Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստան ունի՞ բաւարար ներուժ դիմակայելու համար Ռուսաստանի հաւանական պատիժներուն:
Հարաւային Կովկասէ ներս Մոսկուայի մեծ նահանջը ծանրակշիռ հակասութիւններու դէմ յանդիման կը թողէ Երեւանը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հրաշքի մասին յաճախ խորհրդածած ենք այս սիւնակներու մէջ։ Հրաշքը, երբեմն անիմանալի, երբեմն բացայայտ երեւոյթ մըն է մարդկային կեանքին մէջ, նաեւ բնութեան մէջ, որ միշտ կը պատահի։ Հոգեւոր աչքով դիտողներու համար հրաշքը իրողութիւն մըն է. անոնք կ՚անդրադառնան այդ երեւոյթին եւ գիտեն, որ ո՞ւրկէ է այդ հրաշալի երեւոյթը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ենթադրեցէ՛ք պահ մը, որ համարձակութիւնը ունենամ ըսելու, որ «Տէրունական» աղօթքին մէջ սխալ մը գոյութիւն ունի. եթէ ապրած ըլլայի մի քանի դարեր առաջ վստահաբար նզովքի կ՚արժանանայի եւ բազմաթիւներու կողքին ինծի համար ալ «Նզովեալ եղիցի» կ՚երգէին դպիրները (սէր, եղբայրութիւն ու ներողամտութիւն քարոզող մեր հաւատքին համար նզովելը ինչքանով տրամաբանական է՝ այլ հարց է):

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղը, 2 ապրիլ 2023-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակի տօնը, ժողովրդական անուանումով՝ Ծաղկազարդ: Առ այդ, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հոգելոյս Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի «Ահա Թագաւորդ քեզի կու գայ» գրութիւնը:

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ գրողներու մօտ, ինչպէս նաեւ հին թերթերու մէջ կը հանդիպինք տողերու, որոնք հակառակ տասնամեակներ առաջ գրուած ըլլալուն, կարծես մեր այսօրը կը ներկայացնեն: Նման տող մը կարդացի երէկ՝ գրուած 1944 թուականին, Գահիրէի մէջ հրատարակուած ամսագիրի մը մէջ. գրողը կ՚ըսէր.- «Թերեւս ո՛չ մէկ ատեն, կէս դարէ ի վեր, չենք եղած այնքան աղքատ գաղափարով՝ որքան ենք ներկայիս:

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եւ ահաւասի՛կ Մեծ պահքի 40 օրերը իրենց լրումին հասան։ Հայ Եկեղեցին քառասնօրեայ պահեցողութեան այդ շրջանը բոլորեց։ Անոնք որոնք կարողացան պահք պահել՝ իրենք զիրենք զրկել կենդանական սնունդներէն եւ նախատեսուած քառասուն օրերը անցընել աղօթքով, բարեգործութեամբ, ներհայեցողութեամբ, իրենց մեղքերը քաւելու համար ապաշխարութեան խոստովանութեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ անցանք Մեծ պահքի նուիրական շրջանէն ու հասանք Աւագ շաբթուան սեմին։ Մեծ պահքը յիրաւի նուիրական շրջան է, որ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարին։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Տոմինիքեան Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Ֆրանք Հանս Տանեպերկ Քասթելիանոսը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նորանշանակ դեսպանին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները՝ մաղթելով արդիւնաւէտ առաքելութիւն ի նպաստ հայ-տոմինիքեան յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ ամրապնդման։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծաղկազարդի նախորդող շաբաթ օրը, ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին յիշատակի տօնն է Ղազարոսի յարութեան:
Շատեր կը կարծեն, թէ մեր Տէրը Քրիստոս այս օրը Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, բայց այդպէս չէ (Ղազարոսի յարութեան մասին կարդալ Յհ 11.46): 

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մանուկներու եւ պատանիներու համար անշուշտ կենսական է ընկերային, ուսումնական եւ կրթական առումներով դպրոցի մթնոլորտին մէջ մնալը: Սակայն կեանքի զանազան պայմաններ կը պարտադրեն մարդոց՝ դուրս մնալ դպրոցէն:

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Զանազան առիթներով գրած եմ Լիբանանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, ներկայիս «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի քաղաքական հոտառութեանց, հմտութիւններուն եւ ուժականութեան մասին, որոնք, սակայն, այս օրերուն երեւութապէս կ՚աշխատին ի վնաս իր քաղաքական խումբին ու մանաւանդ՝ իրեն։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն «Լը Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի վտանգ կը տեսնէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները եւս անդադար կը նախազգուշացնեն, թէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակումի։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլընտրանք չունի։
Ճէյհուն Պայրամով վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի կողմէ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

Հեղինակաւոր ձեռագրագէտին ցաւալի մահը՝ անփոխարինելի կորուստ մը հայ գիտական աշխարհին համար:
Նորոգ հանգուցեալ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի հոգեհանգիստը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

Երեւանէն միշտ զգուշացումներ. Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Շարլ Միշելի հետ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով յաջորդ շաբթուան մէջ պիտի շօշափեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, որուն կ՚ընկերանար փոխ-նախարար Արա Խզմալեան։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 40-րդ օրն է:
Մեծ պահոց այս խորհրդածութիւններուն երբ սկսանք, առիթով մը անդրադաձանք Աստուծմէ վախնալու հասկացողութեան, եւ բացատրեցինք, թէ քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուծմէ վախնալ կը նշանակէ Անոր նկատմամբ երկիւղ ունենալ, եւ ո՛չ թէ սոսկ վախնալ:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գիտութեան կարգ մը ճիւղերը հետաքրքրական են՝ մանաւանդ ոչ-մասնագէտ մարդու վրայ ազդեցութեան առումով. օրինակ՝ տնտեսութիւնը կամ բժշկութիւնը։ Անոնք մէկ կողմէ ճշգրիտ գիտութիւններ կամ գիտակարգեր են, բառին բուն իմաստով նեղ-մասնագիտական շրջանակի մէջ կը տեղաւորուին, իսկ միւս կողմէ՝ այնքան մեծ զանգուածներու առօրեային հետ ուղղակի կ՚առընչուին, որ ատեն-ատեն դուրս կու գան նեղ-մասնագիտական շրջանակէն։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Դժուարը ի՞նչ է։ Ի՞նչ է կեանքը։ Կեանքը կ՚ընթանայ այնպէս, ինչպէս մենք կ՚ուզենք: Բաց աստի, կեանքի սահմանումը համաձայնեցուած չէ: Կեանքը չունի յստակ սահմանում։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մտահոգութիւնը մարդուս կեանքին ամենէն ցաւալի հոգեվիճակներէն մին է։ Մտահոգութիւնը մտատանջութիւն մըն է, որ կը չարչարէ մարդս։

Էջեր