Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարտի 29-ին կեանքէն հեռացաւ մեր լաւագոյն հայագէտներէն մէկը՝ անուանի ձեռագրագէտ, պատմաբան ու մանկավարժ Գէորգ Տէր-Վարդանեան:
Ինչպէս իր որդին՝ մշակոյթի նախկին փոխ-նախարար Ներսէս Տէր-Վարդանեան յայտնած է՝ իր հայրը լքած է երկրային կեանքը՝ 80 օր ապրելու համար մաքառելէ ետք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
-Պապի՛կ, դուն բարեւ կ՚ըսես, թէ ո՛չ պարեւ,- ըսաւ հնգամեայ թոռնուհիս՝ Վանան, հայկական վարժարանի առաջին օրուան աւարտէն իր տուն վերադարձին, երբ տակաւին պաչիկներ եւ կարօտագին գրկախառնումներ չէինք փոխանակած:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր երեւոյթներն ու նիւթը իրենց լայնատարած ու համապարփակ իշխանութիւնը տարածած են ամէն ինչի վրայ, նոյնիսկ մարդուն հոգեւոր ներաշխարհին վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ ձեռքս անցաւ հին տետրերէս մին, որուն մէջ պատանեկութեանս կարդացած գիրքերէս տողեր արտագրած եմ. տողեր՝ որոնք «ճիշդ» ու «գրաւիչ» թուացած են պատանի միտքիս ու տասնամեակ մը ետք անոնց ընթերցումը կու գայ տալու այն եզրակացութիւնը, որ փիլիսոփայական այդ խօսքերը պարզապէս գեղեցիկ բառերու փունջ մըն է՝ ամբողջապէս հեռու իրականութենէն:
Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն ցաւակցական մը ուղարկած է նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Ծանօթ է, որ Նազար Հանչէրի անժամանակ կորուստը վերջերս մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երկու միաբան՝ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանն ու Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեանը։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Իսթանպուլ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց Իշխան Զաքարեանը, որ կը մէկտեղուի համայնքի մարզական գործիչներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան նախընթաց օր այցելեց Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանը:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ պատարագեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, երէկ, Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մասնակցութիւն բերաւ Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան արարողութեան։
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան սկիզբի ամենախորհրդաւոր արարողութիւններէն մին։ Այսպէս, Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան առթիւ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ չորեքշաբթին խաղաղ օր մըն է։ Յիսուս Իր սովորութեան համաձայն Տաճար չ՚երթար աղօթելու կամ քարոզելու։
Աւագ չորեքշաբթին նախապատրաստուելու եւ ինքնամփոփուելու օրն է՝ յաջորդող օրերուն գալիք փոթորիկներուն տոկալու համար։
Ապիտոնեան. «Ինչպիսի՞ Հայաստան եւ սփիւռք ունենալ կ՚ուզենք 20 տարի յետոյ՝ պատկերացնենք, որպէսզի այդ հիման վրայ ունենանք համահայկական ռազմավարութիւն մը»:
«Հիմնական նպատակն է՝ գոյացնել վերկուսակցական շարժում մը, որ կ՚ընդգրկէ հաւաքական բոլոր հոսանքները եւ անոնցմով կը կարողանանք ձեւաւորել մեր ապագայի տեսլականը»:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ այցելեց Երեւան։ Հարկ է նշել, որ Ալեքսէյ Օվերչուք կը գլխաւորէ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորած աշխատանքային խումբը, որ հետամուտ է Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղեալ աշխատանքներուն։
Մոսկուայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի բարձրաստիճան դիւանագէտներուն մասնակցութեամբ թեքնիք բնոյթով խորհրդակցական հանդիպում մը։ Բանակցութիւններու սկիզբին բացման խօսքով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։
Մխիթարեան վարժարանէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ս. Զատկի հանդէսը։ Դպրոցի սրահի երդիքին տակ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այսօր համացանցային շարք մը ընկերային ցանցերու վրայ, մասնաւորապէս՝ ինսթակրամ հարթակին վրայ, կը տարուի բացայայտ հետոնիզմի քարոզչութիւն:
Ի՞նչ է հետոնիզմը...
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերջերս, դիմատետրի էջիս վրայ, ինծի համար բաւական հետաքրքրական, հետեւեալ ծանօթութիւնները գտայ:
1.- Համաշխարհային Ա. պատերազմ
Սկսած է.- Թուական՝ 7-28-1914
Իսկ եթէ այս երեք թիւերը գումարենք, պիտի ստանանք.-
7+28+19+14=68
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սննդատուութեան խնդիրին կարեւորութիւնը: Մանուկներուն մահանումը: Մանկիկին մարսողական գործարաններուն առանջնայատկութիւները: Անոր թուքը, ստամոքսը, աղիքները, կղկղանքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տասնամեակներ առաջ ժողովուրդի ըսի-ըսաւէն ձանձրացած, այդ բամբասանքներուն ազդեցութիւնը իր սեփական մորթին վրայ զգացած Սնապեան, իր «Ժամանակ չկայ» գիրքին մէջ հետեւեալ բողոքը կը բարձրացնէր.- «Քո՞յրս... ուրիշնե՞րը... թող ով ի՛նչ կ՚ուզէ ան ըսէ: Բոլորին ալ ըսածները սրտէ չէ որ կու գան արդէն: