Արխիւ
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ո՜վ ընտիր մազեր՝ ինչպէս հօրս հազը:
Ո՜վ հին մազեր՝ ինչպէս մանկութիւնս եւ ձեռքիս վրայ եղող դաջուածքը:
Գլուխդ այս մայթին վրայ դիր եւ լսէ՛ զիս ո՜վ հացը, աղը եւ մտրակները ուրացող:
Մանկութեանս փորձեցի մսավաճառ դառնալ, սակայն ձախողեցայ, որովհետեւ միս ծախելէն աւելի՝ կ՚ուտէի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զոհողութիւնը՝ իր ամենապարզ մեկնութեամբ, մարդուն իրմէ, իր ունեցածը կամ ունեցածէն մէկ մասը սիրայօժար ուրիշի մը տալու պատրաստակամութիւն մըն է։ Այս իմաստով, զոհողութիւնը, ուրիշի մը ի նպաստ կամաւոր զրկանք մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր յօդուածը աւարտեցինք կարեւոր հարցով մը. վերյիշելու համար այստեղ դարձեալ կը կրկնենք, որպէսզի խօսինք անոր յառաջացուցած հոգեբանական ու մանկավարժական հարցերուն մասին. «Տեսա՞ծ էք պատանիներ, որոնց երբ հարց տաք, մայրը կը պատասխանէ»:
Թեհրան եւ Պաքու հետամուտ փոխադարձ շահաւէտ գործակցութեան հարստացման:
Իրան եւ Ատրպէյճան նոյնանման առաջնահերթութիւններ ունին Կասպից ծովու պարագային:
Տանըլտ Թրամփ-Վլատիմիր Փութին հաւանական հանդիպումը տեղի կրնայ ունենալ մինչեւ ամսավերջ:
ԱՄՆ եւ Ռուսաստան յատուկ ներկայացուցիչներ կը նշանակեն՝ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու համար:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ հիմնականին մէջ կը համընկնին իր երկրի եւ Իրանի մօտեցումները։
Թեհրան կը հիւրընկալէ Կասպեան տնտեսական համաժողովը, որուն կը մասնակցին մեծ լիճի ափամերձ երկիրները՝ Ռուսաստան, Ղազախիստան, Թիւրքմենիստան, Ատրպէյճան եւ Իրան։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ՝ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ճիհան Սուլթանօղլուի, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Շփետի եւ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայոց վերադարձի միակ ճանապարհն է՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութենէն կառչիլը։
Եւրոպական Միութիւնը կ՚արձագանգէ Ուքրայնայի հարցով ԱՄՆ-Ռուսաստան խտացեալ որոնումներուն:
Էլիզէի պալատի քննարկումները առիթ դարձան ընդգծելու, որ խաղաղութիւն հաստատել անկարելի է՝ առանց Եւրոպայի:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Թուրքիա կը շարունակէ աշխոյժ դերակատարութեամբ հանդէս գալ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի դադրեցման նպատակով:
Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա Ռիատի մէջ բանակցութիւններ կը վարեն՝ առանց Քիեւի մասնակցութեան:
ԱՄՆ եւ Ռուսաստան լուծումներ կ՚որոնեն Ուքրայնայի պատերազմին. Թրամփ-Փութին ժամադրութիւնը շուտով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մէկ տարիէն կը լրանայ 160-ամեակը հայ բեմի անմահ անուններէն մէկուն՝ պոլսահայ դերասան, բեմի մեծ վարպետ Պետրոս Պալթազարին։ Դերասանը, որ իր կենդանութեան օրօք արժանացած է փառքի, արժանի է նաեւ յետմահու յոբելեաններու եւ յառաջիկայ 160-ամեակն ալ առիթ մըն է՝ ոգեկոչելու արուեստագէտ մը, որ կեանքը նուիրած է պոլսահայ թատրոնին, բեմին ընդհանրապէս։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ պէ՞տք է ինքզինք գովէ:
Պատասխան. Առակացի մէջ կը կարդանք. «Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ, օտարը՝ ո՛չ թէ քու շրթունքներդ» (Առ 27.2):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածային բոլոր ստորոգելիներէն միայն Աստուծոյ Ամենակալութիւնը յիշուած է «Հաւատոյ Հանգանակ»ին՝ Հաւատամքին մէջ։ Մենք կը հաւատանք, թէ ամենակալութիւնը համընդհանուր է, որովհետեւ Աստուած, որ ամէն ինչի ստեղծիչն է, ամէն ինչ կը կառավարէ եւ ամէն բանի կարող է. սիրող ամենակալութիւն է, որովհետեւ Աստուած մեր Հայրն է. խորհրդաւոր ամենակալութիւն է, որովհետեւ միայն հաւատքը կրնայ տեսնել զայն. «երբ ան կը կատարուի մեր տկարութեան մէջ». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 9)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը տեսնենք, որ մեր ծնողներուն մօտ գոյութիւն ունի «մի՛» հրամայական եղանակը, ինչ որ դաստիարակութեան մաս դարձնել կը փորձեն, սակայն մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ զաւակը այդ «մի՛»երէն աւելի ծնողքին ապրած օրինակը կ՚ընդօրինակէ. մեր զաւակները այսպէս կամ այնպէս մեր փոքր տարբերակն են, որովհետեւ իրենց լսածներէն աւելի իրենց տեսածները որպէս օրինակ կը վերցնեն:
ՍՐԲՈՑ ՈՍԿԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ՊԱԼԱԹՈՒ
Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ.
Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բոլոր մարդիկը պարտաւոր են փնտռել ճշմարտութիւնը, յատկապէս այն հարցերուն մէջ, որոնք կը հային Աստուծոյ եւ Եկեղեւոյ, եւ զայն ճանչնալէ ետք, անոր փարիլ եւ անոր հաւատարիմ ըլլալ։ Այս պարտականութիւնը կը բխի նոյնինքն մարդոց բնութենէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծնողք-զաւակ յարաբերութեան ամենէն կարեւոր կէտերէն մէկը կը նկատենք զաւակին տաղանդը յայտնաբերելու կարեւորութիւնը։ Այսօրուան մանուկը, բացայայտ թէ ծածուկ, ակամայ ձեւով երեւան կը հանէ իր նախասիրութիւնները եւ շատ անգամ փոքր տարիքէն մշակուած տաղանդ մը կրնայ մեծապէս դրական ազդեցութիւն ունենալ անոնց ապագայ կեանքին վրայ.
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան։ Ան հասարակական գետնի վրայ գործունէութիւն կը ծաւալէր եւ իր հետեւողական աշխատանքը կ՚առընչուէր նաեւ քաղաքականութեան հետ։