Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Չար վկայութիւնը մե՞ղք է:
Պատասխան. Անշուշտ, որ մեղք է: Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ՚ընէ» (Առ 19.28): Հոն ուր չարութիւն կայ, այնտեղ ո՛չ մէկ լաւ բան կարելի է գտնել, որովհետեւ չարն ու բարին, վատն ու լաւը իրարու հետ չե՛ն կրնան միատեղուիլ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երկրորդ օրն է:
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Վահրամ Աւագ Քահանայ Մելիքեանի պահքին ընդառաջ՝ «Լռութիւն» խորագիրը կրող գրութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բարեկենդանի տօնին առընչուող հայկական հնամենի վանական սովորութիւններէն մին՝ Աբեղաթողը, ունեցած է ներկայացումներ, որոնք գրի առած են հայ ազգագրագէտները, ուսումնասիրած եւ մեզի փոխանցած են անգին տեղեկութիւններ այս հնամենի տօնակատարութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը ապրիլ եւ նպատակին հասնիլ դժուար է. այս դժուարութիւնը բոլորս ալ ապրած ենք եւ այս իսկ պատճառով ըսուած է, թէ կեանքը պայքար մըն է։ Եւ սակայն, այս դժուարութիւնը յարաբերական է եւ համեմատական՝ կեանքին եւ անոր նպատակին տրուած նշանակութեան նկատմամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային պատմութեան ընթացքին ժամանակը յաջողեցաւ փոխել գրեթէ ամէ՛ն բան։ Փոփոխութիւնները կատարուեցան շատ արագ եւ իրերայաջորդ ձեւով, սակայն այդ բոլորին մէջ կամաց զարգացողը եղաւ ուսումն ու կրթութիւնը. ո՛չ միայն հայերու պարագային, այլ համաշխարհային ձեւով մարդկութիւնը չյաջողեցաւ գտնել ու ստեղծել ձեւ մը, մեթոտ մը, որ ըլլայ տարբեր՝ քան մերօրեայ կրթութեան ձեւը, որ իր մէջ դաստիարակչական գրեթէ շատ քիչ բան ունի:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Այսպէս, Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդի դիրքերուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով հայկական բանակէն երկու զինուոր նահատակուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ճարտարապետութիւնն ու սկզբունքները համաձայնեցուած են։
Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց մայր տաճարի երդիքին տակ յուզումնախառն վերջին հրաժեշտ:
Նորոգ ողբացեալ Անի Յովսէփեանի յիշատակին շուրջ համախմբուած սգաւորներուն կողմէ բիւր յարգանքով խոնարհում:
Դէպի Եգիպտոս այցելութեան ընդառաջ, Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերստին զգուշացուց Իսրայէլը:
Հանրապետութեան նախագահ. «Պենիամին Նեթանիյահու ամէն օր նոր կամիր գիծ մը կը հատէ Կազզէի մէջ»:
Համայնքային շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին խոր ցաւ յառաջացուց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեանի մահը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ։ Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Գագիկ Գինոսեանի համար սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ:
Հայկական ժողովրդական պարերու մեծանուն վարպետին փառաշուք յուղարկաւորութիւնը. Եռաբլուրի մէջ թաղում:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, իշխանութիւնները ցարդ լաւ չեն լսած իրենց պատուիրուած խաղաղութիւնը:
Անվտանգային ոլորտէն ներս յարաբերութիւններու տեսակաւորումը չի նշանակեր Երեւան-Մոսկուա կապերը խզել:
Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի առաջնորութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։ Այս մրցաշարքի ընթացքին հայկական ընտրանին նուաճեց մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետայլ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութը օրերս դարձեալ բողոքի նոր ալիքի մը ականատեսը դարձաւ։
Հազարաւոր լիբանանցիներ (որոնց մեծ մասը երկրի բանակի նախկին սպաներ ու զինուորներ են՝ պաշտօնաւարտ կամ հանգստեան կոչուած) յաջողեցան առնուազն երկու ժամուան համար պաշարել երկրի վարչապետարանը, ուր վարչապետ Նաժիպ Միքաթին (հրաժարեալ եւ պաշտօնակատար) նախարարաց խորհուրդի նիստ հրաւիրած էր։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նորութիւն մը չէ: Սփիւռքեան մեր գրականութիւնը սկսած է ամայանալ, կամ կամաց-կամաց կ՚ամայանայ։ Մեր մօտ գրական երեւակայութեամբ զբաղողներն ալ կարծես լուռ են եւ նոյնիսկ շատեր կը հեռանան։ Միւս կողմէ արդուկը գացած հարցեր մեզ արդէն կլանած են։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երիտասարդութեան տարիներուն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի միաբաններէն Եղիշէ Եպսկ. Չիլինկիրեան հաւաքած է բարոյական առածներու փունջ մը, որոնք 1928 թուականին հրատարակուած են առանձին գիրքով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը տեսնեմ «բացասական մարդոցմէ հեռացէ՛ք» առաջարկը։ Արդեօք սա լա՞ւ խորհուրդ մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արուեստը՝ հոգիին զգացածներուն իւրայատուկ ոճով եւ գեղեցկագիտական ձեւերով արտայայտութիւնն է։ Այս իմաստով, ընդհանրապէս կ՚ընդունուի եւ կ՚առաջարկուի, թէ արուեստը պէտք է ըլլայ «պարզ» եւ «անբացատրելի՛»։