Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Հայրիկ, ի՞նչ կ՚ընես:
Կը փնտռեմ սիրտս, որ այդ գիշեր ինկաւ:
-Եւ այստեղ պիտի գտնե՞ս զայն:
Հապա ո՞ւր պիտի գտնեմ զայն: Դէպի գետին կը ծռիմ եւ հատիկ-հատիկ կը բռնեմ զայն, ինչպէս հոկտեմբերին պարտիզպանուհիները ձիթապտուղի հատիկները կը հաւաքեն:

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդը կախում ունի Արարիչէն՝ ան ենթակայ է արարչութեան ծրագրին, օրէնքներուն եւ բարոյական կանոններուն, որոնք կը կանոնաւորեն ազատութեան գործածութիւնը։ Եւ անշուշտ, այս կ՚ենթադրէ՝ հնազանդութի՛ւն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իսլամական կրօնին մէջ ոճիրը խստօրէն կ՚արգիլուի, որովհետեւ մարդու կեանքը Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ըլլալով սուրբ կը նկատուի եւ հետեւաբար զայն խլելը անօրինութիւն ու մեղք կը նկատուի:

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

Օրեր առաջ, Ազգային ժողովի մէջ, կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ժամանակ Փաշինեան ըրաւ արտասովոր յայտարարութիւն մը, որ պատշաճ ուշադրութեան չարժանացաւ կամ, թերեւս, մնաց այս շրջանի աւելի աղմկոտ աշխարհաքաղաքական անցքերու ժխորին մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

​Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ առաւօտ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի հեղինակաւոր դէմքերէն, վաստակաշատ ու երախտաշատ ազգային գործիչ Միհրան Ուլիկեան։ Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է համայնքային շրջանակներէն ներս ու պատճառ դարձած համատարած ցաւի, հաշուի առնելով, որ Միհրան Ուլիկեան ուրոյն հետք մը ունէր թրքակայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց վրայ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

«Կրթութիւն, խաղաղութիւն եւ կամուրջ հաստատելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը»:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեան անդրադարձաւ մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւորութիւններուն:

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

Սուրիոյ արիւնալի իրադարձութիւնները մտահոգութեամբ կ՚ընկալուին հայաշխարհին կողմէ՝ մանաւանդ, որ վերջին բախումներուն երկու հայ զոհ գացած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանէն տեղեկացուեցաւ, որ այս պահուն անհնար է Սուրիայէն հայոց տարհանումը։

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան պարգեւատրուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանին (ԵՊՀ) ոսկէ մետայլով։

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

«Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ Հայաստան կ՚աշխատի Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար»:
Արարատ Միրզոյեան-Սուպրահմանեամ Ճայշանքար հանդիպում. համագործակցութիւնը կը խորանայ նոր փաստաթուղթերու ստորագրումով:

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

Միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած է Ճիտտէի վրայ, ուր Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ՝ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրայնայի միջեւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

Դամասկոսի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն:
«Ալեւիներու գրգռութիւնը խափանարարութիւն է, կալուածական ճարտարագիտութիւնը անկարելի»:

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդասիրութիւն, եղբայրասիրութիւն, զիրար սիրել, աստուածսիրութիւն, այս բոլորը ներկայ մարդուն համար յաճախ անիմաստ եւ ժամանակավրէպ բաներու վերածուած են, եւ այս «սիրութիւն»ներուն փոխարէն մարդուն էութեան մէջ խորապէս սկսած է արմատաւորուիլ եսասիրութիւնը:

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ինչպէս այսօր, անցեալին նոյնպէս հասարակութիւններ մեծ տեղ տուած են հագուստին, անոր լրացումներուն եւ առհասարակ կարեւորուած է մարդու ներկայանալի տեսքը։ Բարեկեցիկ հասարակութեան մէջ առաւել եւս միշտ ալ գնահատելի եղած է լաւ հագուկապը։

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Մարդ պէ՞տք է իր լսած գովասանքը կամ փառաբանութիւնը նկատի առնէ, կամ փորձութեան ենթարկէ:
Պատասխան.
Առակացի իմաստուն հեղինակը այսպէս կը պատասխանէ. «Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոկին կը փորձէ, այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ» (Առ 27.21):

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դաւիթէն սկսեալ մինչեւ Մեսիային գալուստը, Սուրբ Գիրքը կը բովանդակէ աղօթքի էջեր՝ որոնք կը վկայեն ինքնիր կամ ուրիշին համար կատարուած աղօթքին խորացումին. (ԵԶՐ. Թ 6-15), (ՆԷՄ. Ա 4-11), (ՅՈՎՀ. Բ 3-10), (ՏՈԲ. Գ 11-16), (ՅԴԹ. Թ 2-14)։

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք իսլամական կրօնը, պիտի տեսնենք, որ ինչպէս շատ մը ուրիշ կրօններ, այս մէկը եւս հիմնուած է բարոյականութեան, մարդասիրութեան եւ արդարութեան սկզբունքներու վրայ. սակայն, վերջին տասնամեակին Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմները, ահաբեկչական գործողութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունենալով ի դէմ աշխարհին՝ փոխեցին իսլամի դիմագիծը՝ իսլամը նոյնացնելով բռնութեան, ոճիրի, խոշտանգումի եւ արիւնահեղութեան: 

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր՝ մարտի 10-ին, Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանին մէջ կը սկսի նոր ու բացառիկ նախաձեռնութիւն մը, որու ծիրէն ներս կարճ ժամանակով պարբերաբար կը ցուցադրուին եզակի, գրեթէ չցուցադրուած կամ չցուցադրուող ձեռագիր մատեանները:

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ժամանակակից արագընթաց աշխարհին մէջ թեքնոլոժիի օգտագործումը դարձած է մեր կեանքի մէկ մասը: Այս իրավիճակի արդիւնքին յառաջացած է հասկացութիւն մը, որ կը կոչուի տեսողական կամ թուային յոգնածութիւն, ինչ որ ճնշուածութեան եւ յոգնածութեան տեսակ մըն է։

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Արժանիք» եզրը կը նշանակէ ընդհանրապէս «այն հատուցումը՝ զոր հասարակութիւն մը կամ ընկերութիւն մը պարտի կատարել իր անդամներէն մէկուն գործին փոխարէն՝ նկատուած իբր բարիք կամ չարիք, արժանի վարձատրութեան կամ պատիժի»։

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կան որոշ մարդկային բնութիւններ, որոնք մեր կամքէն անկախ մեր մարդկային խառնուածքին անբաժանելի մէկ մասն են: Այնպէս, ինչպէս ուրախութիւնը, սարսափը կամ այլ զգացում, զայրոյթը եւս բնազդային արձագանգ մըն է։

Էջեր