Արխիւ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին մասնակցելէ վերջ ժամանեց Անգարա։ Ան երէկ երեկոյեան հասաւ Թուրքիա, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Երեւանի Մատենադարանը վերջերս օժտուեցաւ նոր սարքաւորումներով։ Այսպէս, «Բադալեան եղբայրներ» ընկերութիւններու խումբի համահիմնադիր ու նախագահ Վահէ Բադալեանի կողմէ Մատենադարանին նուիրուեցաւ՝ ձեռագրերու կազմերու 3D ձեւաչափով սքենաւորման սարք մը, որու շնորհիւ էապէս կը մեծնայ ձեռագրերու կազմերու ուսումնասիրման առանձնայատկութիւններու որոշարկման, ինչպէս նաեւ հաւանական վնասներու բացայայտման հնարաւորութիւնը։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները տնտեսութեան հրաժարեալ նախարար Վահան Քերոբեանի համար տնային կալանք սահմանեցին։ Հակափտածութեան ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը երկու ամսուան ժամկէտ մը կը նախատեսէ։
Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան չի բացառեր, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանի այլ հատուածներուն մէջ կրնան կրկնուիլ՝ քանի մը օր առաջ Ներքին Հանդի մէջ պատահած դէպքերը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ անոնք Գերմանիոյ մէջ կը գտնուին՝ մասնակցելու համար Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին, որու շրջանակներէն ներս կ՚ունենան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։
Թոմաս տը Վաալ. «Երեւանի ենթադրութեամբ, Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ կայ «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ գործարք մը, որուն հանգիստ համաձայն գտնուած է նաեւ Անգարան»:
Տարածաշրջանի համայնապատկերին վրայ՝ Ռուսաստան-Հայաստան յարաբերութիւնները տպաւորիչ անկման գործընթացի մէջ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց Նաիրի Պետրոսեանն ու Անահիտ Չալիքեանը:
Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի վեցերորդ օրն է:
Եկեղեցւոյ հայրերը յաճախակի կերպով կրկնելով կը յիշեցնեն, թէ պահեցողութիւնը ո՛չ միայն ֆիզիքական հասկացողութիւն պէտք է ունենայ, այլ՝ առաւել եւս հոգեւոր հասկացողութիւն, եւ ամենէն կարեւորը հոգեւոր նպատակ:
Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ գտած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութեան առ ոչինչ համարման վերաբերեալ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած յայտնի վճիռը։ Պատկան առաջին ատեանը միջոց մը առաջ արձակած էր դատավճիռ մը, որով այդ պահանջը մասամբ բաւարարուած էր։
ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Հայրենիքի անկախութենէն ետք, 21 սեպտեմբեր 1991, համայն հայութիւնը՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ապրեցաւ անկախ ըլլալու բերկրանքը։
600 թշուառ տարիներէ ետք մենք ունեցանք մեր երազած հայրենիքը, բարձրացաւ մեր դրօշը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, թէ Կազզէի գործընթացները անմիջական հետեւանքներ պիտի ունենան ո՛չ միայն Մեծն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այլեւ թէեւ նուազ, սակայն զգալի ձեւով ազդու պիտի դառնան ամբողջ միջազգային բեմահարթակին վրայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւազանի անունով Մինաս։ Ծնած է 29 յունուար 1947-ին, Պէյրութ, արաբկիրցի ծնողներէ՝ Սարգիս եւ Անժէլ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եփրեմեան Ազգային վարժարանին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելիի մը համար կ՚աղօթենք։ Զայն կը խնամենք, վերջն ալ մեզմէ կ՚առնուի։ Հակառակ որ գիտենք, թէ իր ցաւերէն հանգչեցաւ, եթէ ընդունած էր Յիսուսի շնորհած փրկութիւնը, բայց տակաւին կ՚ատենք այդ հիւանդութիւնը, որ մեզ իրարմէ բաժնեց։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դէմքեր կան, որոնք հակառակ իրենց կատարած գնահատելի ու մեծ աշխատանքին, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը տրուին եւ իրենց անուան հետ կը կորսուի նաեւ արժէքը՝ որ որպէս ժառանգութիւն ուզեցին փոխանցել մեր ազգին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այլեւս մեր կեանքի անբաժան մասը համարուող զայրոյթը դարձած է այնպիսի զգացումի մը, որ կը սնուցէ քաղաքականութիւնն ու մշակոյթները։ Արդեօք կարելի՞ է զսպել այս զգացումն ու դուրս գալ այս յորձանուտէն։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ երրորդ աշխարհամարտը արդէն մօտ է։
Երէկ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Ալիեւի երդման արարողութիւնը՝ հերթական պաշտօնամուտին առթիւ։
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի հրաժարականի արձագանգները կը շարունակուին։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն կը հարցաքննէ Տնտեսութեան նախարարութեան շարք մը աշխատակիցներ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Գերմանիա։ Ուղեւորութիւնը կը շարունակուի մինչեւ փետրուարի 18-ը։
Թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Թեհրան ակնյայտօրէն դէմ են Հարաւային կովկասէ ներս օտար ուժերու ներկայութեան:
Փաթրուշեւ. «Արեւմուտքը կը փորձէ տարածաշրջանի իրավիճակը ցնցել ու խանգարել Երեւան-Պաքու կարգաւորումը»:
Ֆիտան եւ Տարչիաշվիլի Անգարայի մէջ անդրադարձան Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին:
Յաջորդ ամիս նախատեսուած է Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը: