաւ եւ մարդկային ապրուստի, ոճի եւ մտածմունքի-մտածելակերպի ընդմէջէն կեղծ կամ իրական, այսպէս ըսած վաւերականութիւն ստացաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Փոքր ժամանակ բազմիցս կրկնեցին, որպէսզի հասկնանք. «փոքր ու մեծ մեղք գոյութիւն չունի. մեղքը մեղք է». այսպէս կամ այնպէս հասկցանք, որ մէկ հաւկիթ գողցողն ու ամբողջ հաւնոց մը յափշտակողը նոյնացնողը անոնց գող ըլլալն է. ի՜նչ փոյթ թէ Ջիւանին մէկ հաւ գողցողը «խեղճ» նկատելով «խելքի՛ աշեցէք» կը բարձրաձայնէր:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ընդունեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Մոսկուա-Փեքին յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով կը զարգանան բաւական յաջող։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Պլինքըն քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2024-2025 ուսումնական շրջանը։ Վերամուտի հանդէսի մթնոլորտը համազօր էր տօնախմբութեան:
Ողջունելի ձեռքբերում. Ռոպէր Քոփթաշ ընթերցասէրներու դատին կը յանձնէ իր անդրանիկ վէպը:
«İletişim» հրատարակչութենէն լոյս տեսած գործին մէջ հեղինակը կ՚արտայայտէ բազմաշերտ ու բարդ զգացումներ՝ կեդրոնանալով 20-րդ դարու իրադարձութիւններու ստուերին տակ ընտանիքի մը սերունդէ սերունդ կրած ապրումներուն վրայ:
Վեհ. Հայրապետին նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն:
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման պատրաստութիւնները ամփոփման փուլի մէջ են:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրերէ ի վեր դարձեալ անտրամադիր, քիչ մը յոգնածութիւն, քիչ մըն ալ ծուլութիւն, զիս նետած էին տանս մէկ անկիւնը, առանձնացած՝ սենեակէս ներս։ Այս, ա՛յն սենեակն է, որ Ամերիկան եւ ուրիշ շատ բաներ օրին արդէն դուրս ձգած էի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ճարտարապետութեան եւ զբօսաշրջութեան փոխյարաբերութիւններու մէջ կան փոխազդեցութիւններ: Զբօսաշրջութեան պահանջը կրնայ կրօնական շէնքերը վերածել պատկերասրահներու, խորհրդարանները՝ զբօսաշրջութեան վայրերու, երկնաքերերը՝ համայնապատկերային աշտարակներու կամ մասնաւոր բնակավայրերը՝ թանգարաններու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կէտադրութիւն»ը՝ գրաւոր խօսքի մէջ ընդունուած կարգ մը նշաններ են, որոնց միջոցով կ՚արտայայտուին խօսքի դադարները, ձայնի երեւէջները, կ՚անջատուին նախադասութեան տարբեր մասերը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուած մարդ արարածը իր ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը նկատեց եւ անոր տուաւ իր պատկերն ու շունչը. ամէ՛ն բան ստեղծեց մարդուն համար եւ մարդը որպէս գերագոյն ստեղծագործութիւնը անոնց վրայ պատասխանատու նշանակեց. սակայն այն բարձրութիւնը որ Աստուած տուաւ մարդուն՝ մարդը չկրցաւ տալ իր նմանին եւ որոշեց միւս ստեղծագործութիւնները աւելի բարձր նկատել՝ քան իր նմանը, որ ունէր նմանութիւնը նաեւ Աստուծոյ:
Հանրակրթական դպրոցներու 8-րդ դասարանի պատմութեան նոր դասագրքին մէջ տեղ գտած է վիճայարոյց հատուած մը, ըստ որուն՝ 19-րդ դարասկիզբին Ռուսաստանը բռնակցած էր Արեւելեան Հայաստանը:
Շարլ Ազնաւուրի շարժանկարի ճանապարհորդութիւնը յատուկ ծրագրով մը կ՚արժեւորուի Երեւանի կեդրոնին:
Գեղարուեստասէրները յետադարձ հայեացքով առասպելական երգիչը կը վերյիշեն՝ որպէս դերասան, որ աւելի քան 90 ժապաւէնի մէջ նկարահանուած է՝ միշտ յաւակնոտ որակով մարմնաւորելով կեանքի գեղեցկութիւնն ու բարդութիւնները:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան վերջին օրերուն այցելեց հարեւան Իրաք։ Բացի Պաղտատի մէջ կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելէ, Փեզեշքիան այցելեց նաեւ Հիւսիսային Իրաք, ուր քրտական ինքնավարութեան իշխանութիւնները եւս ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին իրեն վերաբերեալ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան դէպի Փեքին աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս տեսակցեցաւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար ծովակալ Տոնկ Եունի հետ։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատուրեանի վերջին ձայնասկաւառակը արժանացաւ գերմանացի քննադատներու կողմէ շնորհուած յատուկ մրցանակի մը, որ առանձնապէս կը տրուի միայն լաւագոյն ձայնագրութիւններուն։
1954 թուականին «Կոմիտաս» քառեակը առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Անգլիոյ մէջ։ Քառեակի ելոյթները բացառիկ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, անոնց մասին տասնեակ յօդուածներ լոյս տեսան «Daily Mail», «Daily Telegraph», «Times», «News Chronicle» եւ բազմաթիւ այլ թերթերու մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան. «Մեր անվտանգութեան երաշխաւորը կա՛մ մենք ենք եւ կամ չկայ երաշխաւոր»:
«Ատրպէյճան իսկապէ՞ս մտահոգ է Հայաստանի Սահմանադրութեամբ, թէ ոչ կ՚ուզէ, որ այդպիսի հարց մը ըլլայ»:
Քըլըչ եւ Կալուզին տարածաշրջանի վիճակը արժեւորեցին՝ «3+3» ձեւաչափի տրամաբանութեամբ:
Ըստ Շոյկուի՝ Մոսկուա հաւատարիմ է «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին շուրջ Թեհրանի նախկին համաձայնութիւններուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զարմանալի է, չէ՞ որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի վերլուծական դաշտին մէջ տակաւին չէ ըմբռնուած, թէ որքան ամուր թելերով Հայաստանի իշխանութիւնները կապուած են Ռուսաստանի հետ։ Այս երեւոյթը, խորքին մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններու փրկութեան թիւ մէկ խաղաքարտն է, ատեն-ատեն կ՚երերայ, կը տարափոխուի, պատկեր եւ շունչ կը փոխէ, սակայն, երբ հասնի գոյութենական ժամը, ապա երեւելի կը դառնայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որո՛ւ մարդն է։