Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու՝ Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած հաւաքի աւարտին այցելութիւն մը տրուեցաւ դէպի Կիրանց, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ սահմանին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու գործունէութեան մասին կանոնակարգը այսօրուան դրութեամբ ստորագրուեցաւ։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ, մեծ շուքով մը այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ճանապարհին։
ՀԲԸՄ-ի պարբերաթերթին համար նիւթ կը պատրաստուի՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին:
Լրագրող Արաքս Կասեան եւ լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեան այս օրերուն կը շփուին համայնքային շրջանակներուն հետ:
Երէկ երեկոյեան Գնալըի մէջ համերգով մը հանդէս եկաւ երգիչ Պարթեւ Կարեան, որուն ընկերացաւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Կղզիի բարձունքին խանդավառութեան առիթ դարձաւ այս ձեռնարկը՝ նկատի ունենալով արուեստագէտին վայելած համակրանքը։
Ս. Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի եւ իւղաբեր կանանց տօնին առթիւ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին տարիներուն 31 օգոստոսը՝ ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան օրը, Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ կը հռչակուի Սարոյեանի օր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս յաճախ կը մտածեմ այս մասին, թէ ժամանակաշրջանը որու մէջ կ՚ապրի այսօրուան մարդը, համակերպելու ժամանակաշրջանն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քանի որ ամէն ինչ ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ, եւ թէ Աստուած բացարձակապէս եւ անվիճելի Բարի է, ապա ուրեմն չարը որ գոյութիւն ունի, չարիքներ որոնք կը պատահին, ո՞ւրկէ են։ Արդարեւ, այս հարցը կը զբաղեցնէ միտքեր՝ պատասխան մը գտնելու համար, թէ՝ չարիքը, որ յաճախ տեղի կ՚ունենայ «գոյացութի՞ւն» է, թէ «գոյացութեան արդիւնք»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մենք՝ հայերս պնդագլուխ ու յամառ ժողովուրդ մըն ենք. կը խօսինք ճիշդին մասին, գիտենք, թէ ո՛րն է ճիշդը, սակայն չես գիտեր ինչպէս, դարձեալ սխալին կառչած կը մնանք ու այս ընթացքին համար մենք մեզ կը քննադատենք:
Իշխանական վարչախումբը սկսած է դիմել կոշտ բռնաճնշումներու՝ զանգուածային ծեծուջարդ, ձերբակալութիւններ, առեւանգումներ, անհնազանդութիւն յայտնող քաղաքացիներու դէմ ապօրինի գործողութիւններ եւ այլն։ Հասկնալի է, որ հանրային աջակցութիւն չունենալով՝ իշխանութիւնը կրնայ յենուլ միայն ոստիկանութեան կամ արտաքին որեւէ խաղացողի մը վրայ:
Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած դեսպանահաւաքը երէկ եզրափակուեցաւ՝ ծաւալուն քննարկումներէ վերջ:
Դիւանագէտները մասնաւորապէս անդրադարձան տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման հարցերուն:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ծանօթ է, որ Փութին վերջերս պետական այցելութիւն մը տուած էր Պաքու, ուրկէ վերադարձին կապ հաստատած էր նաեւ Երեւանի հետ։
Ֆիտան կը մասնակցի ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն հաւաքին:
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ երկխօսութեան որոնում՝ յարաբերութիւններու վերակենդանացման առաջադրութեամբ:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը, որ զուգադիպեցաւ 2024-2025 կրթական շրջանի բացման փուլին։ Մասնագիտական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր, որոնք ուղղութիւն կու տան պոլսահայ կրթական կեանքին ու կը կառավարեն դպրոցական ցանցը։
Այն, ինչ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի էթնոմշակութային, աշխարհայեացքային եւ հոգեւոր-գաղափարական ոլորտէն ներս, կարելի է դիտարկել՝ որպէս ազգային ինքնութեան կամ տեսակի ծրագրուած ոչնչացման գործընթաց:
Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան բարձր գնահատեց սփիւռքահայ մտաւորականին կողմէ ծաւալուած աշխատանքը:
Կրետէ կղզիի մէջ փոքրաթիւ հայ համայնքի եւ հիւրերու մասնակցութեամբ շնորհանդէս՝ տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի գիրքին համար:
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ծննդաբերութիւն մը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէ ներս՝ բոլորին առթելով յուզումնախառն զգացումներ։ Նորածին Լուսէն լոյս աշխարհ եկաւ հրաշքի համազօր ձեւով։
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի կը պատրաստուի Թուրքիա այցելել՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ վերջին շրջանին ստեղծուած է լուրջ աշխուժութիւն, որ կ՚ուղղորդուի բարձր մակարդակի շփումներով եւ փոխադարձ այցելութիւններով։