Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց նախկին երեսփոխան, իրաւաբան Սելինա Տողանը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս երկուշաբթի Պրիւքսէլի մէջ պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին։
Երեւան եւ Պաքու երէկ երկար ժամանակ վերջ կարողացան միասնաբար դրական քայլ մը առնել, ինչ որ խաղաղութեան գործընթացին տեսակէտէ լաւատեսութիւն կը ստեղծէ։
Փութինի եւ Ռայիսիի մօտեցումները կրնան պայմանաւորել Հարաւային Կովկասի տեսանելի ապագան:
Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահները արժեւորեցին տարածաշրջանային ու միջազգային նուրբ իրադարձութիւնները:
«Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ անլուծելի խնդիր մը գոյութիւն չունի։ Եգէականը վերածենք խաղաղութեան եւ համագործակցութեան ծովու»:
Անգարայի եւ Աթէնքի ղեկավարութիւնները որդեգրած են երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 10 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնելու նպատակը:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը վերընտրուեցաւ իր պաշտօնին՝ երէկ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն ներս տեղի ունեցած ընտրութեամբ։ Այսպէս, առցանց քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի նոր կազմը։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան կոչուեցաւ նոր ու կարեւոր պաշտօնի մը։ Այսպէս, ան Եթովպիոյ Դաշնակցային Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի վարիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ձեռամբ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներէ յետոյ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հերման Կիւրճեանի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ալասքայի Ուիթիէր քաղաքի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը կ՚ապրի բազմաբնակարան շէնքի մը մէջ...
Շէնքը կը կոչուի «Begich Towers» եւ կը բաղկանայ 14 յարկանի բազմաբնակարան համալիրէ, ուր կ՚ապրին քաղաքի բնակիչներու մօտաւորապէս 90 տոկոսը (քաղաքի ընդհանուր բնակչութիւնն է՝ 272):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոր Օրէնքը կամ Աւետարանական Օրէնքը բնական եւ յայտնեալ Աստուածային Օրէնքին կատարելութիւնն է այս աշխարհիս վրայ։ Ան գո՛րծն է Քրիստոսի եւ կ՚արտայայտուի յատկապէս Լերան Քարոզին մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սեռական առողջ յարաբերութիւնը վճռորոշ դեր կը խաղայ ամուսնական կեանքի բարեկեցութեան պահպանման գործին մէջ, որովհետեւ այդ մէկը մարմնական «գործողութիւն»ներէ դուրս գալով կ՚ընդգրկէ յուզում, հոգեբանական ապրումներ, ինչ որ սիրահարներու միջեւ սէրն ու կապուածութիւնը կ՚ամրապնդէ:
Կողմերը կը ձգտին փոխադարձաբար ամրապնդել քաղաքական վստահութիւնը:
Եւրոպական Միութիւն-Չինաստան գագաթաժողովը՝ կարեւոր բանակցութիւններու թատերաբեմ:
Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին որոշ ժամանակ առաջ նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր։ Ուստի, այսօր, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ձեռամբ, կը կատարուի եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։
Տուպայի մէջ կ՚ընթանայ COP28 գագաթաժողովը։ ՄԱԿ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը պահէ կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրը։ Այս հարցին հետեւանքները երկրագունդի եւ համայն մարդկութեան տեսակէտէ արդէն աղէտի հեռանկարներ ուրուագծած են։
Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Նիլաշի Սահա Սինհա յայտարարեց, որ իր երկիրը Հայաստանի համար պիտի դիւրացնէ Ճապահար նաւահանգիստի օգտագործման հնարաւորութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ դրամական աջակցութեան ծրագիր յառաջ տանիլ՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու համար։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կ՚իրականացնէ դրամական աջակցութեան ծրագիր՝ 19 սեպտեմբեր 2023 թուականին, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով բռնի տեղահանուած, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ բնակութիւն հաստատած արցախցի այն ընտանիքներուն, որոնք ունին չորս եւ աւելի անչափահաս երեխայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր մանրակրկիտ եւ արհեստավարժ կերպով կը մշակուէր պոլսահայ անուանի ջութակահար, դաշնակահար, երգեհոնահար, երաժշտահան, խմբավար, հասարակական գործիչ Յարութիւն Սինանեանի արխիւը: