Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր մեր հայ կուսակցութիւնները, հաստատութիւնները, եկեղեցին ու կազմակերպութիւնները պէտք է լրջօրէն մտածեն ինքնաբաւ ըլլալ եւ իրենց համար նիւթական միջոցներ ստեղծել, որովհետեւ մեր իրականութենէն ներս կամաց-կամաց կը պակսի «բարերար»ի եւ «բարերարութեան» երեւոյթը, որովհետեւ օրերու ընթացքին մարդոց մէջ աւելիով կ՚արմատանայ ԵՍ-ը եւ կը սկսին մոռցուիլ ազգ, հայրենիք, եկեղեցի ու բոլոր սրբազան արժէքները՝ որոնցմով կը փորձենք գոյութիւն մը տալ մեր հայու ինքնութեան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վերջին վերադասաւորումները ցոյց կու տան, որ նախագահ Պայտընի իշխանութեան շրջանին Սպիտակ տունը արդէն վճռած է՝ իր պայքարները կամ նոյնիսկ փոքր պատերազմները մղել տնտեսական միջոցներով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հիմնադիրներէն Քասիմ (Միսաք Գօչունեան) 1907 թուականին Պոլիս տպուած իր «Տունէն ներս» գիրքին մէջ առօրեայ կեանքի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ կենսակերպի մասին հետաքրքրական բազում նիւթեր հեղինակած է: Գիրքին հրատարակիչը՝ Զ. Պէրպէրեան, ընծայաթերթին մէջ օրին գրած է, որ Քասիմ միակ գրողն է, որ ձեռնահասօրէն պրպտած, ուսումնասիրած է ամէն դասակարգի ընտանեկան, առեւտրական, ներքին կեանքը, եւ վէպերու, յօդուածներու, պատմութիւններու ձեւին տակ վերլուծած է բոլոր երեւոյթները կեանքին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններու ընթացքին գրի առնուած յօդուածներու, հետեւեալ հարցման մասին. ի՞նչ է մարդը: Այնուամենայնիւ, այս յօդուածներու հիմնական առանցքը միշտ այդ հարցումը չէ կազմած:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ոսկեղջիւրի (Խրիսօ, կամ Խրիսու գերաս) ձախ եզրի ոսկեգոյն ափերուն վրայ թառող խորանաձեւ այս ոստանը, ինչպէս Պոյլսոյ բազմաթիւ թաղեր, իր անունը կ՚առնէ Միքայէլ Մօնօմախօս կայսեր շինել տուած նաւահանգիստի պարիսպէն դէպի ծով բացուող այն պատմական դռնէն՝ որ կը կոչուէր՝ «Պալաթիանի թիռա», այսինքն՝ դուռն Պալաթի։ Ահաւասիկ այս պատճառով է, որ այս թաղը կը կոչուի Պալաթ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Շատ մը պատմութիւններ կան երկնային մարմիններու եւ համաստեղութեանց նկատմամբ, որոնք հիներուն համար ճշմարիտ պատմութիւններ էին, մինչդեռ մեզի ծիծաղելի կը թուին». Մանկասարեան այս տողերով ծիծաղելի կը գտնէր Յիսուս Քրիստոսի վերագրուած դրուագներն ու պատմութիւնները. մոգերը դէպի Յիսուսի ծննդավայրը առաջնորդող աստղը անոր կարծիքով՝ պարզապէս առասպել մըն է՝ պատմութիւն, որ դիւրութեամբ կարելի է տեսնել ու գտնել հեթանոսական պատմութիւններու մէջ եւս:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

Shell միջազգային նշանաւոր հեղուկ վառելանիւթի վաճառանիշը արդէն մուտք գործած է Հայաստան։ Վերջին օրերուն հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Shell-ի Հայաստանի մասնաճիւղը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին առաջին օրը տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն խօսակցութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

Երեւան եւ Պաքու Ուաշինկթընի բանակցութիւններով խորացուցին չլուծուած հարցերու շուրջ դիրքորոշումներու ըմբռնումը:
Ըստ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Հայաստան-Ատրպէյճան վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար դեռ կայ դժուար աշխատանք:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերջերս տեղի ունեցան արարողութիւններ, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին առթիւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

Մեր ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը համախոհաբար որոշած են թերթիս համար ակամայ սահմանել նոր սակագին մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօրուընէ սկսեալ կը վաճառուի 3 (երեք) թրքական լիրա փոխարժէքով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2022-2023 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած հանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ։

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023

«Կրթական համակարգը ուրիշ բնագաւառներու նման մաս կը կազմէ ընկերային կեանքի զարգացումներուն։ Ուստի, ժամանակի պահանջ կը դառնայ նոր ոճերու կիրարկումը»:
«Խնդիրը հայերէն սորվիլը չէ, հայերէնով սորվիլն է, հայերէնով բացատրելն է աշխարհն ու ինքզինքը։ Հայերէնով կազմուիլն է՝ որպէս անձնաւորութիւն։ Հայերէնով մասնակցիլն է աշխարհի թոհուբոհին»:

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023

Գնալը կղզիի մէջ այս ամրան եւս կեանքը աստիճանաբար կ՚աշխուժանայ։ Որքան որ ալ այս տարի Կազդուրման կայանը պիտի չբանայ իր դռները՝ համայնքային կեանքի սիրտը կը տրոփէ Գնալը կղզիի մէջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023

Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի պարտէզին մէջ երկու փուլերէ բաղկացեալ հրաժեշտի ծրագիր մը նախատեսուած էր տղոց համար։

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023

Իսլամական աշխարհի Քուրպանի տօնին առթիւ Թուրքիա արդէն մտած է արձակուրդի։ Իննօրեայ պաշտօնական արձակուրդի պայմաններուն ներքեւ թրքահայ համայնքային կեանքն ալ կանգ առած է գրեթէ ամբողջութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ չորսուկէս միլիոն հայկական դրամ ուղղուած է ծրագրի մը, ըստ որու պէտք է աշխատանքներ տարուին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու համար Հայաստանի Տիրինկատար լերան վրայ գտնուող վիշապաքարերը կամ ինչպէս յաճախ կ՚անուանուին ատոնք՝ վիշապները:

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Հալէպի իւրայատկութիւնը հայութեան համար մեծ էր նոյնինքն Մեծն Տիգրան թագաւորի շրջանէն, ուրիշ փոքրամասնութիւններու ալ առկայութիւնը նոյն քաղաքին մէջ միջազգագրական երանգ տուած էր քաղաքին: Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսի մէջ նոյնպէս շուրջ 10 հազար հայեր բնակութիւն հաստատած էին, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովին վրայ գնտուող Լաթաքիա քաղաքը:

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Մարդ պէ՞տք է ուշադրութիւն դարձնէ իր քալած ճանապարհին:
Պատասխան.
Անշուշտ որ մարդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր քալած ճանապարհին, յատկապէս այս օրերուն, երբ տեղեկատուական աշխարհը՝ համացանցով վահանուած այսպէս կամ այնպէս իր համատարած տիրակալութիւնը պարտադրած է մարդկութեան վրայ:

Էջեր