Արխիւ
Երեւան կը ձգտի փութով արդիւնքներու հասնիլ իր արտաքին քաղաքական օրակարգի խնդիրներու լուծման ճանապարհին՝ մասնաւորապէս հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Մասաչուսեց նահանգի Ուսթրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ծուխի ուխտաւորները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջին քայլափոխին ականատես դառնալէ վերջ վերադարձաւ քաղաքս:
Տիարպաքըրի բոլորովին խոնարհուած Սուրբ Սարգիս պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքը սկսաւ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իբրեւ կեանքի նոր դաշտանկար,
Ե՛ւ երիտասարդ, ե՛ւ անպարտելի,
Նոյնիսկ մեղքի զգացումը ապրելով,
Կարօտի բարեւ մը տուի շուրջիս… ու միացայ բոլորին…։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Շաբաթ մըն է, որ հեռու եմ դիմատետրէն… Պատճառը գրելու պէտք չունէի անշուշտ, սակայն այսօր այնպիսի բան եղաւ, որ մտածեցի լաւ կ՚ըլլայ միասին խնդանք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պսակը եկեղեցիի խորհուրդներէն մէկն է՝ որ կը կատարուի քահանայի օրհնութեամբ եւ եկեղեցիի սրբագործութեամբ, որու միջոցով երկու ամուսիններ՝ այր եւ կին օրինաւոր կերպով իրարու կապուելով՝ իրաւաբանական առումով որոշ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կը մտնեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գիտակցութեան ծնունդի սկզբնաւորութենէն ի վեր մարդ արարածը իր դիմաց ունեցած է հետեւեալ հարցը. «Ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ». հարց, որ կը գերազանցէ ժամանակը, մշակոյթն ու անհատական փորձը, իւրաքանչիւրին համար տարբեր արձագանգ մը գտնելով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տիարպաքըրի մէջ, ուր ընդունուեցաւ փոխ-կուսակալ Ապտուլլահ Չիֆթճիի, գլխաւոր քաղաքապետ Տողան Հաթունի եւ Սուրի համաքաղաքապետներուն՝ Ատնան Էօրհանի եւ Ֆաթմա Էօնքոլի կողմէ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աշնանացած շատ կանուխ առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ես ու ազգակիցս, երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հինգշաբթի, 20 յունիս 2024-ի թերթիս մէջ լոյս տեսաւ թերթի աւագ գրիչներէն՝ Յարգարժան Գէորգ Պետիկեանի «Նամակն ու պատասխանը» գրութիւնը: Տրուած պատասխաններուն լիովին համամիտ ըլլալով, ուզեցի, աւելի ճիշդ համարձակութիւն ձեռք ձգեցի այս գրութեամբ պատասխանել աւագ գրչեղբօրս հարցումներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ծարաւ, բայց նաեւ՝ անօթի մարդու մը մասին պատմութիւնը մեր մեծերէն Ռուբէն Սեւակ գրած է իր արձակ էջերուն մէջ: Տարօրինակ պատմութիւն մըն է՝ պոլսահայ մարդու մը կեանքէն, որուն ան հանդիպած է իբրեւ բժիշկ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ միշտ կարօտը եւ պահանջքը ունի ապաւինելու եւ վստահելու մէկու մը՝ որ ինքզինք ապահով եւ անվտանգ զգայ։ Եւ մարդուն ամենավստահելի ապաւէնն է իր Արարիչը՝ Աստուած, քանի որ Ան է նաեւ Նախախնամը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարերու ընթացքին իր գոյութիւնը պահել յաջողած հայը հաւատաց, որ իր հայկական ինքնութեան էութիւնը երկու անբաժանելի արժէքներու՝ կրօնի եւ ազգասիրութեան միաձուլումն է: Երկու արժէքներ, որոնք միաձուլուած են «հայ» անուան տակ, կազմելով ազգային դիմագիծ մը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կը նշէ, որ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՔՊ-ն («Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխանական կուսակցութինը) Կիրանցի մէջ շռնդալից յաղթանակ կը տանի:
Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա կը կարեւորեն կապ պահելը Ուքրայնայի պատարեզմի մթնոլորտին մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ տարուան մը ընդհատումէ վերջ շփում:
Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէ երէկ պաշտօնապէս ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար նշանակուեցաւ։ Յառաջիկայ հոկտեմբերի 1-ին ան պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը՝ յաջորդելով Եէնս Սթոլթենպերկին, որ տասն տարիէ ի վեր կը վարէ այդ պաշտօնը։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Երեւան Անգարայի եւ Պաքուի վերաբերեալ գործընթացները իրարու չի կապեր։
Նախագահ Էրտողան ողջունեց Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման որոշումը:
Թուրքիա բոլոր հարթակներու վրայ ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ Մերձաւոր Արեւելքի տագնապալի վիճակը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած է փոքրիկն Ժպտուն Յովհաննէսեանի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ կնքահայրութեամբ Արաս եւ Թիլտա Սիւրէրի։
Չայքովսքիի «Քնացած գեղեցկուհին» նշանաւոր պալէն վերջերս ներկայացուեցաւ Երեւանի Օփերային մէջ, ինչ որ մեծ վայելք մը դարձաւ գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։ Սեն Փեթերսպուրկի «Եաքոպսոն» պետական ակադեմական թատրոնին կողմէ ներկայացուեցաւ «Քնացած գեղեցկուհին», Երեւանի Օփերայի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։